ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ամերիկեան վարչակազմը Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ վերջին քայլերը կը նկատէ «ռուսական ներխուժման սկիզբ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Ճանըթըն Ֆայնըր:
Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Փութինի կատարածը Ուքրանիոյ հողեր ներխուժման սկիզբ է, եւ ասիկա միջազգային ընտանիքին կողմէ վճռական ու արագ պատասխան կը պահանջէ»: Ան նաեւ Ռուսիոյ դէմ ելեւմտական եւ առեւտրական առաջին պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժման յաւելեալ քայլեր առնէ:
Միւս կողմէ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրանս Թիմերմանսի կարծիքով` Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութեան ճանաչման Արեւմուտքի արձագանգը «պիտի որոշէ ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի ապահովութեան ապագան», աւելցնելով. «Այսօր, անտարակոյս, Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ ամէնէն մութ օրերէն մէկն է»:
Եւրոպական Միութիւնը, Ճափոն եւ այլ երկիրներ եւս Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանեցին:
Նշենք, որ Ռուսիոյ օրէնսդիր մարմինը վաւերացուց նաեւ Տոնպասի տարածք ռուսական զօրք մտցնելու վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի որոշումը, «խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակով»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը աւելի ուշ յայտնեց. «Մեր ուժերը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հողերը պիտի պաշտպանեն որեւէ արտաքին յարձակումէ», մինչ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Տոնպասի մէջ կացութիւնը կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ ի հարկին, պէտք է պաշտպանել շրջանին բնակիչները:
Մոսկուա կը պնդէ, թէ Տոնպասի ռուսամէտ քաղաքացիները հալածանքներու կ՛ենթարկուին Ուքրանիոյ կողմէ։