ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ճիշդ է որ Պօղոս Սնապեան նման խորագիրով հատոր մը ունի, սակայն այս գրութիւնը աւելի շատ իր զարգացուցած գրականութեան ու ոճին կը վերաբերի, որ հիմնականօրէն տպաւորութեան մը, մտածումի մը, խռովքի մը կամ հակազդեցութենէ մը սկիզբ կ՛առնէ:
Սնապեան «Յեղափոխութեան Համար» իր երկրորդ հատորով ըմբոստ, յեղափոխական մարդու դիմապատկեր մը կը ստեղծէր իրեն համար: Ան, ինքզինք բնորոշող մէկ բառով գեհենական մըն էր, որ կ՛ընդվզէր շրջապատի իրականութեան դէմ, յատկապէս՝ երէցներուն: Գրութիւնները՝ «Անառակ Հայրը», «Գեհենականները», «Արտաշէսները Դուրս», «Յեղափոխութեան Համար» բոլորն ալ կը բխին նոյն դժգոհութենէն. մտածումի եւ ապրումներու պոռթկումներ են: Անառակ հայրը իսկապէս անառակ չէ, պարզապէս առիթ չէ տուած իր անկախութիւնը եւ յեղափոխական ոգին դրսեւորող տղուն ինքզինք ըլլալու եւ զայն հալածած է: Անառակ հօր մեղանչումներուն ընդմէջէն արձակագիրը կ՛ըսէ այն, ինչը պիտի ուզէին ըսել ու ընել հայրերը: Նոյն կեցուածքը կը տեսնենք «Արտաշէսները Դուրս»ին մէջ, ուր իր ընդվզող հերոսը կը պաշտպանէ Արտաւազդը՝ ընդդէմ Արտաշէսներու եւ առկայ կացութիւնը անփոփոխ պահելու միտող տիպարներուն: Այս մէկը գաղափարական կամ քաղաքական կեցուածքներու տեսակէտներէ չի բխիր անպայման, որովհետեւ Սնապեան եւ իր շրջապատը ընդհանրապէս նոյն գաղափարական-կուսակցական շրջապատին կը պատկանին, այլ առաւելաբար նախորդ սերունդի կրաւորականութենէն ծնունդ կ՛առնէ: Ասոր համար իր գեհենականը պիտի ըսէ. «Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Որովհետեւ մենք տեսանք, որ ուսուցիչ չէին ուզեր մարդիկ, այլ իրենց գիտցածը ուրացողներ կը փնտռէին: Պատրաստուած մարդ չէին ուզեր, այլ կ՛ընտրէին պարտադրուելու ընդունակները միայն: Արժէքները կը հալածէին վերջապէս եւ ստուերներու տուն կու տային: Յաջողած էին վերջին հաշուով ասպարէզը ձախողածներու եւ ստրուկներու կալուածի մը վերածելու իրենց տխուր մտադրումին մէջ: Ասոր համար, վարժապետներ մենք տեսանք, որոնք սերունդներ ամբողջ վարակեր էին կրաւորականութեան ախտով»: Գեհենական այս երիտասարդը յաճախ տառապանքէ զատ ոչինչ տեսած է կեանքէն, նիւթական դժուար պայմաններու տակ կ՛ապրի, իր գեղեցիկ սկզբունքներուն համար կը հալածուի, եւ հարազատ, միմիայն իրեն նման քանի մը գեհենականի կը վստահի, որովհետեւ յաճախ դաւադրութեան զոհ գացած է իրեն հետ ճամբայ ելած տղոցմէ:
Հատորի եօթը գրութիւններէն միայն երկուքը պատմողական նկարագիր ունին. առաջինը «Անձիս Սատանայացումն Է», որ կապ ունի փորձառութեան հետ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց դպրոցի, ուր առաջին օրերուն յայտարարած է իր Դաշնակցութեան հանդէպ համակրանքը եւ ուսուցիչի մը եւ կարգ մը անձերու կողմէ հալածանքի ենթարկուած, իսկ միւսը «Վերջին Դասը»ն է, նոյպէս աղերս ունի օրերուն հետ Ժառանգաւորացի, ուր Յակոբ Օշականի հետ իր փորձառութիւնը կը գտնենք եւ Օշականի մահուան գոյժին ցնցիչ ազդեցութիւնը:
Ճիշդ է որ «Կորստական Թոյներ»ը լոյս կը տեսնէ 1970ին, «Ես Այդ Շունն Եմ» հատորէն ետք, սակայն հատորը կազմող գրութիւնները լոյս տեսած են 1962ին հրատարակուող «Բագին» ամսագիրի առաջին տարիներու թիւերուն մէջ, այսինքն՝ վեցէն եօթը տարի անցած է երկրորդ հատորէն: Սոյն գրութիւններուն ստեղծումը յաճախ կը զուգադիպի Սնապեանի՝ Ֆրանսա, գլխաւորաբար Փարիզ՝ իբրեւ ազատ ուսանող կեցութեան շրջանին, նաեւ՝ Թուրքիա, Պուլկարիա, Եուկոսլաւիա, Աւստրիա եւ Գերմանիա կատարած շրջապտոյտի մը: «Բագին» ամսագիրը, իր երկրորդ թիւին մէջ, երբ «Ծաղիկներ»ը կը հրատարակէ, վերոգրեալ ճամբորդութեան մասին տեղեկացնելէ ետք՝ հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «իր տպաւորութիւններէն կազմած է շարք մը գրութիւններ, որոնց մաս կը կազմեն հետեւեալ էջերը։ «Բագին»ի մէջ յաջորդաբար պիտի տանք նոյն շարքին մաս կազմող «Հողը», «Ծովը», «Լեռը», «Կռունկը» եւ անջատ խորագիրներ կրող ուրիշ գրութիւններ։
Այստեղ բնորոշ բառը «տպաւորութիւններ»ն են, որովհետեւ ճիշդ է որ տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ տողեր կային «Յեղափոխութեան Համար»ին մէջ, սակայն աւելի շատ կային խորհրդածութիւններ, մենախօսութիւններ, ըմբոստութեան պոռթկումներ եւ ինչպէս նշեցի՝ պատմողական էջեր: Այստեղ աւելի սեղմ էջերու մէջ, աւելի թելադրական ձեւով մտածում մը, հոգեվիճակ մը, ապրում մը, հակազդեցութիւն մը կամ ընդվզում մը կը փոխանցուի: Կարծէք Սնապեան գտած է դրսեւորումի այն տարազը, զոր նախորդ հատորին մէջ կը փնտռէր: «Ծաղիկներ»ը Քրիստափորի գերեզմանին վրայ տեսած ծաղիկներուն համար՝ յուզումի եւ խորհրդածութեան ալիքներով կ՛ողողուի, թէ ո՛վ համարձակած է այդ խորհրդայնացած, բռնակալական երկրին մէջ ծաղիկներ զետեղել յեղափոխական մեծ քուրմի գերեզմանին: Պոլսոյ մէջ սկիզբը պիտի խանդավառուի՝ անցնելով Սկիւտարէն Բերա, Պանք Օթոմանէն, Պապ էլ Ալիէն, Մարմարայէն, այսինքն՝ այն բոլոր վայրերէն, ուրկէ անցած են Զօհրապ, Զարդարեան, Վարուժան, Տէմիրճեան, Դուրեան եւ արեւմտահայ գրականութեան բոլոր միւս մեծերը, սակայն «Ալլա՜հ էքպէր»ի հնչիւնը այնտեղ իր տրամադրութիւնները կը թունաւորէ: Հակազդեցութիւնը բուռն է, եւ համատարած այս թրքութեան մէջ կը խորհրդածէ. «Ասո՞նք էին, կ՛ըսեմ գեհենական աղօթքս շարունակելով, ասո՞նք, ա՞յս մարդերը, այս մարդոց հայրե՞րն էին, որ յօշոտեցին անմեղ ու անպաշտպան մեր ժողովուրդը: Մեռեալ աչքերով մեզի նայող այս տղուն հա՞յրն էր, որ փշրեց Զօհրապի գանկը: Երկու ոսկոր ու կտոր մը դեղին կաշի այս ծերունի՞ն էր, որ քրքջաց մեր հեթանոս ու արու քնարահարին երկարատեւ հոգեվարքին ի տես»:
Այսպէս, ան կը փոթորկի գետին ինկած, ճմռթկուած սպիտակ թուղթին համար, «եանա եանա» կ՛այրի Սայաթ Նովայի բառերէն ու երաժշտութենէն եկած հրեղէն ալիքով, իր ամէնէն աւելի պէտք ունեցած պահուն կը գտնէ մեր սիրելի կռունկը, այսինքն՝ հայութիւնը կազմաւորող ու բնորոշող գլխաւոր արժէքները հոս կը գտնուին, ինչպէս նաեւ գիրին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը: Սակայն նախորդ հատորներէն տրամադրութիւններ կան տակաւին, յաճախ նախկին դժուար փորձառութիւններ կասկածներու տեղի կու տան: «Ծառին Առջեւ» գրութիւնը կը սկսի այսպէս. «Մռայլ բան մը կը հետեւի ինծի օրերէ ի վեր: Մէկը դարձեա՞լ վատութիւն մը սկսած է բուծանել արդեօք: Անյայտ պատճառներէ եկած վիշտ մը կը կրծէ զիս: Ի՞նչ դաւ է արդեօք, որ կը նիւթուի կրկին: Պղտոր ալեկոծութիւն մը կը զգամ երակներուս: Ո՞վ սկսած է թոյն պատրաստել նորէն»:
Այս գործը նաեւ առիթ է հեղինակին համար ինքնիր դիմանկարը ծանօթացնելու, յստակացնելու եւ ամբողջացնելու: «Արեւը» գրութեան մէջ կը տեսնենք, որ փոքրիկը կը փորձէ լեռ բարձրանալ՝ արեւը գրկելու համար, ինչ որ իր մայրը կ՛անհանգստացնէ, որովհետեւ «Մօրս պապենական արեան մէջ խենթութեան երակ մը ստուգուած էր: Անոնք գիւղին տուած էին վաւերական չորս-հինգ խենթեր: Անոնցմէ փոխանցուած ժառանգութեան մը կասկածը տիրական էր ալեկոծ մանկութեանս ծանօթ բոլոր մարդոց մօտ»: «Տունը» գործին մէջ թուելէ ետք ծննդավայրէն սկսեալ բնակած բոլոր տուները, կը տեսնենք որ անհանգիստ կը զգայ Անթիլիասի մէջ ծովահայեաց գեղեցիկ տան մէջ բնակելու, որ աւելի քաղքենի ճաշակի մը կը յարմարի, քան իր Պուրճ Համուտի սենեակին, ուր իր զեղումները, տենդերը, յուզումները, պոռթկումներն ու դառնութիւնները արձանագրած է: Կ՛աւելցնէ. «Իմ երեք մոլութիւններուս յագուրդ տուո՜ղ տուն, գրամոլութեան, կնամոլութեան, խաղամոլութեան կենսատու եւ կորստաբեր կայք»: Ինչպէս կը տեսնենք, սովորական արժէքներ չեն իր փնտռածները՝ սրբութիւններու կողքին հոն կորստական թոյներ կան, անսովորին հետեւելու մղում, որ ըմբոստի, գեհենականի դիմապատկերին հետ աւելի հաշտ կը մնայ, եւ ինք այս պատկերը կը փայփայէ:
Այս շարքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ «Պարը» այն իմաստով, որ գրութեան մէջ, անկախ տպաւորութիւններէ բխած զօրաւոր ապրումներուն՝ պատումը յստակ է եւ դասական պատմուածքի տարրեր կարելի է տեսնել այնտեղ, ինչպէս հանգոյց մը՝ Մուսա լերան հայութեան երկրորդ հեռացումը իր բնաշխարհէն, գործողութեան զարգացում՝ մինչեւ ծովափնեայ անտառակին մէջ գաղթականներու հաստատումը եւ անոնց վիճակը. գագագաթնակէտը, որ ժողովուրդին ըմբոստ շուրջպարն է՝ ընդդէմ Աստուծոյ, ճակատագիրին ու տարերքին, եւ լուծումը, որ հաւաքական փորձառութենէն իր սորված դասն է՝ դիմանալու կեանքի ամենադժուար պահերուն եւ փորձութիւններուն: Փաստօրէն գրութիւնը իր ամբողջութեան մէջ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը զարգանայ եւ պատմողին կը սորվեցնէ, թէ այդ ահաւոր կացութեան մէջ իր հաւաքական պարով ժողովուրդը կրցաւ գտնել իր ներքին ուժը եւ գոյատեւել, ինք եւս կրնայ յաղթահարել իր դիմագրաւած խնդիրները, այսպէս՝ կեանքի ամենադժուար պահերուն, միտքով կը փոխադրուի այդ պահը, դարձեալ կը լսէ թմբուկին ձայնը՝ կը պարէ բոլորին հետ, ներքնապէս կը զօրանայ եւ գիտէ որ այդ փորձութենէն եւս դուրս պիտի գայ: Պատումի ձեւով նման գրութիւններու կը հանդիպինք «Աղքատներու Աւանդութիւնը» հատորին մէջ, ինչպէս «Գիշերային Մահազանգ»ը կամ «Ախոռին Մէջ»ը, որոնք նոյնպէս Մուսա լեռէն հեռանալուն կամ Այնճար հաստատուելուն հետ կապ ունին: Ամէն պարագայի, զուտ պատումի-պատմուածքի յղացքին մօտեցող գրութիւնները սովորաբար անձնական փորձառութիւններու վրայ հիմնուած են եւ այդ պատճառաւ տուեալ հատորին մէջ ամփոփուած:
Տպաւորութիւններու հէնքով կազմուած այս գրականութիւնը շատ աւելի խորունկ շնչառութեան վրայ կը ժայթքի եւ մտածումներու, խոստովանութեան եւ հաստատումներու շուրջ հարիւր էջնոց դրսեւորում կը դառնայ «Ես Այդ Շունն Եմ» հատորին մէջ: Մեկնակէտը օրաթերթային կարճ գրութիւն մըն է. գաղթականութենէ ետք՝ Ֆրանսա ապաստանած տղոցմէ երկուքը Ալպիական լեռներու ստորոտին, երբ հայերէն կը զրուցեն ու բարձրաձայն կ՛երգեն, գամփռ մը զիրենք իր անհանգիստ շարժումներով կ՛առաջնորդէ հոն հաստատուած հայու մը տունը, բնազդաբար զգալով իր տիրոջ եւ այս երիտասարդներուն լեզուին ու երգին նմանութիւնը: Այսպէս, Սնապեան կը դառնայ իր երկրի ու ժողովուրդի ամենասրբազան ապրումներուն եւ իղձերուն ունկնդիր շունը: Անշուշտ գաղափարախօսական զօրաւոր շերտ մը կայ գրութեան մէջ, սակայն այդ մէկը տարբեր քննարկումի նիւթ է եւ պէտք է դիտուի վաթսունական թուականներու ազգային իրականութեան շրջագիծին մէջ: Կենսականը Սնապեանի համար հաւատարմութիւնն է լեզուին, ազատութեան, ազգային արժէքներուն ու սրբութիւններուն, որոնց համար պատրաստ է պայքարելու ի գին ամէն զոհողութեան: Փաստօրէն, եթէ պահ մը մոռնանք իր առաջին գործը՝ «Ժամանակ Չկայ», որ վիպագրական ու օրագրային սեռերուն միջեւ տատանող փորձ մըն է, այս երեք հատորներուն մէջ, տասնամեակի մը վրայ երկարող փնտռտուքներէ ետք, Սնապեան կը գտնէ իր ձայնը, տպաւորութիւններու հէնքով իր ապրումները, մտածումները, խռովքները եւ ընդվզումները արտայայտող իր գրականութեան ինքնուրոյն ձեւն ու ոճը, իր գրական դիմագիծը: