Դեկտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի գործադիր տնօրէն Մարք Գրիգորեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց Հանրային ձայնասփիւռի գործունէութիւնը, որ մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին համար: «Կարեւոր է հանրային ռատիոյի աշխատանքը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ընդլայնման եւ լուսաբանման գործում: Ձեր ղեկավարութեամբ` ռատիոն լաւագոյնս իրականացնում է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեանն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեանը նուիրուած մի շարք ծրագրեր, այդ թւում` «Կամուրջ», «Հայկական գաղթօճախներ», «Սփիւռքի ձայնը», «Հայրենադարձութիւն», «Պատմական հայրենիք», «Գերդաստաններ» եւ «Հայկական հետք» հաղորդաշարերը: Այսօր համայն հայութեան համար առաջնահերթութիւն է դարձել մայրենիի պահպանումն ու տարածումը: Այդ առումով առաջնահերթութիւն է նաեւ արեւմտահայերէն հաղորդաշարի հեռարձակումը Հանրային ռատիոյով: Յուսանք` մօտ ապագայում մեր հայրենակիցները այդպիսի հաղորդաշարեր ունկնդրելու հնարաւորութիւն կ’ունենան»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Մարք Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան համար: «Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ընթացքին Գանատա այցելութեան աշխատանքային հրաւէր ստացայ: Այսպիսով` 2018 թուականի մարտին կը ծրագրեմ այցելութիւններ Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի, ապա ԱՄՆ-ի հայաշատ համայնքներուն` Լոս Անճելըսի, Պոսթընի, Նիւ Եորքի հայկական լրատուամիջոցներ, հանդիպումներ պիտի ունենամ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ»,-նշեց Հանրային ձայնասփիւռի գործադիր տնօրէնը:
Նախարարը նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է այցի ընթացքին կազմակերպչական հարցերով աջակցութիւն ցուցաբերելու, տրամադրելու հաղորդակցութեան տուեալներ, ձեռք բերելու պայմանաւորուածութիւններ:
«Հայկական համայքներում իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ պէտք է կարեւորուեն մի շարք սկզբունքներ. մենք առաջնորդւում են այն գաղափարով, որ ամէն հայ պէտք է տեսնի իր Հայրենիքը, փորձի նպաստել նրա զարգացմանն ու առաջընթացին, պահպանի հայ ինքնութիւնը, հաւատարիմ մնայ իր արմատներին: Այսօր մեզ համար կարեւոր է նաեւ հայրենադարձութեան թեման, որովհետեւ ի վերջոյ իւրաքանչիւր հայի տունը Հայաստանն է»,-ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Հանրային ձայնասփիւռի գործադիր տնօրէն Մարք Գրիգորեան նշեց, որ յունուարին պիտի այցելէ Լոնտոն եւ տեղի հայկական համայնքին հետ եւս կը նախատեսէ հանդիպումներ:
Այնուհետեւ հիւրուն հետ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զրուցեց հայաստանեան լրատուադաշտի, առկայ մարտահրաւէրներու մասին: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ լրագրողական բարոյագիտութեան պահպանումը, մասնագիտական մօտեցումն ու հետեւողականութիւնը: