ՊՈԼԻՍ.- «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութիւնը Յունիս 11ին հաղորդեց, որ Սուրիոյ հիւսիսը գործող՝ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քաղաքական թեւը յայտարարած է, թէ կ՛ընդունի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ բանակցութեանց սեղանի նստելու առաջարկը՝ աւելցնելով, որ պատրաստ է նաեւ բանակցութիւններու սկսելու՝ «առանց նախապայմաններու»:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ քրտական կողմը շեշտած է, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով, իրենք դրական կերպով կ՛արձագանգեն երկխօսութեան դիմելու Ասատի առաջարկին: «Կ՛ուզենք շեշտել, որ առանց Սուրիոյ մէջ հակամարտող բոլոր կողմերու մասնակցութեան ու Սուրիոյ բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքները հաւասարապէս ներկայացնող սահմանադրութեան մը ձեւաւորման՝ սուրիական հիմնախնդիրին լուծումը, ըստ մեզի, կարելի չէ՛», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Անոնք նաեւ ողջունած են «բանակցութեանց դուռը բանալու» Դամասկոսի քայլը։
Յիշեցնենք, որ Ասատ վերջերս յայտարարած էր, որ Դամասկոս պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններ վարելու քիւրտ զինեալներուն հետ, սակայն երկխօսութեան միջոցով համաձայնութեան չհասնելու պարագային՝ պիտի չխուսափի ուժի կիրարկումէ: