Անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ծագած բանավէճի թեր ու դէմ հակազդեցութիւնները շարունակուեցան անցնող օրերուն` սպառնալով ծանր ու դառն հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի առանց այդ ալ այլազան տագնապներու տակ կքած կացութեան վրայ: Փաստօրէն, հակառակ կայացած միջնորդական բարերար նախաձեռնութիւններուն, կը թուի, թէ կացութիւնը դէպի բարդացում կ՛ընթանայ:
Արդարեւ, նախարար Ժորժ Քըրտահի շաբաթավերջին այցելեց Պքերքէ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Նմանապէս Քըրտահի խորհրդակցեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որ յայտնեց, թէ Քըրտահի ուզած է հրաժարական յայտարարել, սակայն ինք (Ֆրենժիէ) չէ արտօնած, «որովհետեւ չեմ ուզեր, որ ան քաւութեան նոխազ դառնայ»: Աւելի ուշ նախարար Քըրտահի լրագրողներու կողմէ հարցապնդուելով յայտնեց, թէ ինք տրամադիր չէ հրաժարելու:
Սէուտական Արաբիա «կարծրացուց» իր կեցուածքը` դիտել տալով, որ Լիբանան ընդհանուր վերանայումի եւ բարեկարգումի կը կարօտի: «Լիբանանի հետ տագնապ չկայ, տագնապը Լիբանանի մէ՛ջ է ու անիկա նախարարի մը յայտարարութենէն անդին, աւելի խոր բնոյթ ունի», յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ըստ Ֆարհանի, հարցը «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հեղինակութեան գերակայութիւնն է»:
Իրերու այս դրութեան մէջ վարչապետ Միքաթի ձեռնարկեց քուլիսային խորհրդակցութիւններու, առ այդ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան կողմնակի հանդիպում ունեցած են Կլասքոյի մէջ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած են Լիբանանի նորագոյն իրավիճակին զարգացումները:
Իր կարգին, Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Սամուէլ Ուերպըրկ երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը լիբանանեան իշխանութեան` նշելով , որ Միացեալ Նահանգներ միջամուխ չեն ուզեր ըլլալ Լիբանանի հարցերուն: Ամերիկացի դիւանագէտը միաժամանակ յայտնեց, թէ նոր անձնաւորութիւններու դէմ եւս պատժամիջոցներ տնօրինուած են փտածութեան մեղադրանքով: Ուերպըրկ ընդգծեց իր երկրին զօրակցութիւնը նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին` պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու «յատկացուող օժանդակութիւնները»:
Նմանապէս, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները շրջանային թէ միջազգային «բանալի» պատասխանատուներու հետ` հարթելու համար ձիւնագնդակի նման գլորուող եւ ուռճացող այս «դիւանագիտական» տագնապին հետեւանքները: Այս իմաստով ան արդէն իսկ կապ հաստատած է ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, իսկ այսօր խիստ հաւանական է, որ վարչապետ Միքաթի խորհրդակցութիւններ ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որոնք նոյնպէս ներկայ են կենսոլորտի նշեալ վեհաժողովին, Կլասկոյի մէջ:
Նախքան այդ, վարչապետ Միքաթի մնայուն կապի մէջ էր Լիբանանի առնչակից պատասխանատուներուն, յատկապէս` արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ, անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով նորածագ այս թնճուկի հարթումին համար: Այս իմաստով արդէն իսկ շաբաթավերջին կազմուած էր «տագնապի լուծման կորիզ»-ը, որ սակայն «աւարտած» է իր «առաքելութիւնը», ինչպէս որ հաստատեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Նախարար Պու Հապիպ մերժեց այն վարկածը, թէ Հըզպալլա գերակշիռ իշխանութիւն ունի Լիբանանի մէջ` ընդգծելով, որ «Հըզպալլա կարեւոր մէկ մասնիկ է Լիբանանի մէջ եւ ունի իր առանձնայատկութիւնները»: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը «տարօրինակ» գտաւ Սէուտական Արաբիոյ ցուցաբերած «դառն ու կարծր» կեցուածքը Լիբանանի նկատմամբ` դիտել տալով, որ ընդհանրապէս վէճերը կը լուծուին երկխօսութեամբ:
«Վախնամ, որ սիրելի բարեկամս, նախարար Ժորժ Քըրտահին քաւութեան նոխազ դառնայ այս հարցին մէջ», յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ գիշեր պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին: Ան նշեց, որ «տագնապի լուծման կորիզը» աւարտեց իր գործը, եւ մենք` նախարարներս կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնները:
Հետեւանքներ Եւ Մտավախութիւններ
Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ «Ռիատ» հրապարակը վերակոչուեցաւ «Ժորժ Քըրտահի» անունով: Փոխադարձաբար, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի նկարները պարզուեցան Թրիփոլիի եւ Մինայի հրապարակներուն վրայ:
Այս միջոցին Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր զօրավիգ Արաբական ծոցի երկիրներ տուն կանչեցին իրենց դիւանագիտական կազմերը` թելադրելով Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիներուն վերադառնալ իրենց երկիրը ապահովական նկատառումներով: Արդարեւ, բացի Քաթարէն եւ Օմանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն, Քուէյթ «վտարեցին իրենց մօտ պաշտօնավարող լիբանանեան դիւանագիտական կազմերը: Տեղեկութիւններ կան, որ այս կեցուածքները առաւել եւս սաստկանան, եւ առկախուին Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ օդանաւային թռիչքները, ինչպէս նաեւ` դժուարութիւններ յարուցուին հոն աշխատող լիբանանցիներու կողմէ դէպի Լիբանան իրենց հարազատներուն նիւթական օժանդակութեանց ուղարկման գծով: Նմանապէս դադրեցուած են լիբանանեան արտածումներու մուտքը նշեալ երկիրներ: Այս բոլորի լոյսին տակ կը թուի, թէ տագնապը պիտի ունենայ իր անխուսափելի նիւթական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները: Լիբանանեան ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերը զգալիօրէն պիտի տուժեն ու կաղան: Աւելի՛ն, իրազեկ աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին ապահովական վիճակի վատթարացման գծով: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ արտաքին կողմեր զգուշացուցած են տեղական կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ խմբաւորումներ` հաւանական ապահովական խլրտումներէ, որոնք կրնան զերծ չըլլալ ահաբեկչական սպանութիւններէ:
Դարձեալ նոյն մտահոգութեամբ, իսրայէլեան պատասխանատու մարմին մը նախապայման նկատած է, որ Լիբանանի յատկացուող որեւէ օժանդակութիւն պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ, որ անիկա չսպառնայ Իսրայէլի ապահովութեան:
Այս միջոցին, լիբանանեան թղթոսկին շարունակեց իր գահավիժումը, եւ ամերիկեան տոլարին սակագինը երէկ` կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, իր կարգին յաւելում արձանագրեց հասնելով 20950 եւ 21100 լիբ. ոսկիի:
Ապրանքներու փոխանակման միջազգային «Տի.Էյչ. Էլ.» ընկերութիւնը իր յաճախորդներուն յայտնեց, թէ ապրանքներու փոխանակումը կը շարունակէ բացի Սէուտական Արաբիայէն` սպասելով այս գծով նոր որոշումներու: