ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մայատին».- Սուրիոյ բանակը օդային եւ ցամաքային յարձակումներով շարունակեց ճնշում բանեցնել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն վրայ, վերատիրանալով Սարաքեպ քաղաքին եւ 2 Մարտի տուեալներով, իր հակակշիռին տակ առաւ Իտլիպի տարածքին 50 առ հարիւրը։ Սուրիական բանակին մղած զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով մեծ թիւով ահաբեկիչներ սպաննուեցան, իսկ ոմանք փախուստ տուին դէպի արեւմտեան գիւղերը:
Սուրիոյ բանակին համար առաջնահերթութիւն էր Սարաքեպին վերատիրանալը՝ ապահովելու համար միջազգային մայրուղիին անվտանգութիւնը:
Միւս կողմէ, թրքական ուժերը Իտլիպի մէջ 1 Մարտին վար առին երկու սուրիական ռազմական «Սու. 24» օդանաւեր, որոնց օդաչուները անկարգելով ապահով էջք կատարեցին: Սուրիական ուժերը նոյն օրը վար առին Սարաքեպի եւ անոր մօտակայ շրջաններուն վերեւը թռիչք կատարող թրքական երեք անօդաչու սարքեր: Աւելի ուշ, «Ռաշա Թուտէյ»ը հաղորդեց, որ սուրիական ուժերը Իտլիպի վերեւը թռիչք կատարող վեց թրքական անօդաչու սարքեր վար առին: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Թուրքիա 1 Մարտին հարուածեց նաեւ Մընպեճի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ ռուսական ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնը, որմէ ետք Մոսկուա յայտարարեց, որ այսուհետեւ պիտի չերաշխաւորէ թրքական ռազմական օդանաւերուն ապոհովութիւնը Սուրիոյ օդային տարածքէն ներս:
Յիշեցնենք, որ Շաբաթ գիշեր սուրիական բանակէն զինուորներ եւ «Հըզպալլա»ի անդամներ սպաննուեցան, երբ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ անոնց դիրքերը թրքական յարձակումներու ենթարկուեցան: Թուրքիա ռմբակոծեց նաեւ Հալէպի մօտակայ Քուարես ռազմական օդակայանը։
Միւս կողմէ, Շաբաթ օր, անծանօթներ յարձակում գործեցին Անգարայի մէջ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան պաշտօնեաներու տուներուն վրայ՝ զանոնք կոչելով «հայրենիքի դաւաճաններ» եւ «ռուս լրտեսներ», որմէ ետք ոստիկանութիւնը նաեւ ձերբակալեց Անգարայի «Սփութնիք»ի երեք լրագրողներ, որոնք հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուեցան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց այս յարձակումները եւ ձերբակալութիւնները, թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով, որ երաշխաւորէ ռուսական լրատու գործակալութեան ներկայացուցիչներուն ապահովութիւնը։ «Սուրիոյ մէջ Ռուսիայէն բացի այլ երկիրներու զինուորներու ներկայութիւնը կը հակասէ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն», յայտարարեց Քրեմլինը։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ 33 թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք, թրքական բանակին նոր շղթայազերծած գործողութիւնը «Գարնան վահան» կը կոչուի՝ աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ բախում ունենալու նպատակ չունինք. մեր նպատակը (Սուրիոյ) վարչակարգին ջարդերուն, ծայրայեղութեան եւ տեղահանութեան վերջ տալն է: Ռուսիայէն կ՛ակնկալենք, որ դադրեցնէ սուրիական բանակին յարձակումները»։