ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Ըստ ”Վարք Սրբոցի”՝ հայաստանեայց սուրբ գրոց գիրքերէն մին, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը զուգադիպի Յովնան Մարգարէի կետի որովայնին մէջ մնալուն, երեք օր՝
անօթի ու ծառաւ, մինչեւ որ կենդանին զինք դուրս կը նետէ՝ Աստուծոյ միջնորդութեամբ։ Այդ պատճառով, մեր համեստ ու փափկասուն օրիորդները երեք օր ծոմապահութիւն կ’ընեն, այն համոզումով, որ այդ կերպով անոնք պատուած կ’ըլլան Սուրբ Սարգիսը, որ ան, համապատասխան իրենց անմեղ ու բարեպաշտ վարմունքին, իրենց շնորհէ տեսնել իրենց ապագացու ամուսինը կամ օժանդակէ տիրանալու փեսայի մը, շատ մօտիկ ապագային։
Այսօր, ես պիտի չ’ընեմ կենսագրականը մեծ Սուրբին, որովհետեւ զայն կարելի է գտնել ”Վարք Սրբոցի” մէջ, մեր սուրբ հայրապետներու պատմած ձեւով։ Ես պիտի խօսիմ այն Սուրբ Սարգիսին մասին, զոր մեծ ժողովրդականութիւն վաստկած է հայութեան մօտ և գրաւած սիրտը հայ օրիորդներուն՝ իր շնորհատուի հանգամանքով։ Ռամիկ աշխարհական հայը Ռոմանթիք տիպարի մը հանգամանքը տուած է անոր, զայն վերածելով առասպելական կերպարի մը։ Ըստ հայ ժողովուրդի հայեցողութեան, Սուրբ Սարգիս Զօրաւարը քաջ ու խիզախ մարտիկ մըն էր՝ գեղադէմ ու վայելուչ։
Օր մը, պատերազմի մը ընթացքին, յոյները նեղ կացութեան մատնուած ըլլալով կը հարկադրուին հայերէն օգնութիւն խնդրել։ Փոխանակ մեծ զօրագունդ մը ուղարկելու՝ հայոց թագաւորը կ’ընտրէ քառասուն հայ կտրիճներ և կ’ուղարկէ զանոնք յոյներուն օգնութեան։ Յունաց թագաւորը շատ կը զայրանայ երբ կը տեսնէ հայկական փոքրիկ գունդը և, չափազանց նուաստացած զգալով, կ’ուզէ բնաջինջ ընել զանոնք։ Ուստի զանոնք կ’ուղարկէ այնպիսի տեղ մը, ուր կռիւը կատաղի էր։ Փոխանակ ընկրկելու՝ հայ քաջարի մարտիկները կը նետուին յառաջ և մահացու հարուած մը
տալով թշնամիին, զայն ետ կը մղեն։ Յոյները կը յաղթանակեն. սակայն յունաց թագաւորը բնաւ գոհ չի մնար կատարուածէն և հայոց գունդը կը նկատէ իբր մեծ վտանք յոյներուն։ Ան ա՛յսպէս կը մտածէ. «Եթէ քառասուն հայ զինուոր այսքա՜ն լաւ կը կռուին, ուրեմն եթէ անոնց թիւը շատանայ, անոնք որքա՜ն մեծ պատուհաս կրնան ըլլալ յոյներուն՝ ապագային…» Ուստի ան խորամանկութեան կը դիմէ՝ անոնցմէ ձերբազատուելու համար։
Այդ գիշեր, յունաց թագաւորը խնջոյք մը կը սարգէ ի պատիւ իրենց տարած յաղթանակին և ա՛յդ յաղթանակը իրականութիւն դարցուցած հայ մարտիկներուն։ Ան, իւրաքանջիւր հայ զինուորին, կը նուիրէ պալատին մէջ գտնուող ամենագեղեցիկ մանկամարդուհիները, պատուիրելով անոնց գինիով ողողել զանոնք և, յետոյ, իսկոյն դաշիւնահարել՝ օգտուելով անոնց խոր քունէն։
Երբ մո՜ւթ խաւարը կը տիրէ յունաց պալատէն ներս ու ամէն ոք խո՜ր քունի կ’անցնի՝ կերուխումէն յղփացած, այդ գեղեցկուհիները կը վերածուին մէկական արիւնարբու վհուկներու, որոնք կէտ առ կէտ կը կատարեն իրենց վստահուած թագուն ու քստմնելի պարտականութիւնը. ի բաց առեալ չքնաղ ու ազնուազարմ օրիորդէ մը, որ հմայուած կը դիտէր Սուրբ Սարգիսի դէմքը՝ չկարենալով սպաննել զայն։ և անկարող ուրիշ ելք մը գտնելու, ան կ’սկսի սուսիկ փուսիկ արտասուել՝ զարհուրած իր կատարելիք արարքէն։ և ապա արցունքի կաթիլ մը կ’իյնայ Զօրաւարին դէմքին վրայ… և ան կը զարթնու ու ապշած կը դիտէ աղջկան դէմքը։ Անմիջապէս կը նկատէ, որ ան իր ձեռքին մէջ սեղմած ունի սուր դաշոյն մը։ Առանց վարանելու, ան կը խլէ զայն մեծ զգուշութեամբ և յետոյ հարցական նայուածք մը կը նետէ աղջկան գեղեցիկ դէմքին։ Բարեսիրտ օրիորդը մէկ անգամէն կը բղձկայ, այլեւս չկարենալով գսպել իր վիշտը։ Բարեգութ Զօրաւարը տակաւ առ տակաւ կ’իմանայ ազնուասիրտ օրիորդին պատմութիւնը ու անմիջապէս յետոյ գործի կը լծուի նեղ կացութենէն փրկուելու համար։Ակնթարթի մը մէջ, ան կը թամբէ իր ձին և, նստեցնելէ ետք աղջիկը իր ետին, քարասմբակ կ’արշաւէ դէպի քաղաքի պարիսպին մեծ դուռը։ Զայն փակ գտնալով, ան ուժգին կը գոռայ.
– Ճաթի՛ր, ով Դուռ…
և ահա՛ դուռը մէջտեղէն կը ճեղքուի ու ճամբայ կը բանայ իրենց։ Ակնթարթով մը ան կը խթանէ ձին ու կը նետուի յառաջ։ Մէկ ոստումով ան կ’անցնի ջրով լեցուն խրամը և կ’ուղղուի դէպի Հայոց Աշխարհ։
Սակայն հազիւ պրծած, անոնք կը նշմարէն, որ յոյն զինուորներէ բաղկացած գունդ մը արդէն զիրենք կը հալածէ մոլեգնօրէն։ Բաւական յառաջանալէ ետք, բաց դաշտի մը մէջ՝ Կեսարիոյ մօտերը, Սուրբ Սարգիսի ձին կ’սկսի դանդաղիլ՝ յոգնութենէն։ Սուրբը կ’ստիպուի վար իջնել ձիէն և դէմ դնել զինք յօշոտել ուզող նենգամիտ յոյներուն։
Ահեղ ճակատամարտ մը տեղի կ’ունենայ, բայց ի վերջոյ թշնամին կը հասնի իր նպատակին. և մեր Սուրբը, ա՛յո մեր Սուրբ Սարգիս Զօրաւարը և շնորհազարդ օրիորդը կը նահատակուին հոն։
Ահա այսպէս կը վերջանայ Սուրբ Սարգիսի պատմութիւնը. բայց հայ ժողովուրդը չի՛ մոռնար այն վատութիւնը, զոր յոյները գործեցին։
Օր մը, մի քանի հայ երիտասարդներ յոյն մը կը բռնեն ու կ’ստիպեն զինք, որ երեք օր ծոմ պահէ ի յարգանս Սուրբ Սարգիսին։ Զինք կ’իջեցնեն չոր հորի մը մէջ, առանց ուտելու պաշար տալու իրեն։ Երեք օր ետք, երբ զինք դուրս կը հանեն ջրհորէն, կը նկատեն, որ ան իր տրեխին գարշապարէն մաս մը կերեր է, որպէսզի ծոմը աւրէ։ Իր այս արարքով ան ցոյց տուած կ’ըլլայ յոյներուն հակակրանքը Սուրբ Սարգիսին նկատմամբ։ Ճիշտ այս պատճառով, հայերը կ’ըսեն.
– Շունի մորթէն կարելի չէ ”բոստիկ” շինել,
Ո՜չ ալ յոյնէն բարեկամութիւն ակնկալել։