Իր մահկանացուն կնքեց գրականագէտ, հրապարակախօս,արուեստաբան եւ հայ մամուլի բարեկամ Ստեփան Թօփչեան։
Ան ծնած էր 1937-ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկին պատմալեզուագրական բաժանմունքը: 1959-ին աշխատած է Արտասահմանեան երկրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութեան մէջ, իսկ 1960-1966-ին՝ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ. 1967-1976-ին եղած է ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի, ապա հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող, իսկ 1976-1979-ին՝ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալը: 1979-էն աշխատած է «Սովետական Գրող» հրատարակչութեան մէջ: 1967-էն եղած է ՀՀ Գրողներու միութեան անդամ: 1993-էն սկսեալ մասամբ բնակած է Միացեալ Նահանգներ, աշխատակցելով ամերիկահայ մամուլին, ի մասնաւորի՝ «Ասպարէզ»ին:
Վերջին տարիներուն պարբերաբար ապրած ու ստեղծագործած էր Հայաստանի մէջ: Անոր հիմնական աշխատութիւններէն են՝ «Շիրվանզադէի Էսթետիկան» (1963), «Ռաֆֆու Էսթետիկական Հայեացքները» (1971), «Հայ Նոր Գրականութեան Պատմութիւն» հատորին «Դանիէլ Վարուժան» գլուխը (հատոր 5, 1979), «Անհունի Անդրադարձը» (1982) եւ «Կերպ Եւ Իսկութիւն» (1985)։
Անոր վերջին՝ «Երուանդ Քոչար», մենագրութիւնը հրատարակուելու ընթացքի մէջ է: