ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Օգոստոս 8ին, Ստեփան Փարթամեան պիտի սկսի իրականացնելու «Knowledge Truck» ծրագիրը՝ միամսեայ ձեռնարկ մը, որուն միջոցաւ բազմահազար ամերիկացիներ պիտի ծանօթանան այն հսկայական սատարին, զոր ամերիկահայերը բերած են Միացեալ Նահանգներուն եւ մարդկութեան:
Ծրագիրին առանցքն է «Knowledge Truck» կառքը. 12 հոգինոց van մըն է այս, որուն ներքնամասը յարմարցուած է մահճակալ մը տեղադրելու համար: Փարթամեան անով պիտի շրջագայի Միացեալ Նահանգներու 48 նահանգները (բացի Ալասքայէն ու Հաուայիէն), կանգ առնելով հարիւրաւոր սիրուած տեղեր՝ յուշարձանային համալիրներ, փառատօներու վայրեր, հանրային պարտէզներ եւ ճեմավայրեր, ուր «Knowledge Truck»ը պիտի ծառայէ որպէս տեղեկութիւն մատուցանող շարժական կեդրոն մը:
Իւրաքանչիւր վայր կանգ առնելով՝ Փարթամեան վաստակաշատ ամերիկահայերու եւ անոնց գործերուն մասին կարճ տեսաերիզներ պիտի ցուցադրէ՝ օգտագործելով «Knowledge Truck»ին վրայ տեղադրուած պատկերասփիւռի մախ պաստառ մը:
«Այսպիսով, «Knowledge Truck»ը ինքնաբերաբար բազմաթիւ հանդիսատեսներ պիտի ներգրաւէ», կը բացատրէ Փարթամեան:
Ցուցադրուելիք տեսաերիզները, որոնք հակիրճ վաւերագրականներ են, պիտի ներկայացնեն ամերիկահայերու կողմէ ամերիկեան քաղաքակրթութեան եւ առ հասարակ մարդկութեան բերուած հարուստ սատարը՝ ընդգրկելով բազմազան նուաճումներ՝ արուեստի, գրականութեան, գիտութեան, ճարտարագիտութեան, դիւանագիտութեան, ակադեմական, քաղաքականութեան, բժշկութեան, լրագրութեան, խոհանոցի, մարզախաղի եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Փարթամեան նաեւ պատրաստ պիտի ըլլայ պատասխանելու այցելուներու հարցումներուն: Աւելին, ան պիտի բաշխէ օրինակներ յատկապէս այս ծրագիրին համար հրատարակուած գրքոյկէ մը, որ ամերիկահայերու վաստակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պարունակէ:
Ճամբորդութեան ամբողջ տեւողութեան, Փարթամեան պիտի գիշերէ «Knowledge Truck»ին մէջ, ծրագիրի ծախսը նուազագոյնին հասցնելու համար: «Հիմա, որ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումները աւարտած են, «Knowledge Truck» ծրագիրը կը մեկնարկեմ, որպէս արտասովոր բայց մեծապէս ազդեցիկ միջոցառում մը, որուն նպատակն է Ամերիկայի եւ մարդկութեան բերուած ամերիկահայ սատարին մասին հանրային գիտակցութիւն յառաջ բերել։ Կը կարծեմ, որ այս ծրագիրը ամբողջովին կ՛առնչուի Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին՝ տրուած ըլլալով, որ տեսաերիզներուս մէջ յայտնուող բոլոր անհատները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ կամ վերապրողներու զաւակներ են: Հաւաքաբար, անոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերընձիւղման բացառիկ կարողութիւնը», կ՛աւելցնէ Փարթամեան:
«Ոչ-հայ ամերիկացիներէն շատերը գրեթէ ոչինչ գիտեն հայութեան մասին։ «Knowledge Truck» ծրագիրը կը միտի փոխել այս երեւոյթը՝ հաճելի եւ տեսողականօրէն ուշագրաւ միջոցառումով մը սովորական ամերիկացին ծանօթացնելով այն հոյակապ դերին, զոր ամերիկահայութիւնը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մեծութեան մէջ», կը շարունակէ Փարթամեան։
«Knowledge Truck»ին միջոցով ցուցադրուելիք նիւթերը Փարթամեան մեծ խնամքով հետազօտած ու հաւաքած է անցեալ տասնամեակին ընթացքին: Նիւթերը հրատարակուած են անոր՝ «Yes, We Have» մատենաշարով, եւ ընդգրկուած են հանրութեան ձրիաբար տրամադրուող «April 24» համակարգչային ծրագիրին՝ «App»ին մէջ:
««April 24 App»ը, ինչպէս նաեւ «Knowledge Truck» ծրագիրը իմ նուէրներն են հայ ժողովուրդին», կը յայտնէ Փարթամեան: «Կը կարծեմ, որ Եղեռնի հարիւրամեակի ոգեկոչումները իրենց կարեւոր տեղը ունին, բայց ի վերջոյ շատ բան չեն նշանակեր, եթէ չառնենք նաեւ ստեղծագործ քայլեր, որոնք կրնան շօշափելի արդիւնքներու առաջնորդել: Այս է պատճառը, որ ջանք չեմ խնայած «Knowledge Truck» ծրագիրը իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ այս է պատճառը, որ այս տարի Ապրիլ 24ին, փոխանակ ցոյցերու մասնակցելու՝ աշխատեցայ եւ օրուան եկամուտս նուիրեցի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ գործադրուող սքանչելի ծրագիրի մը, որուն նպատակն է Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներու տնտեսական զարգացումը: Վերջապէս, կարծեմ կարեւոր է ի մտի ունենալ, որ ծրագիրներս կ՛իրականացուին առանց որեւէ կազմակերպչական նեցուկի, հետեւաբար՝ վստահելով ժողովրդային թիկունքին: Օրինակի համար, «Knowledge Truck»ի կանխավճարը կարելի դարձաւ փոքրածաւալ նուիրատուութիւններով, եւ կը յուսամ, որ յաւելեալ աջակցութիւն պիտի գոյանայ՝ ծրագիրի ծախսը ամբողջութեամբ հոգալու համար», կ՛աւելցնէ Փարթամեան։
«Knowledge Truck» ծրագիրին ուղղուած համայնքային աջակցութիւնը դիւրացնելու համար, Փարթամեան հիմնած է ոչ-շա-հութաբեր կազմակերպութիւն մը՝ «Knowledge Truck, Inc.», որուն կարելի է տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ առաքել հետեւեալ հասցէով՝ Knowledge Truck, Inc., P. O. Box 287, Glendale, CA 91209:
Փարթամեան կը յայտնէ, թէ դէպի 48 նահանգներ իր միամսեայ ճամբորդութենէն ետք, «Knowledge Truck»ով աւելի համապարփակ շրջապտոյտի մը պիտի ձեռնարկէ՝ Քալիֆորնիոյ տարածքին: