«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 100 օրուայ կատարած աշխատանքները.
– Մայիս 30-ին ՀՀ պատուիրակութեան կազմին մէջ երկօրեայ այցով Մխիթար Հայրապետեան մեկնած է Թիֆլիս: Կլոր սեղանի շուրջ Վրաստանի վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ քննարկուած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամրապնդման շուրջ բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, որոնցմէ քանի մը հատին վերաբերեալ արդէն իսկ տեղուոյն վրայ որոշ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են: Պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նաեւ նախագահական նստավայրին մէջ: Հանդիպում եղած է Վրաստանի մշակոյթի նախարարի եւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական թատրոնի դերասաններուն հետ: Այցի ծիրէն ներս ծանօթացած են թատրոնի հիմնանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի առաջնորդութեամբ այցելած են նաեւ Թիֆլիսի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոն:
Նախարարութիւնն իրականացուց «Արի տուն-2018» անցումային ծրագիրը: Նախարարի որոշմամբ առաջին անգամ Սփիւռքի նախարարութիւնը սկսաւ համագործակցիլ մասնաւոր հատուածի հետ` ծրագիրին մէջ ներգրաւելով տարբեր կազմակեպութիւններու: Ատոնք էին` Menu.am–ը, «Wok & Roll»-ը, «Paraqari Shawarma and Thֆringer Bratwurst Armenia»-ն, «TAO» չինական եւ ճափոնական ճաշարանը, «Black Angus»-ը, «Սիս Նատուրալ» բնական հիւթերու գործարանը:
«Ոսկէ ծիրան» XV յոբելենական միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս` յուլիս 15-ին, նախարարը յանձնեց յատուկ մրցանակ: Առաջին մրցանակակիրը դարձաւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Առնօ Խայաջանեան` «Մենք ենք, մեր սարերը» ֆիլմով:
Յուլիս 24-ին տեսազանգի միջոցով նախարարը ուղիղ կապ հաստատեց ԱՄՆ-ի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ժողովին, հանդէս եկաւ ելոյթով ու պատասխանեց վերջիններուս յուզող քանի մը հարցերուն: Ժողովը կը կրէր «Ընդլայնելով ապագայի հնարաւորութիւնները. քու քայլդ աւելի հզօր Հայաստանի համար անուանումը»:
Յուլիս 24-ին նախարարը հրապարակեց Սփիւռքի նախարարութեան նոր տարբերանշանը` լոկոն: Որուն հեղինակը ցանկացած է մնալ անյայտ եւ լոկոն նուիրել նախարարութեան:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան յուլիս 24-27 պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութիւն: Հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիադիսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Կիպրոս-Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններն ալ աւելի ամրապնդելուն ուղղուած քայլեր:
Նախարարը հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի մարդասիրական եւ արտերկիր բնակող կիպրացիներու հարցերով յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուի հետ: Նախարարը մասնակցեցաւ Հայաստան–Կիպրոս-Յունաստան եռակողմ հանդիպման, որուն կը մասնակցէր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տէրենս-Նիկոլաոս Քուիքը: Կողմերը համաձայնութեան եկան համատեղ իրականացնել քանի մը ծրագիր, որոնց մէջ ներգրաւուած են հիմնականին մէջ երիտասարդները:
Այցի ընթացքին նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ Եգիպտոսի ներգաղթի նախարար Նապիլա Մաքրամի հետ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ իրականացնելու քառակողմ հանդիպում` Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս ձեւաչափով:
Եգիպտոսի կառավարութեան հրաւէրով նախարարը պաշտօնական այցով սեպտեմբերին կը մեկնի Գահիրէ եւ Ալեքսանտրիա, ուր հանդիպումներ կ’ունենայ ինչպէս եգիպտացի պաշտօնատար անձանց, այնպէս ալ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Այցի ծիրէն ներս նախարարը հանդիպեցաւ ԿՀ հայազգի պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեանին, վերջինիս հետ քննարկեց կիպրահայերը յուզող հարցեր, ապա հանդիպեցաւ տեղի հայ համայնքին հետ:Նախարարն այցելեց նաեւ Մելքոնեան կրթական հիմնարկ, ծանօթացաւ խնդրին` լսելով եւ ՀԲԸՄ դիրքորոշումը եւ հիմնարկը աւարտած սաները:
Յուլիս 28-էն օգոստոս 7 նախարարը աշխատանքային այցով մեկնեցաւ ԱՄՆ: Հանդիպեցաւ Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի հայ համայնքներու, կուսակցութիւններու, միութիւններու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն ժամանակ նախարարը պատասխանեց տեղի հայերուն յուզով հարցերուն, լսեց անոնց մտահոգութիւնները:
Նախարարութիւնն իրականացուց «Քայլ դէպի տուն-2018» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ այս տարի առաջին անգամ, միաժամանակ ընդունեց 440 սփիւռքահայ երիտասարդներ ու պատանիներ: Այս անգամ եւս նախարարը որոշեց համագործակցիլ մասնաւոր հատուածի հետ` ծրագիրին մէջ ներգրաւելով Հայ-ռուսական համալսարանը, «Teach for Armenia» եւ «Birthright Armenia» հիմնադրամները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, «GG» տաքսի ծառայութիւնը, «All Inclusive Armenia» եւ «Loft» կազմակերպութիւնները: Ծրագիրի ծիրէն ներս նախարարը քանի մը անգամ հանդիպեցաւ մասնակիցներուն հետ:
Ներկայիս նախարարի գլխաւորութեամբ աշխատակազմը կ՛աշխատի «ներՈւժ» ծրագիրին վրայ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ FAST եւ IDEA հիմնադրամներուն, Դիլիջանի միջազգային դպրոցին (UWC), Impact Hub Yerevan-ի եւ Հայ-ռուսական համալսարանին հետ համատեղ: