Չորեքշաբթի, 25 Յուլիսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Կիպրոսի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այցելեց «Մակեդոնիտիսսա» ռազմական յուշահամալիր եւ ռազմական գերեզմանատուն, ծաղկեպսակ դրաւ` յարգանքի տուրք մատուցելով յունական եւ կիպրական զոհերուն յիշատակին:
1974 թուականի 20 յուլիս ին թրքական զինուած ուժերը ներխուժած են Կիպրոս, որմէ ետք գրաւած են կղզիի մէկ երրորդը, ուր հռչակած են Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը:
Նախարարը այցելեց նաեւ ՀԲԸՄ Նիկոսիոյ ակումբ եւ «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւն, ուր ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեանի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ հաստատութեան մասնաշէնքերուն մէջ, ծանօթացաւ հաստատութեան փակման պատճառներուն ու այս հարցով ՀԲԸՄ դիրքորոշման: Նախարարը հանդիպեցաւ ու լսեց նաեւ վերոնշեալ կրթական հաստատութիւնն աւարտած քանի մը ներկայացուցիչներու, ծանօթացաւ առկայ մտահոգութիւններուն, դիտարկումներուն ու կարծիքներուն: