11 Յուլիսին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց սփիւռքահայ բարերար Վահէ Կապրաշը, որ այժմ կը բնակի Զուիցերիոյ մէջ եւ կը զբաղի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Ֆոնդասիոն Արմէնիա», «Ալիանս Արմէնի», «Ֆիլիպոսեան-Փիլոսեան» հիմնադրամներու գործունէութեամբ:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հայրապետեան կարեւոր համարեց Վահէ Կապրաշի նուիրումն ու աջակցութիւնը հայրենիքին եւ նշեց, որ այսուհետ Հայաստան եւս իւրաքանչիւր սփիւռքահայու կողքին պիտի ըլլայ: «Մեր գերնպատակն է ստեղծել այնպիսի երկիր, որ առանց վարանելու, վստահաբար կը կանգնի սփիւռքի թիկունքին: Ուժեղ Հայաստան, ուժեղ սփիւռք. ահա սա է մեր բանաձեւը: Հայաստան պէտք է նպաստէ հայկական համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան, հայկականութեան մթնոլորտի ստեղծման: Սակայն մենք նպատակ ունինք ստեղծել նաեւ միջհամայնքային կապեր, այսպիսով` ստեղծելով նաեւ համահայկական ցանց»,-նշեց սփիւռքի նախարարը: Խօսելով առկայ խնդիրներու լուծման մասին` Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ ատոնց լուծման համար անհրաժեշտ է կամք, որ առկայ է, եւ քայլ, որ կ՛առնուի:
Վահէ Կապրաշ, խօսելով Զուիցերիոյ ոչ մեծաթիւ հայ համայնքին մասին, նշեց, որ երիտասարդները հետաքրքրուած են Հայաստանի կեանքով, կը ցանկան գալ, օգնել: «Ես կը փորձեմ անոնց ճիշդ ճանապարհը ցոյց տալ: Ինքս ալ այստեղի հետ կապուած շատ ծրագիրներ ունիմ, որոնք կը ցանկամ իրականութիւն դարձնել»,-ըսաւ հիւրը:
Յաջողութիւն մաղթելով ծրագիրներու իրագործման` նախարար Հայրապետեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայելը իւրաքանչիւրի առաքելութիւնն է: «Հայրենիքը պէտք է հոգատար ըլլայ իր զաւականերուն համար: Ահա սա է մեր ընկալման առանցքը: Այդ է պատճառը, որ կը ցանկանք Հայաստան-Սփիւռք կապերուն նոր որակ հաղորդել, ստեղծել փոխադարձ հոգատարութեան եւ սիրոյ մթնոլորտ»,-նշեց նախարարը:
Հանդիպման աւարտին Վահէ Կապրաշ յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի նախարարը կ’այցելէ նաեւ զուիցերահայ համայնք, տեղուոյն վրայ կը ծանօթանայ իրավիճակին: