ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Կիրակի առտու է:
Հակառակ ցուրտ օդին, (այս տարի ձմեռը շատ շուտ սկսաւ իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել) կը շտապեմ մօտակայ հացատունը, ֆաքթուրա (croissant կիսալուսնի եւ այլ ձեւերով քաղցր խմորեղէն) գնելու:
Փուռէն նոր ելած տաք եւ ախորժագրգիռ ֆաքթուրաները կ’ընտրեմ, կը վճարեմ եւ դուրս կ’ելլեմ:
Դիմացէն՝ դէպի իմ կողմս կու գայ Լիլիթը, որ մի քանի տարի առաջ Հայաստանէն հոս փոխադրուած է ընտանեօք:
-Ի՞նչ կ’ընես այսքան կանուխ – կը հարցնեմ:
– Փոքր մանչս պասքէթ- պօլի մրցում ունի, քլուպ պէտք է գնանք:
Իրեն կը պատմեմ ճամբորդութիւնս դէպի մայր հայրենիք, կրած տպաւորութիններս, փառաւոր տօնակատարութիւնը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեայ տարեդարձին առթիւ, ժողովուրդին խանդավառութիւնը, լաւատեսութիւնը եւ ակնկալութիւնները այս նորընտիր կառավարութենէն:
– Գիտեմ- կը հաստատէ գոհունակութեամբ -ինձ ծանօթ մի քանի ընտանիքներ էլ արդէն վերադարձել են եւ ուրիշներ էլ պատրաստւում են գնալու:
– Մեր դպրոցի հայաստանցի աշակերտներու ծնողներէն ոմանք եւս որոշած են ետ երթալ,- կ’աւելցնեմ :
Լիլիթ Երեւանի մէջ, Ներքին Գործոց Նախարարութիւն կ’աշխատէր, որպէս յունարէնի թարգման եւ լաւ ամսավճար կը ստանար: Ամուսինը իր սեփական գործատեղին ունէր եւ տնտեսապէս շատ լաւ դիրք ունէին:
Անցեալները, երբ կը յայտնէր իր կրած յուսախաբութիւնը այս երկրէն.
-Է՜ ինչու՞ եկաք- հարցուցի:
– Որպէսզի իմ երեխէքը բանակ չգնան-պատասխանեց:
Հոս եկած է եւ կ’աշխատի վարսայարդարի մը մօտ, որուն յաճախորդներուն մեծ մասը հայեր են, եւ որոնցմէ կարելի է իմանալ մեր գաղութի վերջին անցուդարձերը եւ բամբասանքները : Վարսաւիրանոցը միայն իգական սեռին յատուկ չէ. հետեւաբար լուրերը եւս միակողմանի չեն. այլազան են:
Փողոցը կը տեսնեմ քուրջերու կոյտի մը վրայ երկարած եւ վրան պատռտուած ծածկոց մը քաշած՝ երիտասարդ մը, որ անդորր եւ խաղաղ կը քնանայ. կարծես հանգստաւէտ ննջարանի մը մէջ գտնուէր: Իր քով փայտէ ցածլիկ սեղանի մը վրայ շարած է տասնեակ մը հին գիրքեր, որոնք ծախու են,անշուշտ,եթէ գնող ըլլայ:
Կը խղճամ իրեն:
Վերջերս բազմացած է թիւը այսպիսի անպատսպար մարդոց, որոնք փողոցներուն մէջ անկիւն մը կը կծկուին եւ գիշերը բացօթեայ կ’անցընեն,կամ գնացքներու կայարաններու նստարաններուն վրայ կը պառկին:
Ներկայիս՝ Արժանթին կ’ապրի տնտեսական սուր տագնապ մը: Սղաճը սպառնալիքի մը վերածուած է հասարակութեան միջակ եւ վարի խաւերուն համար, որոնք կը ջանան միայն անհրաժեշտ պիտոյքները գնել:
Ամէն օր գիներու յաւելում ամէն տեսակ ապրանքներու վրայ, ուտելիք, հագուստեղէն, վարձք, կրթական, բժշկական եւ ընկերային սպասարկութեանց,բայց ամենէն անտանելին կազի, լոյսի եւ ջուրի սակերու անսովոր մագլցումն է:
Վերէն մեզի կը թելադրեն, որ կարելի եղածին չափ նուազագոյնի իջեցնենք ջեռուցումի եւ լոյսի սպառումը:
Բոլոր յաւելումներէն զրկուողը, դժբախտաբար՝միայն աշխատավարձն է, որ կը յամառի նոյնը մնալ եւ քայլ մը առաջ չշարժիլ :
Այս անձուկ վիճակը իր ամրապինդ օղակներով կը սեղմէ ամենախեղճ դասակարգին եւ տարիքոտ թոշակառուներուն կոկորդը :
Մեր տան կից պողոտային վրայ, որքան վաճառատուներ իրենց փեղկերը վերջնական կերպով գոցած եւ գացած են:
Ընդհանուր դժգոհութիւն մը յառաջացած է ժողովուրդին եւ քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ այլախոհ խմբաւորումներու մէջ:
Որպէս բողոք այս տիրող կացութեան, վաղը՝ Երկուշաբթի ամբողջ երկրին մէջ ընդհանուր գործադուլ յայտարարած են : Այսինքն ամբողջ երկիրը պիտի կենայ. ո՛չ փոխադրական միջոցներ, ո՛չ մէկ պետական, կամ յատուկ հաստատութիւն, կամ սպասարկութիւն, ոչ իսկ օդանաւային թռիչք պիտի գործեն:
Պետութեան ուղղուած մեծ հարուած մը:
Տնտեսական տագնապը կարծես չէր բաւեր, իբրեւ լրացուցիչ պատիժ՝Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ֆութպոլի մրցաշարքին, Արժանթինի կրած ամօթալի պարտութիւնը երկու խումբերէ, որ զինք դուրս մնալու վտանգին առջեւ դրաւ, կրկնակի ցաւ պատճառեց բոլորիս:
Հիմա ակնդէտ կը սպասենք Երեքշաբթի օրուան՝Նիկերիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցախաղին: Մաղթենք, որ խաղը դրական արդիւնքով վերջանայ ի նպաստ մեզի:
Քայլերս կ’արագացնեմ,տուն կը հասնիմ:
Միակ արթունը՝ կատուս է, Ատոնիսը, որ ինծը կը սպասէ: Իրեն կաթ կու տամ, հապճեպով կը լակէ եւ կը շարունակէ աչքերուս նայիլ, կ’երեւի չէ կշտացած տակաւին :
Ապա՝ ինծի համար կը պատրաստեմ կաթով սուրճը եւ բաժակս լեցուցած՝ կը նստիմ փառաւոր նախաճաշս վայելելու , միաժամանակ թերթը կարդալով:
Սենեակը արեւով ողողուած է եւ հաճելի է տունը մնալ: Լիովին կ’ըմբոշխնեմ կիրակնօրեայ այս լռութիւնը, խաղաղ մթնլոլոտը, ընթերցումս, նախաճաշս եւ որեւէ պարտականութենէ զերծ ըլլալու ազատութիւնս:
Յանկարծ՝ կը լսուի մեր եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը, որ ձեւով մը կ’ընդմիջէ վայելքի այդ հեշտալի զգացումս:
– Օ՜հ, – կ’ըսեմ յանցանքի զգացումով, որ կ’ենթադրէ չերթալու տրամադրութիւնս – երթա՞մ թէ չերթամ: