ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր», «Մեզոփոթամիա»․- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի հետազօտութեան յանձնախումբի նախագահ Փաօլօ Սերճիօ Փինհերիօ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ անոր հովանաւորութիւնը վայելող «Սուրիոյ ազգային բանակ» խմբաւորումը հիւսիսային Սուրիոյ քրտաբնակ վայրերուն մէջ պատերազմական ոճրագործութիւններու կը դիմեն։
Փինհերիօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց այս տարուան առաջին կիսամեակին Սուրիոյ իրադարձութիւններու 25 էջնոց զեկոյցը, որուն մէջ Թուրքիոյ հասցէագրած կոշտ քննադատութիւններ կան։
Ըստ զեկոյցին՝ Սուրիա ներխուժած թրքական ուժը քրտաբնակ շրջաններուն մէջ կը կողոպտէ եւ կը քանդէ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցները, որոնցմէ ոմանք ներառնուած ենք ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ սուրիական ճգնաժամին եւ համաճարակին պատճառով, շուրջ 9,3 միլիոն քաղաքացիներ զրկուած են բաւարար սնունդէ։
Յանձնախումբին պատրաստած զեկոյցը պիտի ներկայացուի ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովին։