ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ 2020-ին լոյս տեսաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործում. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի. Ազդարար 225» գիրքը, ուր ամփոփուած են հայ մամուլի 225 ամեակին նուիրուած գիտաժողովի նիւթերը:
Արդարեւ, ազգային գրադարանին մէջ 28-29 նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործում. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» խորագիրով գիտաժողովը նուիրուած հայ մամուլի 225-ամեակին: Զեկուցումներով հանդէս եկան 42 մասնակիցներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Գիրքը բաղկացած է 318 էջերէ. կազմող` Հ. Ղազարեան, խմբագիր` Ա. Խառատեան: «Յօդուածներ» բաժինին մէջ զետեղուած է 28 նիւթ, «Ելոյթներ» բաժինին մէջ` 2 նիւթ, «Հաղորդում» բաժինին մէջ` մէկ նիւթ:
«Ազդարարը մատենագիտական ցանկերում» յօդուածին մէջ Արմինէ Յակոբեան կ՛ըսէ, որ հայ պարբերական մամուլի առաջնեկ հանդիսացող «Ազդարար» պարբերականը դարձաւ առաջնորդող ջահ հետագային տպագրուած պարբերականներու ու ամսագիրերու հոծ բանակի համար:
«Հայրենիք ամսագիրը եւ Համաստեղի գրական մուտքը» յօդուածին մէջ Մարգարիտա Խաչատրեան կ՛ըսէ, որ Պոսթընի մէջ հրատարակուած «Հայրենիք» ամսագիրը բացառիկ դեր ունի Համաստեղի ստեղծագործական կեանքին մէջ: Համաստեղծ համոզուած էր, որ սփիւռքահայութիւնը իր գոյատեւման տասնամեակներու ընթացքին ստեղծած է մշակութային երկու բացառիկ իրողութին` «Հայրենիք» ամսագիրը եւ Պէյրութի Հայ Ճեմարանը:
«Հայ մամուլի դերն ու կոչումը ըստ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի» յօդուածին մէջ Տարօն Տէր Խաչատուրեան կ՛ըսէ, որ հայ մամուլի կոչումը վերլուծելով Արտաշէս Տղր Խաչատուրեան կը հաստատէ, թէ հայ մամուլը հայ ժողովուրդի հաւատարիմ ուղեկիցն է ու հայելին իր գոյութեան սկզբնական օրէն ի վեր:
«Ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի եռամիասնութիւնը Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերում» յօդուածին մէջ Մարիամ Յովսէփեան կ՛ըսէ, որ «Ճակատամարտ» օրաթերթը լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ 1918-1924 տարիներուն: Առաջին իսկ համարներէն սկսած մինչեւ հրատարակութեան վերջին օրը «Ճակատամարտ» տպագրած է Ցեղասպանութեան տարիներուն զիրար կորսնցուցած ընտանիքներու փրկուած անդամներու յայտարարութիւնները: Այդ միջոցով շատեր զիրար գտած են եւ կրկին գոյատեւած իբրեւ ընտանիք:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի հիմնումն ու հրատարակութեան առաջին տարիները» յօդուածին մէջ Եդգար Յովհաննիսեան կ՛ըսէ, որ «Հասկ» սկսած է հրատարակուիլ 1932-էն, Բաբգէն կաթողիկոսի խմբագրապետութեամբ: «Հասկ»-ը գրեթէ իր բոլոր համարներուն մէջ ոչ միայն լուսաբանած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսուեթան ընթացիկ գործունէութիւնն ու ձեռնարկները, այլեւ անդրադարձած է հայապահպանութեան խնդիրներուն, հոգեւոր կեանքին, կրթութեան ու ազգային դաստիարակութեան հարցերուն:
«Սիոն» պաշտօնաթերթը հայ պարբերական մամուլի համապատկերում» յօդուածին մէջ Ներսեհ աբեղայ Ալոյեան կ՛ըսէ, որ «Սիոն» ամսագիրով Երուսաղէմի մէջ սկսաւ հայ լրագրութեան պատմութիւնը»: «Սիոն»-ը մտքի երկունքն է երկու արծուահայեաց սաղիմաշուն տիտաններու` Եսայի Դ. Կարապետեան եւ Եղիշէ Ա. Դուրեան պատրիարքներու: «Սիոն»-ը լուսաբանեց այնպիսի նիւթեր, որոնք կենսական անհրաժեշտութիւն էին հայոց համար:
«19-րդ դարավերջ եւ 20-րդ դարասկիզբի հայոց ազատագրական պայքարի արտացոլումը հայ պարբերական մամուլում. յօդուածին մէջ Էդիկ Մինասեան կ՛ըսէ, որ «Հնչակ»-ի, «Մշակ»-ի, «Դրօշակ»-ի եւ «Արմենիա»-ի էջերուն մէջ ներկայացուած է ֆետայական պայքարի առանձին դրուագներ:
«Ազգային-ազատագրական շարժման արտացոլումը Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրում» յօդուածին մէջ Խաչատուր Ստեփանեան կ՛ըսէ, որ առանձնական ուշադրութեան արժանի են ամսագիրին մէջ հրատարակուած հայ ազգային-ազատագրական շարժման մասնակիցներու յուշերը:
«Մամուլ. այսօրուան խնդիրներ եւ մշակութային հայրենադարձման հրամայական» խորագրեալ ելոյթով հանդէս կու գայ Շահան Գանտահարեան. ան կ՛ըսէ, որ մարդ անհատը այսօր ինք վերածուած է լրատուամիջոցի եւ որ օրական կրնայ ոչ միայն լրատուութիւն տարածել, այլ նաեւ ինքը լրատուութիւն արտադրել: Բայց տպագիրը մնայունի համոզումը կը փոխանցէ: Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տայն, որ վերլուծական յօդուած կամ մեկնաբանական գրութիւն մարդիկ կը նախընտրեն կարդալ դասական ձեւով: Լրագրողական արուեստն ու ակնկալուած հմտութիւնը այսօր բոլոր միջոցներու լիարժէք օգտագոգրծումն է համատեղ: Դասական մամուլի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ այսօրուան իրականութեան եւ նորարարութեան հետ հաշուի նստելու պարտաւորութեան տակ է:
«Մամուլը ժողովուրդի բազմկերակ» ելոյթով հանդէս կու գայ Համբիկ Մարտիրոսեան, ան կ՛ըսէ, որ ժողովուրդներու կեանքէն ներս, մամուլ, համացանց ու կայքեր, հեռատեսիլ ու ձայնասփիւռ, որպէս ազդեցիկ զէնքեր, իրենց ունեցած բարօր դերակատարութեանց կողքին ունին նաեւ յեղաշրջող կարեւոր ազդեցութիւն: Լրագրութիւնը արուեստներուն ու արհեստներուն ամենագեղեցիկն է: Լրագրական ասպարէզը միաժամանակ ունի գերազանաց հետաքրքութիւն: