ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Նախաբան
80 տարի առաջ, թուրք-ֆրանսական քաղաքական դաւադիր պայմանաւորուածութեամբ, Սուրիոյ պատկանող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան:
11-14-րդ դար Իսկենտերունի տարածքը մաս կազմած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան, այդ պատճառով ալ մինչեւ 20-րդ դար այնտեղ գոյատեւած են հայկական բնակավայրեր, որոնցմէ ամէնէն մեծն էր Մուսա Լեռը:
Ա. Աշխարհամարտէն ետք ֆրանսական իշխանութեանց հոգատարութեան տակ գտնուող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքի բնակչութեան մէջ տոկոսային փոքրամասնութիւն կազմած են թուրքերը:
Ազգերու Լիկային, միջնորդութեամբ, 1938-ին վարչատարածքին տրուած է ինքնավարութիւն եւ անուանուած է Հաթայի ինքնավար պետութիւն: Ինքնավար մարզի օրէնսդիր խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին թուրքերը ստացած են 22 աթոռ, ալաուիները` 9, հայերը` 5, սիւննի արաբները` 2, յոյն ուղղափառները` 2: Թուրք-ֆրանսական դաւադիր համագործակցութեամբ, վարչատարածքի բնակչութեան 39 տոկոսը կազմող թուրքերը կը ստանային խորհրդարանի աթոռներու 55 տոկոսը: Այս իրադարձութեան յաջորդող 1939-ին կազմակերպուած ժողովրդային հանրաքուէով մը` վարչատարածքը դարձեալ ընտրական խարդաւանանքներու զոհ դառնալով, վերջնականապէս կը կցուէր Թուրքիոյ:
Երկրորդ աշխարհամարտի վաղորդայնին բեւեռացած քաղաքական թէժ կրկէսին մէջ, Իսկենտերունի վարչատարածքը զոհ կը դառնար Անգլիա-Ֆրանսա ընդդէմ Գերմանիա-Իտալիա միջերկրական աւազանի տիրապետութեան մրցակցութեան: Ըստ քաղաքական վերլուծաբաններու, ֆրանսացիներու կողմէ Իսկենտերունի զիջումը` Թուրքիոյ չէզոք դիրք պահելու եւ Գերմանիոյ հետ դաշինք չկազմելու երաշխաւորագիրն էր:
Բռնակցուած վարչատարածքը յաջորդող տասնամեակներուն ծրագրուած ձեւով կը վերաբնակեցուի թուրքերով:
Ըստ 1936-ի ֆրանսական վիճակագրութեանց, Իսկենտերունի 220 հազար բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը հետեւեալն էր.
46 տոկոս արաբ (ալեւի եւ սիւննի արաբ)
39 տոկոս թուրք
11 տոկոս հայ
8 տոկոս յոյն, ասորի եւ այլ քրիստոնեաներ
4 տոկոս չերքէզներ, քիւրտեր եւ հրեաներ:
Այս վիճակագրութեան մէջ հայ բնակիչներու ընդհանուր թիւը 24 հազար է, մինչ այս յօդուածի գլխաւոր նիւթը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան 28 փետրուար 1947 թուակիր «Հաթայի հարցը» զեկոյցին մէջ հայերուն տոկոսային թիւը 13 տոկոս է, իսկ ընդհանուրը` 29 հազար: Նշենք, որ վարչատարածքի ամէնէն բազմամարդ հայկական բնակավայրը հանդիսացող Մուսա Լերան բնակչութեան թիւն էր` 4600 («Յուշամատեան Մուսա Լերան»):
Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան գաղտնի տեղեկագիրը
Տեղեկագիրը կը կրէ 28 փետրուար 1947 թուականը եւ արձանագրուած է որպէս Կեդրոնական հետախուզութեան խումբի (Central Intelligence Group) գաղտնի զեկուցագիր: Միացեալ Նահանգներու վերոյիշեալ պետական ապահովական կառոյցը վեց ամիս ետք վերանուանուած է Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան (Central Intelligence Agency – CIA):
Տեղեկագիրը կը սկսի այն հաստատումով, որ, ըստ շրջագայող տարաձայնութիւններու, Սուրիա կը պատրաստուի Հաթայի հարցը բարձրացնել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդին մօտ կամ Արդարութեան միջազգային դատարանին մօտ: Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարը կ՛ակնկալէ, որ նման կացութեան մը պարագային, Ուաշինկթըն, իբրեւ Անգարայի դաշնակից, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին Սուրիոյ ի նպաստ չքուէարկէ: Քարտուղարը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիա պատրաստ է որոշ զիջումներ կատարելու` երբեք չհրաժարելով Հաթայի ամբողջականութեան պահպանումէն:
Զեկուցագիրը կը նշէ, որ թէ՛ Դամասկոս, եւ թէ Անգարա տնտեսական եւ ռազմագիտական տեսանկիւնէն Իսկենտերունը կարեւոր կը նկատեն: Սուրիոյ համար վարչատարածքը կը հանդիսանայ դէպի հիւսիս բացուելու ամէնէն կարեւոր ելքը եւ Իսկենտերունի համարժէք ու լիակատար գործող ոչ մէկ այլ նաւահանգիստ կայ Սուրիոյ ծովեզերեայ տարածքին: Թուրքիոյ համար Իսկենտերունը հարաւային ծովային սահմանագօտին պաշտպանող պարիսպն է, որուն զիջումը կրնայ նախընթաց հանդիսանալ, որ Խորհրդային միութիւնը իր կարգին հողային պահանջներ ներկայացնէ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան կարգ մը տարածքներու գծով:
Անդրադառնալով 1936-ի Ֆրանքօ-սուրիական դաշնագիրին, զեկուցագիրը կը գրէ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի խոստացուած անկախութեան դիմաց, Անգարան կը պահանջէ Իսկենտերունը: Հարցը ի վերջոյ կը դրուի Ազգերու Լիկայի դատաստանին: 29 մայիս 1937-ին Ազգերու Լիկային կողմէ նշանակուած քննչական յանձնախումբ մը կը հրապարակէ վարչատարածքի կանոնագիրի եւ հիմնական օրէնքներու նախագիծը, ըստ որուն, Հաթայ վերանուանուելով, Իսկենտերունը կը դառնայ ինքնավար շրջան, որ իր սահմանի մաքսային վարչական գործերը կը համադրէ Դամասկոսի հետ: Վարչատարածքի արտաքին քաղաքականութեան վերահսկողութիւնը կը յանձնուի Դամասկոսի, եւ 40 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մաս կը կազմեն սուրիացի ու թուրք ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները: Տեղեկագիրը այստեղ կը նշէ, որ այս համաձայնագիրին համամիտ գտնուած են բոլոր կողմերը, իսկ համաձայնագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք թրքական կողմը ամէն ճիգ ի գործ դրած է, որպէսզի խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութեան տիրանայ:
Տեղեկագիրը կարեւորութեամբ կ՛անդրադառնայ, որ ֆրանսացիները լռելեայն հակամէտ էին տարածքը ամբողջութեամբ Անգարային յանձնելու, որպէսզի Արեւելեան Միջերկրականին վրայ «բարեկամ» Թուրքիա մը ունենան:
Տեղեկագիրը նաեւ կը հաստատէ, որ, հակառակ այն իրողութեան որ Հաթայի ոչ թուրք բնակչութեան թուաքանակը աւելի էր, բայց եւ այնպէս Անգարայի սադրանքներուն եւ յատկապէս ֆրանսացիներու թրքական դաւերն ու խարդաւանանքները չտեսնել ձեւացնելուն` աթոռներու թիւով խորհրդարանին մէջ թուրքերը կը գերազանցէին: Հաթայի ինքնավար վարչատարածքի գոյութիւնը նուազ քան մէկ տարի տեւեց, անկէ ետք, 1939-ին, ֆրանսացիները իրենց պարտաւորութիւնները աւարտած համարելով, հեռացան շրջանէն, իսկ նոյն տարուան յուլիս 23-ին, առանց Ազգերու Լիկայի համաձայնութեան, վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ:
Զեկուցագիրը կը վկայէ, որ 1939-էն ի վեր արաբներու եւ հայերու զգալի թիւ մը հեռացած է Հաթայէն: Ամերիկեան տեղեկագիրը նաեւ անհիմն կը գտնէ թրքական յաճախակի պնդումները, թէ վարչատարածքը երկար ժամանակներէ ի վեր մեծամասնութեամբ թուրքերով բնակուած է:
Թրքական բանակի բարձր հրամանատարութեան համար Փոքր-Ասիոյ բարձրաւանդակի հարաւը երիզող Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եւ Թուրքիոյ ամբողջ միջերկրականեան ափի պաշտպանուածութիւնը պայմանաւորուած է Իսկենտերունով:
Կեդրոնական հետախուզութեան խումբը կը հաստատէ, որ Անգարա կը հաւատայ, թէ սուրիական կողմին հետ որեւէ փոխզիջումային քայլ նախընթաց պիտի հանդիսանայ, որ Խորհրդային Հայաստանն ու Խորհրդային Վրաստանը, իրենց կարգին, տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնեն եւ ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող հսկայ տարածքներ պահանջեն:
Հաւանական զարգացումներ
Կեդրոնական հետախուզութեան խումբը իր տեղեկագիրը կ՛եզրափակէ` գրելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անպաշտօն ձեւով տեղեակ պահած է սուրիական կողմը, որ պատրաստ է փոքր ծաւալի սահմանային սրբագրութիւններ կատարելու եւ Իսկենտերունի նաւահանգիստը Դամասկոսի համար օգտագործելի դարձնելու:
Վերլուծելով իրերու դրութիւնը` տեղեկագիրին հեղինակները կը գրեն, որ հաւանական փոխզիջումային տարբերակ մը կրնայ ըլլալ այն, որ Թուրքիան Սուրիոյ յանձնէ Իսկենտերունի վարչատարածքին մէջ Ասի գետի ձախ ափը, ուր կը գտնուի Անտիոք քաղաքը: Նաեւ մտավախութիւն կը յայտնէ, որ հարցը կրնայ որպէս «վայրի խաղաքարտ» օգտագործուիլ Խորհրդային Միութեան կողմէ, որուն գործակալները կրնան այս հարցով հրահրել տարածաշրջանը:
Վերջին տողերով տեղեկագիրը յոյս կը յայտնէ, որ աւելի հանդարտ ժամանակներու մէջ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանին վրայ նոր տարազի մը ձեւաւորման կարենան յանգիլ:
***
Թուրքիոյ կողմէ բռնակցումէն ետք, Սուրիոյ պատմութեան կրթական ծրագիրներուն մէջ Իսկենտերունի վարչատարածքը մնաց Սուրիոյ աշխարհագրական քարտէսի պետական սահմաններու մէջ ներառուած, իսկ քաղաքական գետնի վրայ` Իսկենտերունի հարցը Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յաճախ պիտի օգտագործուէր իբրեւ քաղաքական «վայրի խաղաքարտ», յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ Դամասկոսի հովանիին ներքեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը գործէր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը: 1998-ին Սուրիա թրքական եւ միջազգային ճնշումներու ներքեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը յանձնեց Թուրքիոյ:
Երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական ձիւնհալի եւ մեղրալուսնի ժամանակաշրջանը սկսաւ 2003 թուականին, երբ երկու երկիրները կնքեցին առեւտրական կարեւոր համաձայնագիրներ, միաժամանակ Իսկենտերունի տարածքին մէջ հոսող Որոնդէս գետին վրայ Թուրքիա-Սուրիա բարեկամութեան ամբարտակի կառուցման վիթխարի ծրագիրի պայմանագիրի նախագիծը ստորագրեցին: Այս զարգացումներուն ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յստակօրէն ազդանշանը կու տար Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, որ նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս սահմանային հարցը անլոյծ կը մնար, Դամասկոսի համար Իսկենտերունի հարցը այլեւս առաջնահերթ չէր: 2009-ին եւ 2010-ին, երկու երկիրները նոյնիսկ զինուորական միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին:
2011-ի Սուրիոյ պատերազմը եկաւ յեղաշրջելու բոլոր հաշիւները եւ 2003-2011-ին Սուրիա-Թուրքիա քաղաքական մեղրալուսինը հասաւ իր աւարտին, երբ Թուրքիա սուրիական իշխանութիւններուն դէմ կտրուկ քաղաքական դիրքորոշում որդեգրեց:
2014 մարտ 21-ին, Անգարայի կողմէ հովանաւորուող Ժապհաթ Նուսրայի, Շամ էլ իսլամի եւ Անսար Էլ Շամի ծայրայեղ իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալները Հաթայի տարածքէն Քեսապի վրայ յարձակեցան եւ, թրքական բանակի հրետանիի օժանդակութեամբ, գրաւեցին Քեսապը: Պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին:
Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն ի վեր, այսօր կը գործէ «Իկենտերունի ազատագրման ժողովրդային ճակատը», որ, ըստ անպաշտօն տուեալներու, ունի Դամասկոսի կողմէ հովանաւորուող 5000 զինեալներ: