ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ 24 Մայիսին յայտարարեց, թէ իր ու Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի միջեւ 12 Յունիսին Սինկափուրի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, փոխնախագահ Մայք Փենսի ստեղծած սուր բանավէճին պատճառով։
Արդարեւ, Փիոնկեանկ, որ արդէն իսկ անհանգստացած էր Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդականին մէկ յայտարարութենէն, թէ՝ բանակցութիւններէն առաջ իսկ Հիւսիսային Քորէան պէտք է խոստանայ ձերբազատուիլ իր հիւլէական զէնքերէն, 23 Մայիսին ա՛լ աւելի զայրացաւ, երբ Փենս յայտարարեց, թէ Հիւսիսային Քորէան կրնայ Լիպիոյ ճակատագիրը ունենալ, եթէ չձերբազատուի իր հիւլէական զէնքերէն։
Հակադարձելով Փենսի այս յայտարարութեան՝ Փիոնկեանկ, որ արդէն իսկ հարցականի տակ առած էր վեհաժողովին կայացումը, «տխմա՛ր» որակեց Փենսը։
Նշենք, որ օտար լրագրողներու ներկայութեամբ, Հիւսիսային Քորէան 24 Մայիսին քանդեց իր հիւլէական փորձերու մէկ կեդրոնը։