Յակոբ Միքայէլեան
Սուրիացիին համար Լիբանանը այնքան հարազատ է, որքան եղբայրներ հարազատ կ՛ըլլան, իրարու ուրախութեւմբ կ՛ուրախնան եւ իրարու ցաւով կը ցաւին, այն աստիճան, որ երկու երկիրներն ալ, երկար տասնամեակներ փոխադարձ դեսպանատուներ չունէին: Այսպէս եղած է միշտ. չկայ սուրիացի մը, մասնաւորաբար սուրիահայ մը, որ հարազատ մը, ընկեր մը, բարեկամ մը չունենայ Լիբանանի մէջ:
Սակայն, եղբայրակցութիւնը ուրիշ բան է, քաղաքականութիւնը՝ ուրիշ: Սահմանազատեցին, տասնամեակներով դժուարացուցին մէկ երկրէն, միւսը երթեւեկութիւնը: Կը յիշեմ այն տարիները, ուր վիզա խնդրելու պէս, ժամերով շարքի կը կենայինք կառավարական գրասենեակի մը առջեւ, Լիբանան երթալու արտօնութիւն ձեռք ձգելու համար. երբեմն կը ստանայինք, երբեմն կը մերժուէինք:
Իսկ երկու երկիրներու սահմաններուն մաքսատուները ուղղակի մէկական փորձանք էին, յատկապէս լիբանանեան ապահովութեան պաշտօնեաներու ծուռերես վերաբերմունքը սուրիացիներուն նկատմամբ, ոչ միայն ծուռերեսութիւն, այլեւ արհամարհանք, չկամութիւն… Միւս կողմէ ալ Լիբանանէն Սուրիա եկողներուն չարչարանքը սուրիական մաքսատան մօտ: Սուրիացի պաշտօնեաներունը մաքս գանձելու տարօրինակ մոլուցք էր, Պէյրութէն գնուած ամենայետին նոր ապրանքի մը համար, ըլլար ան հագուստեղէն, ուտեստեղէն, կամ տնային առարկայ:
Թէեւ ցաւով կը յիշատակենք անցեալի օրերը, սակայն ներկայիս ալ վիճակը շատ տարբեր չէ՝ սեղմումներ, անհանդրժողութիւն, արհամարհանք ու թշնամանք, եւ ինչո՞ւ համար, եթէ հին օրերուն յղբացած լիբանանցիին վերէն նայուածքն էր, «գիւղացի» սուրիացիին, այսօր՝ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին հակամարտութեան վերջ տալու համար սուրիոյ «ներխուժած» բանակին ձգած հետքերն են, որոնք ամբողջ 15 տարի` (1975-1990) չմարսուեցան տեղացիներուն կողմէ, ուր Սուրիան էր «իշխողը», իսկ «հպարտ» լիբանանցին ակամայ հնազանդողն էր:
Արդէն երեք տասնամեակ անցած է այդ թուականէն, կ՛ակնկալուէր որ երկու երկիրներն ալ թօթափած ըլլային հին օրերու ստուերոտ տրամադրութիւնները, սակայն, Սուրիան պատուհասուեցաւ, տակաւին վերջ չգտած տասնամեայ պատերազմով: Աժանութեան, առատութեան, ապահովութեան երկիրը այսօր կը տառապի տնտեսական ճգնաժամի դժոխային ահաւոր կացուաթեան պատճառով:
Լիբանանն ալ այսօր կը տուայտի տնտեսական ահաւոր տագնապին պատճառով, թէեւ պատերազմական վիճակ չկայ այնտեղ, բայց կան «թաքնուած ականներ», կան իշխող ոյժեր, , քաղաքական հակամարտութիւններ, որոնք պատերազմէն պակաս վնաս չհասցուցին երկրին: Շուկայի վրայ որեւէ ապրանք (Եթէ գտնուի) գինը արդէն տասնապատկուած ու քսանապատկուած է: Ժողովուրդը կիսասնանկ, անապահով վիճակի մէջ է, դրամատուները սեղմած են կոկորդը ժողովուրդին, որ սկսած է շնչայեղձ ըլլալ:
Պատկերացուցէք, հաց եթէ պիտի գնես, տոպրակին համար առանձին 1500 լիրա պիտի վճարես, տոպրակին բերանի կապին համար ալ՝ առանձին, երբ այդ գումարով առաջ 3 տոպրակ հաց կարելի էր գնել: Կազային ըմպելիք՝ քոլա, կամ այլ, եթէ պիտի խմես, ծղօտին գինը առանձին վճարելու ես՝ 600 լիրա: Անհաւատալի, բայց իրաւ:
Ու հարց կու տաս՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, իրերայաջորդ կառավարութիւնները բան մը չկրցան փոխել: Կ՛ըսեն մեծ թնճուկ մըն է, սովորական լուծելի հարց մը չէ: Միլիառաւոր տոլարներու պարտք ունի Լիբանանը, գողցողը գողցեր է, երկիրն ալ սնանկացեր: Հեռատեսիլէն հարցազրոյցի մը ընթացքին, լիբանանցի մտաւորական մը կ՛ըսէր՝ այն մարդը, որ իր թալանած դրամներով Լիբանանի ամենահարուստ մարդը դարձած է, բերին վարչապետ ըրին, ի՞նչ կը յուսաք դեռ…
Կ՛ըսեն, այս թնճուկին միակ լուծումը՝ կէս միլիոն պաղեստինցիներուն, կամ մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելն է, եղեր այն ատեն պարտքերը կը ջնջուին… Ես տրամաբանական կապ մը չգտայ հարցին ու լուծումին մէջ: Լիբանանի հարցերէն ո՞վ բան կը հասկնայ որ: Ու, եղբայր կարծուած երկու երկիրները այսօր ճակատագրակից, դժբախտակից դարձած, հարաշքներու կը սպասեն:
(ԱԶԳ, 3-12-2021)