ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Յարգելի Վարպետ, թանկագին Մայէսթրօ
Կ’ապրէիք մայրաքաղաք մը, յայտնուեցաք գիւղի մը մէջ:
Չէիք գիտեր ցուրտը, յայտնուեցաք ձիւներու մէջ:
Քիչ թէ շատ ապահով կեանք կ’ապրէիք, յայտնուեցաք յետպատերազմեան շրջանի առաջին տարիներու դժուարութիւններուն առջեւ:
Եւ դուք, ինչպէս վարժուած էք ըսելու՝ Աստուծոյ կամքով յաղթահարեցիք այդ ծանր պայմանները:
Այդ օրերուն ճակատագրական եղաւ Գերմանիայէն գերի բերուած դաշնամուրի մը հետ Ձեր հանդիպումը: Այդ դաշնամուրը Ձեզի քաջալերեց իրագործելու Ձեր հօրը կտակը:
Երաժշտասէր ընտանիքի մէջ ծնելով, ընտանեկան յարկի տակ Ձեր առաւօտները սկսած են ժողովրդային, Կոմիտասեան երգերով: Հասակ առիք Շիրակի դաշտի երգերով:
Կեանքի ամբողջ տեւողութեան մնացիք անսահման լաւատես, այսուհանդերձ, Ձեր երաժշտութիւնը միայն ուրախութիւն չէ իր ամբողջութեամբ: Դուք համոզուած էք, որ կեանքի մղիչ ուժը հայ ժողովուրդին համար պէտք է ըլլայ թումանեանական թէզը, այսինքն՝ նոյնիսկ լացի մէջ պէտք է փնտռել ժպիտ:
Հայրենիքի մէջ քալելով, Ձեր ոտքերը ամուր հողի վրայ կը զգաք: Ուրիշ ոչ մէկ տեղ զգացած էք այդ ջերմութիւնը: Համոզուած չէք, թէ հայ երաժիշտ- արուեստագէտ կարելի է ըլլալ, առանց՝ Հայաստանի: Սակայն, անմիջապէս իբրեւ բացառութիւն կը բերէք Գառզուի, Ժանսեմի եւ Ազնաւուրի նմաններուն օրինակը, աւելցնելով, թէ Ձեր պարագային չէիք խորհէր, թէ այդպէս պիտի ըլլար..:
Դուք մեր մշակոյթի այն բացառիկ նուիրեալներէն էք, որոնց հեղինակութեամբ մեր ժողովուրդը բաց ճակատ կը ներկայանայ համայն աշխարհին:
Ձեր մարդկային եւ քաղաքացիական առաքինութիւններու շարքին մէջ դրսեւորած էք անսահման համեստութիւն, երբեք չձգտելով փառքի եւ մեծարանքի:
Ուրախ ենք, որ պատրաստութեան վրայ է «Մայէսթրօ Մանսուրեան» ժապաւէնը, ուր աշխարհահռչակ երաժիշտներ կը բացայայտեն Տիգրան Մանսուրեան յօրինողը, երաժշտագէտը եւ մարդը: Այս վաւերագրական ժապաւէնը կարեւոր յաւելում մը պիտի ըլլայ Ձեր մասին լոյս տեսած կենսամատենագրութեան վրայ:
«Եթէ մենք կը յաջողինք խօսիլ մեր թշնամիներուն հետ, ուստի կրնանք մենք մեզի ալ խօսիլ». այս ալ Ձեր հաւատոյ հանգանակն է, հակառակ, որ միշտ փափաքած էք հեռու մնալ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներէն:
Սօս Սարգսեանի, Պարոյր Սեւակի, Հրանդ Մաթէոսեանի, Սերկէյ Փարաճանովի, Մարտիրոս Սարեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Լեւոն Խեչոյեանի եւ տակաւին բազմաթիւ հայ մեծերու ժամանակակիցը եւ ընկերը, երէկ կ’ապրէիք արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ, այսօր՝ ունիք լաւ ընկերներ՝ գիրքերը եւ ձայնապնակները:
Օրին Հրանդ Մաթէոսեանը ըսած է՝ Տիգրանո’վ իմ սերունդը իր խօսքը կը խօսի, մեր մշակոյթի տաճարին մէջ: Առանց Տիգրանի՝ իմ սերունդը միայն համր ուխտաւոր պիտի մնայ…:
Հայաստանի քոմփոզիթորներու ( յօրինողներու) Միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի կարծիքով՝ դիւրին ե’ւ դժուար է խօսիլ Տիգրան Մանսուրեանի մասին:
Եզրակացնելով՝ պիտի մէջբերեմ Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտ Երուանդ Ղազանչեանի տպաւորութիւնները:
Ի դէպ յայտնեմ, թէ Երուանդ Ղազանչեան երկար տարիներ եղած է ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին բեմադրիչը. « Մանսուրեանի մասին կարելի է խօսիլ առաւօտէն մինչեւ գիշեր, գիշերէն՝ լուսաբաց»:
« Հայոց լեզուի մէջ բառեր կան, որոնք քիչ կ’օգտագործուին, օրինակ՝ “պարկեշտ” եւ “ազնուագոյն” բառերը: Տիգրանը պարկեշտ եւ ազնուագոյն մարդ է: Ան, իր աշխատանքով կ’արդարացնէ ազգանունին վերջին «եան»ը»:
Թանկագին Մայէսթրօ, յանուն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ղեկավարութեան եւ բոլոր միաւորներուն, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանը, մաղթելով առողջութիւն, ստեղծագործական նորանոր նուաճումներ, ի փառս հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման: