Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Tele Liban հեռատեսիլի կայանի տնօրէնութիւնը որոշած է սփռել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին եւ «Անդրանիկ» փողերախումբին ելոյթները:
– Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի կէսօրուան ժամը՝ 1.20-ին,Մայիս 2017-ի, Էմիլ Լահուտի անուան «Համագումարներու Պալատ»ին մէջ «Արին Պարախումբի ելոյթը:
– Նոյն օրը՝ Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը՝ 8.30-ին, «Արին» պարախումբի նախորդ տարիներէն ելոյթ մը:
– Շաբաթ, 6 Յունուար 2018, կէսօրէ ետք, ժամը՝ 3.15-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբի, Հինգշաբթի, 4 Յունուար 2018-ին, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի «Նեպիլ Քահալէ» սրահին մէջ ունենալիք ելոյթը: