Տիգրանակերտի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կը պատրաստուի դռնբացէքի եւ օծումի արարողութիւններով պաշտամունքի վերաբացուելու։ Տխուր է Ամիտայի (շրջանին քրտական անունը) պատմական այս եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա երկար տարիներ լքեալ վիճակի մէջ խոնարհած էր եւ ապա մեծ ջանքերով վերակենդանացած էր։ Եկեղեցւոյ վերաբացումով, բազմաթիւ ծպտեալ հայեր համարձակութիւն գտած էին իրենց բուն ինքնութիւնը հրապարակելու եւ եկեղեցւոյ ծուխը դարձած էին։ Ափսոս, որ կարճատեւ եղաւ այդ ուրախ տրամադրութիւնը եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2015ի ընտրութիւններուն մեծ նահանջ մը ապրելէ ետք փոխեց իր վարած հաշտեցման քաղաքականութիւնը եւ պատերազմ հրահրեց երկրի հարաւ-արեւելեան նահանգներուն մէջ։
Եկեղեցին յայտնուեցաւ բախումներու կիզակէտին եւ ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Այսօր Սուրբ Կիրակոսի թաղականութիւնը կ՛աւետէ, թէ աւարտած նորոգութեան աշխատութիւններուն շնորհիւ, եկեղեցին պատրաստ է վերաբացման եւ անհամբեր կը սպասէ ուխտաւորներու զանգուածային ներկայութիւնը։
«ԱԿՕՍ»