ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ԲԱԽՈՒՄԻ ՄԸ ԱՌԱՋՔԸ ԱՌՆԵԼ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Սուրիական կառավարութեան եւ քիւրտերու ղեկավարած Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ, 13 Հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան եւ 14 Հոկտեմբերին սուրիական բանակը մուտք գործեց Հասաքէ ու Գամիշլի, այնտեղէն՝ Թալ Թամըր շրջանը (Ռաս Ուլ Այնի արեւելքը), ինչպէս նաեւ Մընպեճ եւ Արաբունար շրջանները: «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը մտաւ եւ Սուրիոյ դրօշակները բարձրացուց նաեւ Ռաքքայի կարգ մը գիւղերու եւ շրջաններու մէջ:
Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը այսպիսով արգելք պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ սուրիական շրջաններ թափանցումին: Քրտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենց եւ սուրիական բանակին միջեւ ամբողջական համադրում կատարելու համաձայնութիւնը արդէն սկսած է գործադրուիլ գետնի վրայ՝ ռուսական երաշխաւորութեամբ:
Իր կարգին, Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ յայտարարեց, թէ Մոսկուա իր կարելին պիտի ընէ կանխելու համար Թուրքիա-Սուրիա բախում մը, նման հաւանականութիւն «անընդունելի» որակելով։
Մինչ այդ, ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութիւնները կը յուշեն, թէ կացութիւնը աւելիով պիտի սրի շրջանին մէջ՝ տեղի ունեցածը վտանգաւոր նկատելով:
Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց անդամ պետութիւններուն՝ Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի կասեցման հաստատ որոշում տալու, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն պահանջեց կասեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ իր ուժերը հեռացնել Սուրիոյ հիւսիսէն:
Եւրոպական Միութիւնը դատապարտեց թրքական գործողութիւնները՝ զանոնք նկատելով շրջանին համար իսկական սպառնալիք եւ հարուած անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու ջանքերը տապալող քայլ: Անիկա շեշտեց, որ այսպիսով կը կրկնապատկուի սուրիացի քաղաքայիններուն մղձաւանջը եւ տառապանքը, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններ կը ստեղծէ անոնց օժանդակութիւն մատակարարելու:
Նաեւ, թրքական յարձակումին արտօնութիւն տուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիտել տուաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերը հաւանաբար դիտմամբ ազատ կ՛արձակեն «Իսլամական պետութեան» անդամները, որպէսզի պարտադրեն Միացեալ Նահանգները՝ դարձեալ միջամտելու Սուրիոյ հարցերուն։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Դամասկոսի եւ քրտական խմբաւորումներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ սուրիական ուժերու տեղակայման գծով՝ յայտարարեց, որ Արաբունար շրջանին մէջ հարցեր պիտի չստեղծուին, որովհետեւ անոր ազատագրումէն ետք անոր «իսկական տէրերը» պիտի մտնեն շրջանը: Ան պնդեց, որ Ռուսիա դէմ չէ Թուրքիոյ՝ դէպի Արաբունար ռազմական գործողութիւններու ընդլայնման: Նոյն ժամանակ Էրտողան յայտարարեց, որ թրքական զօրքը Մընպեճ պիտի չմտնէ: «Ներկայիս շշուկները շատ են, բայց դեսպանատան միջոցով մենք գիտենք, որ Ռուսիա դրական մօտեցում ունի Արաբունարի հարցին գծով: Մենք բանակցութիւններ կը վարենք Ռուսիոյ հետ՝ ռազմական եւ դիւանագիտական մակարդակով: Մընպեճը դեռ մաքրուած չէ քրտական խմբաւորումներէն, ինչպէս խոստացած էր ընել Միացեալ Նահանգները, բայց Թուրքիան հոն մուտք պիտի չգործէ, այլ հոն պիտի մտնեն իրական տէրերը՝ արաբները, եւ մեր գործն է ապահովել անոնց ապահովութիւնը», նշեց Էրտողան:
Ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու՝ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն՝ Էրտողան յայտարարեց, որ անոնք, որոնք այդպէս կը մտածեն եւ կը կարծեն, թէ այսպիսով Թուրքիա կրնայ նահանջել, չարաչար կը սխալին:
Աւելի ուշ, Քրեմլինը դիտել տուաւ, որ տագնապին երկու կողմերը հրաւիրած է զգուշանալու կացութեան վատթարացումէն եւ քաղաքական հոլովոյթին վնասելէ: Ան հաստատեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա մնայուն կապի մէջ են բոլոր մարզերուն գծով, նաեւ՝ ռազմական:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ թրքական կողմին հետ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ ընդարձակելու ռազմական գործողութիւններու ծիրը: Ան նաեւ նշեց, թէ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող Քրտական ինքնակառավարման խորհուրդը անկարող է իր տիրապետութեան տակ եղող շրջաններու բնակիչները պաշտպանելու՝ ամերիկեան աջակցութիւնը կորսնցնելէ ետք:
Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ պապական նուիրակ Մարիօ Զինարի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը մարդկային մեծ աղէտ մըն է, որուն նմանը չէ պատահած Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր: Մինչ այդ, Ֆրանսիս պապը կոչ ուղղեց՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բախումները կասեցնելու եւ դիտել տուաւ, որ իր ուշադրութիւնը եւ մտածումները անգամ մը եւս կ՛ուղղուին դէպի Միջին Արեւելք, յատկապէս «սիրելի եւ տառապեալ Սուրիա»:
Պապը խօսեցաւ «Սուրիայէն հասնող ողբերգական լուրերուն մասին, յատկապէս հիւսիսային շրջանի բնակիչներուն վերաբերող, որոնք ստիպուած եղան ռազմական գործողութեան պատճառով լքել իրենց տուները եւ հեռանալ»՝ մատնանշելով, որ այդ ընտանիքներուն մէջ մեծաթիւ քրիստոնեաներ կան:
«Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսան աւելի մեծ ջանք պիտի ներդրէ՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները կասեցնելու համար:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան եւ ազգային ապահովութեան խորհուրդը, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախագահութեամբ՝ գումարեց նիստ մը, որմէ ետք նախագահական պալատը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ֆրանսա պիտի բազմացնէ իր դիւանագիտական ջանքերը՝ իբրեւ առաջնահերթութիւն ունենալով կանխարգիլել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան վերադարձը: Ֆրանսա մտահոգութիւն յայտնեց, որ բանտերը գտնուող ահաբեկիչներուն փախուստը մեծ վտանգ պիտի հանդիսանայ բոլորին համար:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ քայլերու պիտի դիմուի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ֆրանսացի զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական անմիջական ծրագիրներ պիտի որդեգրուին: Աւարտին, անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ Ֆրանսա խստօրէն կը դատապարտէ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ շղթայազերծած յարձակումները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Մաքրոն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները կրնան ողբերգական հետեւանքներ ունենալ, շրջանին մէջ իսլամ ծայրայեղականներու ազդեցութիւնը վերականգնել եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ իրավիճակը ապակայունացնել:
Վերջապէս, բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը, վերլուծելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները՝ կը գրէ. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յաջողեցաւ ընել այն, ինչը շատեր ձախողեցան ընել: Արդարեւ, ան բոլոր պետութիւնները եւ ուժերը համախմբեց իրեն դէմ՝ անխոհեմ իր քայլով, որ ամբողջ շրջանի կայունութեան հարուած կը հասցնէ»:
Ըստ թերթին՝ ինքզինք ուժեղ կարծող Էրտողան, որ տարբեր առիթներով յայտարարած է, թէ աշխարհի դէմ առանձին կրնայ կանգնիլ, ներկայիս իսկապէս մինակ է իր այս գործողութեամբ: