Մարտ 2-ին Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի մշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած երեկոյ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Փեթերսպուրկի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, որ, անդրադառնալով Սումկայիթի ոճրագործութիւններուն, դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ շեշտեց, որ մարդկութեան դէմ գործած նմանօրինակ յանցագործութիւնները պէտք է իրենց արժանի գնահատականը ստանան համայն մարդկութեան կողմէ:
Նոյն օրը առաւօտեան Սբ. Կատարինէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սումկայիթեան ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած Պատարագ, որու աւարտէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:
Յիշատակի ձեռնարկներուն մասնակցեցան Ս. Փեթերսպուրկի բարձրագոյն զինուորական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող հայ սպաներ եւ ունկնդիրներ, հոգեւոր հայրեր ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ,- այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: