ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի գտնուի շրջանս: Նախարարը Լոս Անճելըս պիտի գայ Կիպրոսի ճամբով, ուր ան այդ օրերուն շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Նախարարի խիտ ծրագիրի շրջագիծին մէջ նախատեսուած են բազմաբնոյթ հանդիպումներ Լոս Անճելըսի մեծ եւ կենսունակ հայ համայնքի կրօնական, քաղաքական, մշակութային, բարեգործական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ անհատներու հետ:
Նախարար Հայրապետեան համայնքին հետ հանդիպում պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 31 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլ քաղաքի Համայնքային կեդրոնին մէջ, 501 S. Pacific Ave., Glendale, CA 91204: