ԱՔՉԱՔԱԼԷ, «Ռոյթըրզ».- 9 Հոկտեմբերին, թրքական բանակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սկսաւ զինուորական նոր գործողութեան մը՝ ծանր հրետանիներով եւ ռազմական օդանաւերով ռմբակոծելով սահմանային շրջանները, որոնք կը գտնուին քիւրտերու հակակշիռին տակ։
Հազարաւոր քաղաքայիններ անգամ մը եւս փախուստ տուին՝ իբրեւ հետեւանք այս յարձակումին, որուն առաջին պահերուն իսկ քաղաքային զոհեր արձանագրուեցան, հակառակ իր դաշնակիցները լքելով՝ շրջանէն նոր հեռացած Միացեալ Նահանգներու եւ Անգարայի երաշխիքներուն։
Ծաղրանքի արժանի «Գարնանային խաղաղութիւն» կոչուած ռազմական գործողութեան առջեւ Ուաշինկթըն կանաչ լոյս վառեց քանի մը օր առաջ, երբ որոշեց իր ուժերը հեռացնել շրջանէն։
Ամերիկեան այս քայլը խստօրէն դատապարտող Սուրիոյ քիւրտերը խոստացան դէմ դնել թրքական ներխուժումին՝ ազդարարելով, որ Անգարայի այս քայլը վնաս պիտի հասցնէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին։
Մոսկուա Չորեքշաբթի օր դարձեալ կոչ ըրաւ Անգարայի եւ Դամասկոսի, որ երկխօսութեան միջոցաւ լուծեն իրենց տարակարծութիւնները, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հետ, քննարկելով Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ ժամանակաւոր բնոյթ պիտի կրեն:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Իրան դէմ է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան՝ ազդարարելով, որ «այդ քայլը պիտի յանգեցնէ մարդկային ու նիւթական մեծ կորուստներու»:
Աւելի կանուխ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, որ Թեհրան դէմ է Եփրատի արեւելեան ափին վրայ թրքական որեւէ գործողութեան՝ աւելցնելով. «Սուրիական հողերու բռնագրաւման վերջ տալու եւ իր զինեալ ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու Ուաշինկթընի որոշումը պէտք էր աւելի շուտ տրուէր։ Թեհրան կը յուսայ, որ ամերիկեան որոշումէն ետք շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւն ու կայունութիւն կը տիրէ»։
Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին վրայ թրքական օդուժի յարձակումին պատճառով երկու կամուրջ քանդուած է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քիւրտերու ղեկավարած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ վերահսկուող Սամալքա անցակէտին դէմ օդային հարուածները Հասաքէ նահանգի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ երկու կամուրջներ քանդած են: Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Վերջապէս, Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը պնդեց, թէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններու գօտիէն ամերիկացի զինուորներու հեռանալը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներ սկսած է իր զօրքերը հեռացնել այդ երկրէն: Ըստ անոր՝ Ուաշինկթընի մէջ կը ձգտին ամերիկացի զինուորները շուտով հայրենիք վերադարձնել, սակայն «այժմ այդպիսի գործողութիւններու ժամանակը չէ»:
Վարչակազմին ներկայացուցիչը բացատրեց, թէ ամերիկացի զինուորները պիտի տեղափոխուին Սուրիոյ այլ շրջան մը, եւ ոչ թէ երկրին սահմաններէն դուրս: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները չի պաշտպաներ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները: