Երեքշաբթի, 24 Յուլիսին Կիպրոսի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի առաջին հանդիպումը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոտիու Ֆոտիսի հետ էր:
Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի համար ու ընդգծեց․ «Այն, որ իմ առաջին այցս կատարեցի դէպի Կիպրոս, արդէն իսկ ազդակ է, որ մենք իսկապէս բարձր կը գնահատենք մեր յարաբերութիւնները եւ պատրաստ ենք ատոնք աւելի ամրապնդելու»:
Ջերմօրէն ողջունելով նախարարը` Ֆոտիու Ֆոտիսը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրն ընդունելու համար: «Ես կը տեսնեմ, թէ որքան աշխուժ էք Դուք, կը հետեւիմ Ձեր հանդիպումներուն: Մեր ժողովուրդները շատ ընդհանրութիւններ ունին, ու թերեւս նաեւ ատիկա է պատճառը, որ մենք միշտ կ՛աջակցինք ձեզ, իսկ դուք` մեզ»,-նշեց պարոն Ֆոտիուն:
Ֆոտիու Ֆոտիսն անդրադարձաւ նաեւ Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ բնակող հայերուն ու անոնց խնդիրներուն` նշելով, որ իրենք միշտ կը փորձեն աջակցիլ հայկական համայնքին, որ վերջիններս պահպանեն իրենց ազգային դիմագիծը: «Ատիկա կ՛ընենք հայկական դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն աջակցելով: Մենք կ՛ուզենք, որ հայերը չկտրուին իրենց արմատներէն: Մենք ալ ունինք սփիւռք ու քաջատեղեակ ենք, թէ ինչ խնդիրներու կը բախուին հայրենիքէն հեռու բնակող մարդիկ»:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համատեղ իրականացուելիք հնարաւոր ծրագիրներուն` կարեւոր համարելով այդ ծրագիրներուն մէջ որչափ հնարաւոր է երիտասարդներ ներգրաւելու գաղափարը:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան պաշտօնական այցով կը գտնուի Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ, ուր պիտի հանդիպի Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիադիսի հետ, պիտի մասնակցի «Կիպրացիներու համաշխարհային համաժողով»-ին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ երրորդ հանդիպման: