«Հալալ լինի, հալալ լինի
Ձեր մօր կաթը հալալ լինի»
Արցախցի Մօր Երգը
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
27 Սեպտեմբերէն ի վեր, աշխարհի բոլոր հայերը հայրենասիրական աննկարագրելի ինքնաբոցավառումով, այլատեսակ, բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ աշխատանքներով, դրամ կը հաւաքեն Արցախի մեր տարապահար ժողովուրդին համար: Նմանապէս, բազմաթիւ վայրերու, եկեղեցիներու եւ հայ կեդրոններու մէջ, դեղորայք, հագուստեղէն եւ պահածոյ կերակուր կը բերեն մեր հայրենակիցները Հայաստան ղրկելու համար:
Այս աշխատանքին ամէնէն դժուար մասը մեծագոյն նուիրումով, առաւելաբար երիտասարդները կը կատարեն: Անոնք իրենց առօրեայ գործէն, առցանց դպրոցներէն ետք, այդ պահեստանոցները կ՛երթան մինչեւ գիշերը ուշ ժամերուն, ստացուած ապրանքները խմբաւորելու, ցուցակագրելու եւ դասաւորելու համար օրական հարիւրաւոր տուփերու մէջ դնելով՝ Հայաստան կը ղրկեն:
Ուրիշներ, իրենց աշխատած ընկերութիւններուն պաշտօնեաներուն դիմելով՝ դրահամաւաք կը կազմակերպեն եւ գոյացած գումարը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին գրասենեակը կը հասցնեն:
Իսկ պետական կամ մեծ ընկերութիւններու մէջ աշխատող հայերը, շաբաթը անգամ մը կամ՝ երկու շաբաթը անգամ մը կոկիկ գումարներ կը հաւաքեն:
Ուրիշ երիտասարդներ իրենց տարեդարձին կամ ուրախ առիթներով իրենց դիմատետրին միջոցաւ իրենց ընկերներուն կը դիմեն, որպէսզի իրենց տրուելիք նուէրին փոխարէն նուիրատուութիւն կատարեն Արցախի մարտնչող բանակին եւ ժողովուրդին համար:
Իսկ մեր հայ խանութպանները, ճաշարանները եւ զանազանր տեսակի գործարաններու տէրեր եւ գրասենեակներ իրենց մէկ-երկու, կամ մէկ շաբթուայնգործէն շահած գումարը կը հաւաքեն եւ Հայաստան հիմնադրամին կը հասցնեն:
Բոլոր եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, բարեսիրական, մարզական, մշակութային, հայրենակցական միութիւնները, ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաննհրը, արուեստի դպրոցները՝ բոլորն ալ, մեծագոյն գիտակցութեամբ իրենց ներդրումով սատար եւ նեցուկ կը կանգնին Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
***
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, պատահմամբ Կլենտէյլ քաղաքէն շուրջ 15 մղոն հեռաւորութեան վրայ եղող Թահանկա անունով քաղաքէն անցած ատեն, ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալը՝ Food Market-ի մեծ նպարատան առջեւ խումբ մը փոքրիկներ հայկական դրօշակը իրենց ձեռքին խմորեղէն՝ cookie, կը ծախէին եւ անկէ եկած գումարը ամբողջութեամբ Արցախի զինուորներուն եւ ժողովուրդին համար է:
Թահանկայի մէջ հազիւ երեք-չորս հազար հայեր կ՛ապրին. այս պզտիկները անգլերէնով եւ հայերէնով բացատրութիւն կու տային ժողովուրդին: Ազգային ամբողջ կեանքիս մէջ նման յուզիչ պահ մը չէի ապրած. պարզապէս մարմին փշաքաղող տեսարան մըն էր:
Այս օրերուն ամբողջ հայութիւնը մեծատունը իր գանձով, համեստ աշխատողները իրենց լումաներով եւ այս երեխաները cookie ծախելով այդ օր կրցան առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը երեք 4500 տոլար գոյացնել: Այս գործը կը ղեկավարէր երիտասարդ տիկին մը՝ Մարիամ Գրիգորեան անունով, որ այդ փոքրիկներէն մէկուն մայրն է:
«Պիտի ջանանք ամէն Շաբաթ կամ Կիրակի նման գործ ընել, հասնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի տառապահար մեր ժողովուրդին», ըսաւ Մարիամ Գրիգորեան:
Փոքր տարիքէն Ամերիկա եկած եւ 17 տարիէ ի վեր հոս ապրող այս երիտասարդ հայուհին, սիրտով, միտքով եւ մտածումով հայրենիքով կ՛ապրի, անոր արեան կանչն է որ մղած է զինք նման անձնական նախաձեռնութեամբ՝ օրինակելի գործը ընելու, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք զինք եւ մանաւանդ իր ծնողքը, որոնք ազգային եւ հայրենասիրական ազնուագոյն ոգիով մեծցուցած են այս երիտասարդուհին:
Այդ պահուն յիշեցինք անմահ Ուիլեըմ Սարոյանի խօսքը. «Աշխարհի որեւէ ցամաքի կամ անկիւնին մէջ, երբ երկու հայեր իրարու քով գան հոն Հայաստան կ՛ըլլայ»:
Այո, այսօր աշխարհի բոլոր հայերը Հայաստան եւ Արցախ մէկ մասնիկ եղած են: Անոնք 1915ի Մեծ Եղեռնը տեսած եւ վերապրած եւ իր փայլուն ճակատագիր կերտող ժողովուրդի զաւակներ եւ թոռնիկներ են, որ այս օրերուն անարդար պատերազմին ալ բոլորը միացած միաբերան կ՛ըսեն թշնամիին՝ «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ»:
Փառք եւ հազար պատիւ մեր ժողովուրդին, որ նման հերոսածին զաւակներու ծնունդ տուած է եւ կը շարունակէ տալ: