Սուրիահայ լուսանկարիչ Վահէ Շահինեանի անհատական ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նախապատերազմեան Սուրիան՝ իբրեւ ծաղկուն, բարեբեր երկիր, ուր ուրոյն տեղ ունէր հայ համայնքը:
Պատերազմի սարսափը 57-ամեայ լուսանկարիչին ստիպած է ընտանիքին հետ հեռանալու իր ծննդավայր Դամասկոսէն:«Նկարել սկսած եմ ութ տարեկանէս սկսեալ: Սիրած եմ նկարել: Երբ չափահաս դարձայ, կը փափաքէի նկարչութիւնը վերածել սեփական արհեստս: Այդպէս ալ շարունակեցի». ըսաւ Վահէ Շահինեան:
Անդրադառնալով իր աշխատանքները Երեւանի մէջ ցուցադրելու նպատակին՝ լուսանկարիչը ըսաւ.« Նախ, շատ հաւանաբար տաս հազարէն աւելի սուրիահայեր կան այստեղ՝ Հայաստանի մէջ: Կը փափաքէի իրենց յիշողութիւնները, յուշերը արթնցնել: Նոյնպէս ալ կը փափաքէի, որ Հայաստանի մեր հայրենակիցները ծանօթանան՝ թէ ինչ կը խորհդանշէր ու կը ներկայացնէր Սուրիան: Սուրիան խաղաղութեան եւ համակեցութեան երկիր է, ոչ՝ պատերազմի»: ըսաւ ան:
Յուզմունքը խանգարեց Վահէ Շահինեանին շարունակելու խօսքը..: Այսուհանդերձ, քիչ մը ամփոփուելէ ետք, ըսաւ, թէ իր ծննդավայրին մէջ միայն համերաշխութիւն, փոխըմբռնում ու սէր տեսած էր: Սուրիան եղած էր տարբեր ազգութիւններու եւ համայնքներու համակեցութեան խորհրդանիշ: Իր սիրտը շատ կը ցաւէր, երբ կը յիշէր անցեալը…« Իսկ ներկայիս Սուրիան կրնամ ըսել յիսուն տարի ետ գնաց». յուզումնախառն ըսաւ Վահէ Շահինեան:
Ան նաեւ ըսաւ, որ ներկայիս կը սերտէ ընտանիքին հետ Հայաստան հաստատուելու կարելիութիւնները, որովհետեւ դժբախտաբար ներկայ պայմաններու տակ անհնար կը նկատէ Սուրիա վերադառնալու կարելիութիւնները:
Շահինեանի տուեալներով, Հալէպի մէջ հազիւ թէ մնացած ըլլան երեսուն հազար հայեր: Իսկ այն հարցումին՝ ինչո՞ւ չեն գար Հայաստան,ան պատասխանեց.« Ինչպէ՞ս գան, երբ երեք տարի շարունակ անգործ են, ո’չ նիւթական միջոցներ ունին, ո’չ այլ մէկ բան, ինչպէ՞ս ճամբորդեն, ինչո՞վ պիտի ճամբորդեն: Ոչ տունը կրնան ծախել, ոչ՝ խանութը..»:
Նշենք, թէ Վահէ Շահինեանի ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարները կը վաճառուին եւ ստացուած հասոյթը, անոր փափաքով կը փոխանցուի Հ.Բ.Ը.Մ-ին, որպէսզի տրամադրէ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն: