«Շարք Աուսաթ» օրաթերթի յօդուածագիր Հուտա Հիւսէյնիի համաձայն՝ Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը կրնայ ըլլալ ամերիկեան-ռուսական համաձայնութիւն մը։
«Սուրիոյ մէջ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուած իրադարձութիւնները կը հերքեն այն խօսքերը, թէ Արաբական գարունը Սուրիան տագնապի մատնած է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ «խաղ»ը աշխարհաքաղքացիական է եւ օտար ուժեր տակաւին կը փնտռեն սուրիական ընդդիմութեան միացեալ զինուորական թեւը։
Սուրիացի ընդդիմադիրներ չեն հերքեր, թէ իրենք մարզումներ, գաղտնի սպասարկութեան, նիւթական եւ զինուորական օժանդակութիւններ կը ստանան օտար պետութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ կը հաստատեն, որ իրենց շարքերուն կը միանան հարիւրաւոր օտար «ժիհատ»ականներ եւ կամաւորներ, որոնց մեծ մասը համախմբուած է ու կը կռուի «Քայիտա»ի եւ «Ժապհեթ Նուսրա»ի դրօշին ներքեւ։ Միաժամանակ, հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ անպատսպառ եւ գաղթական մնացած են եւ իրենց յատուկ գաղթակայաններուն մէջ կ՛ենթարկուին սուրիական զինեալ խմբաւորումներու շանթաժին, ինչպէս նաեւ՝ բռնարարքներուն, որովհետեւ սուրիական զինեալ խմբաւորումները կ՛ուզեն իրենց հակակշիռին տակ առնել գաղթակայանները եւ տիրանալ գաղթականներու ունեցուածքին։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը հաստատէ, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ Լիպիոյ փորձառութեան կրկնութիւնը։ Այս շրջագիծին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, որոնք կորսնցուցին Սատտամ Հիւսէյնի Իրաքը եւ Մոամմար Քազաֆիի Լիպիան, յանձնառու են, թէ Պաշշար Ասատ, որ սովետական օրերէն ի վեր սուրիական-ռուսական յարաբերութիւնները պահպանած է, պիտի չտապալի եւ տոմինոյի քար մը պիտի չըլլայ՝ մարդասիարական օժանդակութիւններ տրամադրող Արեւմուտքի քաղաքականութեան համար։
Սուրիոյ յեղափոխութիւնը սկսաւ երկիրը «Պաաս»ի վարչակարգի տիրապետութենէն փրկելու նպատակով, սակայն անիկա փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ սուրիացի զինեալներ ամէն ջանք ի գործ դրին Սուրիոյ մէջ սիւննիներու արմատական պետութիւն մը հաստատելու՝ ջրելով այն իրականութիւնը, թէ աւանդական առումով Սուրիա բազմազանութեան երկիրն է։
Ռուսիա իր կեցուածքներէն անշեղ կը մնայ։ Լաւրով խստիւ դատապարտած է Ուաշինկթընի ցուցաբերած հաւանութիւնը, որ Սուրիոյ ազգային համախոհութիւնը ըլլայ սուրիացիներուն օրինական ներկայացուցիչը։
Հետեւաբար, սուրիական տագնապի իր փորձանքէն դուրս գալու Մոսկուայի միակ միջոցն է՝ Ուաշինկթընի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելը։ Միւս կողմէ, Ռուսիոյ շահերուն կը ծառայէ այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական բարդ կացութեան հետ բախումի մէջ կը գտնուի։ Բնական է նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար յատկացուած ժամանակը օգտագործուի ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ զինեալ սուրիացիներուն կողմէ։ Այս հաւանականութիւնը կը մտահոգէ Ուաշինկթընը։ Իսկ Մոսկուա իր մօտ ունի «շահած խաղաքարտ» մը, որն է այն իրականութիւնը, թէ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն ուրուականը կը հալածէ արաբական պետութիւնները, եթէ սուրիական վարչակարգը յանկարծ տապալի։ Հաւանական է նաեւ, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը այդ զէնքերու պահեստանոցներու վայրերէն տեղեակ է։
Ամերիկեան տեսակէտին համաձայն՝ լաւագոյն միջոցը եւ ձեւը կը նկատուի այն, որ սուրիական բանակը Սուրիոյ իշխանութիւնը ստանձնէ, որպէսզի պետական հաստատութիւնները անվնաս մնան, ինչպէս էր պարագան Եգիպտոսի։ Իսկ անկէ ետք է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները երկիրը կը մղեն դէպի ժողովրդավարութիւն։ Բայց եւ այնպէս, Ռուսիա սուրիական բանակին մէջ ունի իր կշիռը եւ այդ իրականութիւնն է ռուսական լաւատեսութեան իսկական պատճառը։ Ռուսիա կ՛ուզէ երաշխաւորել Թարթուսի մէջ իր ծովային խարիսխները՝ նկատի ունենալով, որ անոնք կը կազմեն Սեւ ծովէն անդին իր միակ գոյութիւնը։ Իսկ Ուաշինկթըն կը փափաքի Թարթուսի մէջ գտնուող ռուսական նաւատորմիղի գոյութեան վերջ տալ, Ասատի վարչակարգի քայքայման յաջորդող հանգրուանին։ Աւելի՛ն. Ուաշինկթըն կը մտածէ նաեւ Ռուսիան հեռացնել Միջերկրական ծովու արեւելքէն։ Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներ արգիլած է Ռուսիա-Իսրայէլի գործակցութեան փորձը, որ կը վերաբերէր «Լեվիաթան» ծովային բնական կազի հանքերու պեղումին։ Այլ առումով, Ուաշինկթըն ստիպած էր Իրաքը ջնջելու միլիառաւոր տոլարի արժողութեամբ ռուսական զէնք գնելու անոր համաձայնագիրը։ Իր կարգին, Թուրքիա կը փափաքի Ռուսիան դուրս բերել Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանէն։ Հետեւաբար, սուրիական վարչակարգի տապալումը՝ նախքան Ուաշինկթընի հետ հաստատ համաձայնութեան մը գոյացումը, ռուսական ռազմավարութեան համար վտանգաւոր փորձանք մը պիտի ըլլայ։ Իսկ Մոսկուա կրնայ կորսնցնել Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն վրայ իր ուղղակի հակակշիռը։ Եւ եթէ այսօր սուրիացի իր դաշնակիցը տապալի, ապա վաղը կրնայ իրանցի իր դաշնակիցը եւս տապալիլ։ Եթէ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա չկարենան յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կարելի եղածին չափ արագօրէն կը կասեցնէ Սուրիոյ պատերազմը, ապա հիսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ հետզհետէ մագլցումներ արձանագրող միջ-համայնքային բռնարարքները, ինչպէս նաեւ՝ հարաւային Թուրքիան հարուածող ռուսական ռումբերն ու շրջանին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, կրնան շարունակութիւնը ըլլալ վախազդու բեմագրութեան մը, որ կը գործադրուի շրջանի ժողովուրդներուն եւ անոնց երկիրներու սահմաններուն հաշուոյն