Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նշումով, հայ եկեղեցին կու գայ բարձրաձայնելու, որ հակառակ հայ ազգի դաժան ճակատագիրին, հաւատքի կորուստն ու յանձնուիլը բնաւ մաս չեն կազմած մեր պատմութեան, եւ բոլոր փոթորիկներուն դիմաց գոյապայքարի մեր կամքը միշտ հզօրացած է: Այսպէս, գիրերու աստուածատուր գիւտով եւ Թարգմանչաց սերունդի ջանքերով, ամրապնդուած է հայ ինքնութիւնը, որուն ապացոյցներէն մէկը հայ ազգին գոյութիւնն է` ի հեճուկս զայն բնաջնջելու բոլոր ջանքերուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, սոյն տօնին առիթով մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագով եւ անկէ ետք վեհարանին մէջ տեղի ունեցած Թարգմանչաց սերունդին նուիրուած հանդիսութեամբ ու հայրապետական պատգամով բացուած կը յայտարարուի Անթիլիասի դպրեվանքին վերամուտը:
Արդարեւ, կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ին, Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին եւ դպրեվանքի 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Հայր սուրբը քարոզի նիւթ ունենալով Մովսէս մարգարէի պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան Սինա լեռ բարձրացաւ եւ պայծառացած դէմքով հոնկէ իջաւ` Աստուծոյ պատուիրանները բերելով Իսրայէլի ժողովուրդին, նոյնպէս Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, հայոց գիրերով զԱստուած տեսնելու եւ ապրելու կրակը իր սրտին մէջ ունենալով` փնտռեց հայոց գիրերը, որպէսզի հարազատ ու մայրենի լեզուով տեսնէ զԱստուած եւ խօսի Անոր հետ: Այս առիթով, հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով դպրեվանեցիներուն ըսաւ. «Մենք եւս թափօր կազմած պիտի բարձրանանք Պիքֆայայի բարձրունքը` դպրեվանք, ուր Աստուծոյ խօսքով պիտի լուսաւորուինք, որպէսզի օր մը այդ լոյսը առած` իջնենք եւ տարածենք մեր ժողովուրդի զաւակներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Մեր ժողովուրդը ծարաւ է Աստուծոյ լոյսին ու խօսքին եւ մեր կոչումն է Աստուծոյ լոյսով յագեցնել անոր ծարաւը».
Յաւարտ Ս. պատարագին, հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ` անգամ մը եւս հայ դպրոցին դռները բանալու առիթ ընծայելուն համար, որովհետեւ հայ վարժարանը ազգային արժէքներու աղբիւր է: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց սոյն արժէքները անաղարտ պահելու անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ հայ դպրոցը մեզի համար ազգային եւ հոգեւոր սրբարան է, որուն պէտք է մօտենալ երկիւղածութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղեց նաեւ հայ ծնողքին` կոչ ուղղելով, որ ան իր զաւակները չզրկէ հայեցի դաստիարակութենէ: Ինչ կը վերաբերի դպրեվանքին, վեհափառը նշեց, որ դպրեվանեցիները հոգեմտաւոր կազմակերպութեան ճամբով կը պատրաստուին ծառայելու առաքելութեան, որ իր մէջ կը ներառէ ծառայել եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին. ուստի, դպրեվանքի ջամբած կրթութիւնը շատ աւելին է, քան սովորական ուսումնարանի մը կրթական ծրագիրը: Վեհափառ հայրապետը իր սպասումը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս ակնկալութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ մօտենան դպրեվանքին, որպէսզի անիկա մեր կեանքի մայր էջին վրայ առաւել ծառայական ներկայութիւն դառնայ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ օրհնէ ու պահէ դպրեվանքն ու հայ դպրոցը:
Հանդիսութեան ընթացքին դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբը ընթերցեց տեսչական ուղերձը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ դպրեվանքի 2021-2022 տարեշրջանի ընդհանուր պատկերին: Հայր սուրբը ուրախութեամբ յայտնեց, որ դպրեվանքի մեծ ընտանիքին նոր սաները արդէն միացած են: Ան նաեւ անդրադարձաւ ուսուցչական կազմի եւ կրթական ծրագիրի փոփոխութեան ու թարմացման:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով: