Արաբական Գարնան արիւնարբու հողմերը Թունուզէն տարածուեցան Եգիպտոս, Լիպիա հասնելու Միջին Արեւեք՝ Սուրիա: Արաբական գարուն թ՞է արաբի ձեռքով արաբական աշխարհը արիւնաքամ դարձնելու որոգայթ, այս մասին պատմութիւնը անպատճառ պիտի ըսէ իր խօսքը: Յանկարծ Միացեալ Նահանգներ եւ անոր արբանեակները յիշեցին, թէ բռնատէրեր են Մուպարաքը, Պին Ալին, Քազաֆին, Ալի Սալեհը, տակաւին մինչեւ վերջերս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ Ուաշինկթընի մղած պայքարին՝ քուլիսներու ետին, անոր օժանդակութեան ձեռք մեկնող Պաշշար Ասատը: Արտաքնապէս եւ առաջին հայեացքով, ո՞վ պիտի հակադրուէր ժողովրդավար հասարակարգ ստեղծելու արդար պահանջներուն: Ո՞վ կրնար ժողովուրդները արգիլել անոնց ազատ ընտրանքէն: Իտէալական կարգախօսներ…: Բայց որո՞նք էին յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ ժողովրդավարութեան ջահակիրները. միապետականութեան խորհրդանիշներ՝ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Լսատեսողական քարոզչութեան տարափին տակ, բաւական դժուար պիտի ըլլար կռահել բարի եւ մարդասիրական կարգախօսներուն տակ պահուած որոգայթը կամ՝ չորս հարիւր միլիոն բնակչութիւն հաշուող արաբական աշխարհը քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս քայքայող փոթորիկին ետին պահուած ծրագիրը: Ամերիկեան տնտեսութեան կաթուածահար վիճակը, բնական հարստութիւններ որոնելու նոր արկածախնդրութեան մղած էր Միացեալ Նահանգները: Ոմանք բնականաբար պիտի զարմանան այս մեկնաբանութեան…: Երէկ ( Երեքշաբթի) Միջազգային Դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմ պատռեց վարագոյրը յայտարարելով, թէ այսպէս կոչուած արաբական գարունը համաշխարհային գործազրկութեան հետեւանք էր:
Քաղաքական մեկնաբաններ հազուադէպ կ’արտայատուին արաբական աշխարհի տնտեսութեան վրայ «գարնանային» արեան գործելիք աւերներուն մասին: Անտեսենք պահ մը քարոզչական աղբիւրներու դառանակալ մօտեցումները. Կը մաղթենք նաեւ, որ անվերադարձ կորած ըլլան 99.9 առ հարիւրով ընտրուող Աստուածատուր ղեկավարներու ժամանակները, բայց արդեօ՞ք Թունուզը, Եգիպտոսը, Լիպիան առաւե՞լ ժողովրդավար համակարգերու վերածուած են այսօր, քան՝ իրենց երէկը: Միջազգային լրատուութիւնը «ծածկած» է այդ երկիրներուն խառնարանային իրավիճակը: Երկակի չափանիշներով տխրահռչակ «Սի.Էն.Էն»ը եւ «Ալ Ճազիրա»ն լուսարձակները աշխարհի այլ անկիւնները ուղղած են այս օրերուն…:
Արաբական գարնան պարգեւած պտուղները այքան ալ քաղցրահամ բոյր ու բուրմունք չշնորհեցին Ուաշինկթընի ու անոր արբանեակներուն: Այս իրողութիւնը վերջերս հաստատեց Միացեալ Նահանգներու (նախկին) պետական քարտուաղար Հիլարի Գլինթըն: Լիպիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումին վերաբերեալ տուած իր վկայութեան ընթացքին, տիկին Գլինթըն դիտել տուաւ, թէ արաբական գարունը կազմակերպուած էր անատակ մարդոց ձեռամբ…իսկ Թունուզը, Լիպիան եւ Եգիպտոսը աստիճանաբար անցած են արմատական, իսլամիստ հոսանքներու ազդեցութեան տակ: Այլ վախճան չէին կրնար ունենալ արտաքին դրդումով, աճապարանօք կազմակերպուած այդ յեղաշրջումները:
Լիպիոյ մէջ, Մուամար Քազզաֆիի վարչակարգին տապալման եղանակը եւ առանց դատավարութեան անոր սպանութիւնը սթափեցուց շատերու: Նոյնիսկ Քազզաֆիի ամենամոլեռանդ հակառակորդները դատապարտեցին զինք սպաննելու ընդդիմութեան քայլը: Գարնանային ծիլերը սկսած էին շեղիլ նախագծուած արահետէն …: Վերոյիշեալ երկիրները հետզհետէ կ’անցնէին արմատականներու հակազդեցութեան տակ: Նոյնը պիտի չըլլար արդեօ՞ք Սուրիոյ պարագային: Իսկ խորացող արմատականութեան հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ո՞վ պիտի կրէր Միջին Արեւելքի մէջ:
Լիպիոյ պատերազմին վերջին ամիսներուն արդէն ծայր առած էր Սուրիոյ հակամարտութիւնը: Թուրքիա, Քաթար, Սէուտական Արաբիա անսահաման օժանդակութիւն կ’առաքէին Սուրիոյ ընդդիմութեան: Անմեղներու արեամբ լողացող արկածախնդիրները հաշուի չէին առած, թէ Սուրիոյ պարագան կը տարբերէր արաբական մնացեալ պետութիւններէն: Արեւմտեան ժողովրդավարութեան ջատագովներուն եւ անոնց արաբ մունետիկներուն ուշադրութենէն վրիպած էր երկու կարեւոր հանգամանք. առաջինը՝ իր գրաւած միջինարեւելեան դիրքին համար, Սուրիա կը վայելէր Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի զօրակցութիւնը: Երկրորդ՝ Սուրիոյ ժողովուրդը կը սիրէր երկրի նախագահը, այլապէս՝ ան առնուազն պիտի ունենար Մուպարաքի ճակատագիրը…: Արեւմուտքը կ’անտեսէր երկու կարեւոր գործօնները: Հակամարտութեան առաջին իսկ օրէն, Ռուսիա պաշտօնապէս մերժեց Սուրիոյ առնչութեամբ արտաքին բոլոր միջամտութիւնները, ինչպէս նաեւ Ասատի հրաժարականին մասին արտերկրի ընդդիմութեան նախապայմանը: Ան հանդէս եկաւ հակամարտութիւնը առանց նախապայմանի եւ երկխօսութեան ճամբով լուծելու յանձնառութեամբ: Արեւմուտքին յամառութիւնը բաւական սուղ արժեց սուրիացի ժողովուրդին: Արժե՞ր արդեօք, երկու տարի շարունակ զէնք մատակարարել ընդդիմութեան, մարդկային տասնեակ հազարաւոր կորուստներու պատճառ դառնալ, երկրին ենթակառոյցը քայքայել, որմէ ետք միայն հաւանութիւն տալ Մոսկուայի նախաձեռնութեան:
Շնորհիւ Ռուսիոյ վարած շրջահայեաց եւ խոհեմ քաղաքականութեան, դիւանագիտական լուծումի ճամբայ մը գտնուած է այսօր Սուրիոյ հակամարտութեան: Այսինքն, կողմերը սեղանի վրայ պիտի ներկայացնեն իրենց պահանջները, եւ ոչ՝ մարդկային զոհերու հաշւոյն: Մենք բացարձակապէս յաւակնութիւն չունինք միաջմտելու կամ նախատեսութիւններ կատարելու Սուրիոյ ժողովուրդին որդեգրելիք ընտրանքին: Համեստ ըլլալու համար, ոչ ալ՝ կարելիութիւն: Սակայն մենք եւս կը պահանջենք դադրեցնել արիւնահողութիւնը եւ երկխօսութեան ճանապարհով լուծել երկամեայ հակամարտութիւնը: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն նման, Սուրիոյ ժողովուրդը նոյնպէս արժանի է վճռելու իր սեփական ճակատագիրը եւ այդ մէկը անկասկած անոր արդար իրաւունքը կը սեպենք: Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Փարիզ, Անգարա, Ամման համոզուելով այս իրողութեան, փոփոխութեան ենթարկած են Սուրիոյ հակամարտութեան առնչութեամբ իրենց օգտագործած բառապաշարը: Փոփոխութիւ՞ն անկասկած, սակայն երկխօսութեան ճանապարհով , սուրիացիներու միջեւ փոխհասկացողութեամբ եւ առանց՝ արտաքին միջամտութեան:
Բնականաբար դժգոհող կողմեր օգուտներ քաղելու փորձեր պիտի ըլլան ռուսական դիւանագիտութեան արձանագրած այս յաջողութենէն: Սակայն յատկանշական է, որ Մոսկուա առանձին չէ այլեւս իր նախաձեռնութեան մէջ: Իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը խորհրդարանի նոր ընտրութիւններ հովանաւորող կառավարութիւն մը պիտի կազմեն յառաջիկային: Սահմանադրութեան որոշ կէտեր պիտի ենթարկուին փոփոխութեան եւ նախատեսուածին նման, 2014-ին տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ: Բոլոր այն ուժերը որոնք պիտի ընդդիմանան այս ընտրանքին, պարզապէս պիտի ուշացնեն հակամարտութեան լուծումը, պատճառելով՝ յաւելեալ մահ, գաղթ, աւեր, քայքայում եւ … սակայն պիտի վերադառնան երկխօսութեան սեղան, որովհետեւ ընտրանքը անվերանայելի է:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ