ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը 12 Մայիսի առաւօտեան ռմբակոծեց Ճըսր Շուղուրի արեւմուտքը գտնուող Պտամա գիւղին մէջ հաստատուած ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութեան շարք մը կեդրոններ: Բանակի հրետանին ռմբակոծեց նաեւ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Հաս, Հայշ եւ Քաֆար Սաճնէ գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալներուն դիրքերը:
Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական բանակը քանդեց «Ճապհաթ Նուսրա»ի կարգ մը կեդրոններ եւ պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ՝ աւելցնելով, որ սուրիական բանակը նաեւ ազատագրեց Համայի հիւսիս-արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ճամազիա, Պապ Թաքա եւ Մուսթարիհա գիւղերը: