ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մերօրեայ քաղաքական վայ վերլուծաբաններուն եւ ֆէյսպուքեան բանդագուշակ սրճամոլներուն
Բարեկամ մը ինծի կը հարցնէ, թէ ի՛նչ նիւթ կրնամ տրամադրել սրճաղացներու մասին իր գրելիք ուսումնասիրութեան համար: Սրճաղացներու մասին թող բարեկամս գրէ, ես քիչ բան գիտեմ, թէ ե՛րբ, ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս մարդիկ սուրճի մշակման գործիքներ յօրինեցին, բայց գիտեմ, որ Քեսապի կեանքին մէջ սուրճը սերտօրէն կապուած է բազմաթիւ ծէսերու, աւանդութիւններու, ժողովրդական բառ ու բանի հետ:
Պատկերը 1950-ական թուականներէն կու գայ:
Սուրճը Քեսապի մէջ հինէն տարածում ունի, թերեւս 19-րդ դարու կէսերէն, Քեսապ կայք հաստատած ամերիկացի եւ եւրոպացի միսիոնարներու օրերէն: Հում սուրճը քուրցերով կը ներածուէր Քեսապի շուկան: Քեսապցի թիթեղագործներն ու պղնձագործները կը շինէին սուրճը խարկելու յատուկ սարք ու սրճեփ, իսկ սրճաղացները, սուրճի գաւաթներն ու ափսէն կը հայթայթէին շուկայէն: Հում սուրճը կը լեցնէին խարկոցին մէջ ու կրակին վրայ դնելով, ներքին թիակներ ունեցող բռնիչը դարձնելով սուրճը կը խարկէին: Սրճաղացները երկու տեսակ կ’ըլլային, մէկը՝ մետաղեայ երկարաւուն գլանաձեւ գործիք էր, կափարիչէն հատ սուրճը կը լեցնէին, սրճաղացը կը սեղմէին երկու ոտքերուն միջեւ կամ մէկ թեւին տակ ու բռնիչը կը դարձնէին ու կը դարձնէին: Աղցուած մասը կ’իջնէր ներքնամաս: Միւսը փայտեայ տուփ էր մետաղեայ յատուկ մանրամասերով: Սա աւելի շատ համեմներ մանրելու կը ծառայէր: Մեր տան մէջ երկուքն ալ կային. գլանաձեւ մետաղեայ սրճաղացները բերել կու տային Հալէպէն, Պէյրութէն կամ Պոլիսէն. արաբատառ կամ լատինատառ արձանագրութիւն ունէին. բոլորն ալ հայ անուններ էին. հիմա չեմ յիշեր:
Քեսապի շրջակայ ալաուիթ եւ թուրքմէն գիւղերը թէյարբուքի մշակոյթ ունէին. սուրճը աւելի ուշ ընդհանրացած է անոնց մէջ. քեսապցիին թէյ առաջարկես՝ «Միթէ ես հիւա՞նդ եմ» կը պատասխանէ հարցումով: Քաղաքային արաբներու մէջ տարածուած հէլ կոչուող համեմով սուրճը երբեք չէ ընդհանրացած Քեսապի մէջ, նոյնպէս՝ յատուկ պատրաստութիւն ու հրամցնելու եղանակ ունեցող արաբական լեղի սուրճը (ահուէ մըրրա):
Նորակազմ ընտանիքներուն օգնելու նպատակով, ծրար դնելու եւ հարստեսի այցելութիւններու նուէրներուն մէջ անպայման տեղ կը գրաւէր սուրճի հետ կապուած բան մը՝ մէկ տրցակ սուրճի գաւաթ, ափսէ մը, սրճաղաց մը, տարբեր չափի երկու սրճեփ կամ խարկելու գործիք:
***
Սուրճը ծիսական նշանակութիւն ալ ունէր մեր կեանքին մէջ: Գարուն աղբրկինին ըրածին պէս, առաւօտ կանուխ տնեցիներու առաջին արարողութիւնը սուրճի պատրաստութիւնը եւ սուրճ ըմպելը կ’ըլլար: Կրակի մաղմաղ մոխիրին մէջ սուրճին ֆուռիլը (եռալը) առտուան վերջին յօրանջին պէս բան մըն էր: Անով կ’արթննային: Ամուսիններ սուրճը կը խմէին ու գաւաթները կը դարձնէին: «Ֆինճան դարձնել»ը բնական արարք մըն էր: Տանտիկինը գաւաթները հաւաքելու ատեն գաւաթը կը բանար, մէյ մը մէջը կը դիտէր, «լոյս կայ գաւաթիդ մէջ, օրդ լաւ պիտի անցնի» կամ «սիրտդ ուռած է, աման զգոյշ եղիր, բանէ մը սիրտդ պիտի նեղուի, մա՛րդ» կ’ըսէր, մարդը ճամբու կը դնէր: Յետոյ Գարուն աղբրկին կը նայէր իր գաւաթին. «Չար սատանայ, ամբողջ սեւը լեցուեր է գաւաթիս մէջ» կը մտածէր: Այդ գաւաթը չէր լուար, տունը, ախոռը, բակը մաքրելէն, պզտիկները կերցնել-հագցնել ու դպրոց ղրկելէն ետք կուժը ուսած, գաւաթը գրպանին մէջ, կ’երթար աղբիւր: Ճամբան Թրթըռ պառաւին բարիլոյս մը կու տար.
-Կնիկ, այսօրուան գաւաթս շատ սեւ բաներ ցոյց կու տայ, հալա նայիր ինչ կայ ինչ չկայ,- կ’ըսէր:
– Այդ գաւաթը հինցաւ, նորը շինեմ, պայծառ գաւաթ պիտի ելլէ,- կ’ըսէր Թրթըռ պառաւը:
***
Վարպետ գաւաթ նայողներ ալ կային, մունաճճէմ (աստղագուշակ) կ’ըսէին: Կիներ իրարու ձայն կու տային, թէ Ծովուն Դաշխին հոս է: Կիները սուրճը անուշ կ’ընէին, «միշտ ըլլայ» կ’ըսէին հիւրընկալին ու յատուկ արարողակարգով գաւաթները կը դարձնէին, մէկ-երկու անգամ կը բանային, դեռ թաց է՝ կը դարձնէին, կը չորցնէին ու կու տային Դաշխիին ձեռքը:
Դաշխին կը նայէր. նախ դիտողութիւն մը կու տար «գաւաթդ լաւ չես դարձուցած, մէկ կողմի վրայ դարձուցած ես, մէկ կողմ հաւաքած ես… սուրճը ափսոսցած էք, սուրճենիդ թոյլ էր, տակը դիրտ չկայ…»
Անշուշտ արդարացումներ կ’ըլլային, չափէն աւելի խարկուած է, տեսակը լաւ չէ, այս անգամ Երկար Վահանի խանութէն առի, Փայլուն Վահանին սուրճը աւելի լաւ կ’ելլէ…
Ու Դաշխի նախ կը սկսէր գաւաթի արտաքին երեսը կարդալ. եթէ սուրճը հոսած ու գիծ մը կազմած ըլլար՝ ճամբայ ունիս, երկու գիծ ըլլար՝ հիւր ունիս, ապա կ’անցնէր ներսը կարդալուն, յատակը եթէ սուրճը կուտակուած ըլլար՝ կ’ըսէր սիրտդ ուռած է, նեղութիւն մը անցուցած ես, խէր ըլլայ… Այստեղ բարի լուր մը կայ, թռչուն կ’երեւի, պիտի ուրախանաս, փաթեթ մը դուռիդ առջեւ է, հեռուէն կու գայ, ուղտը կ’երեւի… Ուխտ մը ունիս, շուտով կատարէ… Աղջի՛կ, հոս գործի մը ծրագիրը ունիք, յաջողութեան պիտի հասնիք…
Գաւաթին տէրը կը ժպտար, աչքերը կը փայլէին, «ինչ գործ է ատիկա» կը հարցնէին, բերնէն բան մը կը փախցնէին, ու ատիկա ամբողջ գիւղի բերնին նիւթ կ’ըլլար մէկ ժամէն…
Գաւաթին տէրը բթամատը կը սեղմէր գաւաթին տակը կը քաշէր, Դաշխին հոն ալ կը նայէր:
– Նոյնը ցոյց կու տայ, յաջողութիւնը դռանդ առջեւ է, օձ մը կ’երեւի, կոխէ անցիր- կ’աւելցնէր:
– Եթէ ըսածդ ելլէ՝ քեզի նուէր մը կայ,- կ’ըսէր գաւաթին տէրը:
Նուէրը աքլոր մը կ’ըլլար, տասը հաւկիթ, ալ ինչ որ կայ, բայց չկայ Դաշխիին քով:
Մունաճճէմի հռչակ վայելող մարդոց կամ կիներու տուներուն այցելուները յաճախադէպ կ’ըլլային, յատկապէս աղջկան ծնողքին կողմէ անգամ մը մերժուած երիտասարդները. կը մտնէին բակ իբրեւ թէ այդտեղէն պատահաբար անցնելու ատեն ու գաւաթ մը ջուր կ’ուզէին: Հիւրին տրուած ջուրը առանց սուրճի չէր ըլլար: Սուրճը խմելէն ետք գաւաթը չդարձնել չէր ըլլար, դարձած գաւաթը չբանալ ու չկարդալ չէր ըլլար: Դաշխին լաւ կը հասկնար գաւաթի տիրոջ ներքին աշխարհը, կարդացածը ամէն պարագայի կիրքն ու սպասումը կը հանդարտեցնէր…
– Չեմ գիտեր, գաւաթդ այդպէս կ’ըսէ,- կ’աւելցնէր:
Սուրճը քաղցր կամ միջակ պէտք է ըլլար: Բարկացած, վախցած կամ օղին աւելի փախցուցած մարդոց միայն լեղի սուրճ կը հրամցնէին: Այդ օրերուն առանց շաքարի սուրճը ընդհանրացած չէր: Շաքար չեղած տեղը տանտիկինը դգալիկ մը խաղողի ռուպ կը խառնէր սրճեփին մէջ: «Սուրճդ շարպաթի (օշարակի) կը նմանի» կ’ըսէին դժգոհները:
***
Ամէն հիւրի սուրճ կը հրամցուէր, բակէն անցնող դարձողին, դրացի արտին մէջ աշխատողին, աղբիւրէն ջուր կրողին, դուռդ բախողին: «Հայտը սուրճ խմելու… սուրճի ատենը եղաւ» կը կանչէին: Ծխախոտի մետաղեայ տուփերը կամ քսակները կը բացուէին, չիբուխները կը վառէին, «Առանց մուխի սուրճ չի խմուիր» կ’ըսէին:
Վերի թաղի Հաննան ալ կը յայտնուէր արահետի ծայրին.
– Շուտ ըրէ, սուրճը եղաւ,- կը կանչէր մէկը:
_Հոտը մինչեւ վերի պաղչէն հասաւ, ալ ինչպէս դիմանայի,- կ’ըսէր, կու գար կը նստէր քարին, ու
-Ուր է, ի՞նչ եղաւ սուրճս, -կը հարցնէր դիտողութիւն տալու պէս:
Քեսապցիները սուրճը սեւ ջուր (սիվ ջէօր) ալ կը կոչէին.
– Սեւ է, բայց երես կը ճերմկցնէ,- կ’ըսէին հիւրերը ճամբելէ ետք:
Յատուկ առիթներու հիւրերը կրնային ճոխ հիւրասիրութեան արժանանալ, համադամ ճաշեր, գաւաթ մը երկու առիւծի կաթ, այսինքն՝ օղի, արտէն ու պարտէզէն արեւահամ միրգեր, բայց եթէ պատահէր, որ արագ շարժէին սեղանէն ելլելու՝ «Ամա ագահ մարդ է,- կ’ըսէին,- գաւաթ մը սուրճ ալ չարժեցինք իրեն համար»:
Սուրճը յատուկ իմաստ ունէր խնամախօսութեան ատեն. գիշերը ներս կը մտնէին տղան, տղուն հայրը, հօրեղբայրը, կնքահայրը: Յայտնի էր. աղջկան ձեռքը ուզողներ են: Աղջիկը, դեռ նիւթը չբացած, արագ, եթէ դառն եւ առանց շաքարի սուրճ հրամցնէր, այդ ալ ըսել է՝ չեմ ուզեր, ձեր բախտը ուրիշ տեղ փնտռեցէք: Շատ քաղցր սուրճը համաձայն ըլլալու նշան էր. տէ՛, խօսեցէ՛ք…
Սուրճը ամէն հիւրասիրութենէ ետք կը հրամցուէր, բայց սգոյ տուներուն մէջ՝ միայն սուրճ: Մասնակիցները խնդութեան կամ սգոյ տուներուն կէս քիլո սուրճ կը տանէին:
Այր մարդոց հաւաքներուն սուրճը կարեւոր դեր ունէր կատարելիք: Մարդիկ կը մէկտեղուէին Քահուէճի Մինասին սրճարանը, Ժողովրդային գրադարանի ներքնայարկը կամ գիւղերու մէջ որեւէ տան սաքուին տակ. կու գային օրակարգով մը կամ օրակարգ մը սեղանին վրայ դնելու մտադրութեամբ: Հոս առաջին սուրճը հանգամանք կու տար հաւաքին: Բարկացած ու դողացող ձեռքերը կը հանդարտէին, որ գաւաթը շրթունքին հասանելի ըլլար, որ սուրճը հարամ ընողի պիտակոււմ չունենային: Սուրճի իւրաքանչիւր ումպին հետ միտքերը կը բացուէին ու հատիկ-հատիկ, առանց կիրքի ու պոռչտուքի` գիւղին, ճամբուն, աղբիւրին, եկեղեցւոյ, դպրոցին հարցերը կը լուծուէին: Չեղաւ՝ երկրորդ սուրճ մըն ալ կը հասնէր: Առանց սուրճին շուրջ բոլորուելու՝ հարցերը չէին լուծուեր:
Այսպէս էր: