ԱԹԷՆՔ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Սպանիա Յունաստանին վստահեցուցած է, որ Թուրքիոյ յարձակողական սպառազինութիւն պիտի չմատակարարէ, յայտնեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս, Աթէնքի մէջ Սպանիոյ իր պաշտօնակից Հոսէ Մանուէլ Ալվարեզի հետ հանդիպումէն ետք:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ խիստ կերպով քննադատեց Թուրքիան՝ նշելով․ «Այսօրուան Թուրքիան Միջերկրական ծովուն մէջ ապակայունացման գործօն է եւ ` Յունաստանի դէմ պատերազմի սպառնալիքներ կը կատարէ: Ասիկա աննախադէպ բան է: Թուրքիա մոլորակի միակ երկիրն է, որ այլ երկրի դէմ պատերազմի սպառնալիք կը հնչեցնէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ երկիրը իր օրինական իրաւունքը կը գործադրէ»:
Անգարա նախապէս յայտարարած էր, որ իր տարածքային ջուրերը 6էն 12 մղոնի ընդլայնելու Աթէնքի որոշումը կրնայ պատերազմի պատճառ դառնալ, որովհետեւ այդ «կը խախտէ Թուրքիոյ ազգային գերիշխանութիւնը»:
Յունական դիւանագիտութեան պետը այս առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ զինուորական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու Սպանիոյ մտադրութեան նկատմամբ:
«Ես ընդգծած եմ, որ 2008էն սկսեալ` զինուորական ճարտարագիտութիւններու արտածումը կարգաւորող ընդհանուր կանոններ սահմանելու մասին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի 8 Դեկտեմբեր 2008ի «Ընդհանուր դիրքորոշում»ին մէջ անդամ պետութիւնները պարտաւորութիւն ստանձնած են չմատակարարելու ճարտարագիտութիւններ, սարքեր եւ զինուորական սպառազինութիւն, որոնք կրնան յարձակողական գործողութիւններու մէջ կամ շրջանային ապակայունացման համար օգտագործուիլ», նշեց Տենտիաս:
Նախարարը յայտնեց, որ իր սպանացի պաշտօնակիցէն հաստատ երաշխիքներ ստացած է, որ Սպանիա գործած է եւ միշտ պիտի գործէ եւրոպական որոշումներու ծիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յունաստան մտահոգ էր Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումով, մասնաւորաբար, անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան եւ նաւաշինութեան ոլորտին մէջ: Համագործակցութեան ծրագիրներու մասին յայտարարուած էր Նոյեմբերին, Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի միացեալ մամլոյ ասուլիսի նընթացքին:
Աթէնքի կատարած քննադատութենէն ետք, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը որոշած էր շտապ կերպով այցելել Աթէնք, որպէսզի բացատրէ սպառազինութիւններու մատակարարման մասին Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ համաձայնագիրներուն էութիւնը: