Մարտ 2-ին Սթրազպուրկի Սուրբ Մատլէն կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Վաչէ քահանայ Հայրապետեանի կողմէ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած 1988թ-ի փետրուարին Սումկայիթեան ջարդերու զոհերու յիշատակին:
Ելոյթի խօսքով հանդէս եկաւ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան, որ մասնաւորապէս նշեց, որ 26 տարի առաջ Սումկայիթի հայ բնակիչները դարձան ցեղապաշտութեամբ եւ հայատեացութեամբ բորբոքած ոճրագործութեան զոհեր: Այս դէպքերով սկիզբ դրուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու այն տխրահռչակ քաղաքականութեան, որ 90թ.-ին բերաւ Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած խաղաղ հայ բնակչութեան ջարդերուն: Դեսպան Պապիկեան աւելցուց, որ կատարուած ոճիրները մինչեւ այսօր չեն ստացած համարժէք գնահատականներ, որու հետեւանքով է նաեւ, որ ի յայտ եկաւ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան հերթական անփառունակ դրսեւորումը` մարդասպան Սաֆարովի հերոսացումը Ատրպէյճանի մէջ: «Առաջադէմ մարդկութիւնը, բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, այդ թւում` Եւրոպայի խորհուրդն իրենց խիստ անհամաձայնութիւնն ու մտահոգութիւնն են յայտնել այս դէպքի առնչութեամբ: Այսօր մեր առջեւ ծառացած խնդիրներից է միջազգային հանրութեանը ճիշտ ներկայացնել հայ ժողովրդի պատմութեան այս եւ այլ ողբերգական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հակազդել պատմական փաստերի խեղաթիւրմանը»,- իր խօսքը եզրափակեց Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներակայացուցիչը` կարեւոր համարելով նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համախմբուածութիւնը համազգային խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: