Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Սուրիական եւ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Սուրիոյ հետ երկխօսութիւն կատարելու համար նախապայմաններ չունինք», ընդգծեց Չաւուշօղլու:
«Դամասկոսի կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ», ըսաւ ան` նշելով. «Շենկհայի մէջ սուրիական կառավարութեան հետ ժողով չէ ծրագրուած, եւ Սուրիոյ նախագահը հրաւիրուած չէ»:
Նշենք, որ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած էր մամլոյ տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնան 10 տարուան մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունենալ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 սեպտեմբերին, Ուզպեքիստանի Սամարքանտ քաղաքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան 19 օգոստոսին յայտնած էր. «Մեր նպատակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին յաղթելը չէ, այլ` հիւսիսային Սուրիոյ եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլը»:
«Սուրիական վարչակարգին հետ պէտք է յաւելեալ քայլեր առնենք, որովհետեւ պետութիւնները չեն կրնար բացարձակապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական երկխօսութիւնը բացառել», ըսած էր ան` նշելով. «Սուրիական տագնապին նկատմամբ պատասխանատուութեան բեռը կրեցինք եւ միշտ ալ լուծումին մաս կազմած ենք: Մեր նպատակը շրջանային խաղաղութիւնն ու մեր երկիրը տագնապին վտանգաւոր սպառնալիքներէն պաշտպանելն է»:
«Պարտաւոր ենք Սուրիոյ հետ դիմել դէպի յառաջ գացող քայլերու, որոնց միջոցով կրնանք ձախողութեան մատնել այս շրջանին եւ իսլամական աշխարհին մէջ շարք մը ծրագիրներ», յայտնած էր Թուրքիոյ նախագահը: