ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵՄԷԶԵԱՆ
Կիրակի, 9 յունուարին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ հնչեց Արամ Ա. կաթողիկոսի «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ի հայրապետական գիրը` ուղղուած իր բանաւոր հօտի աշխարհացրիւ զաւակներուն:
Վեհափառ հայրապետը վարչական փափկանկատութիւնը ունեցած է իր պատգամը սկսելու «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան… մեր ժողովուրդի զաւակներուն» եւ աւարտելու` «Կը թելադրենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն…» բառերով, հակառակ այն իրողութեան, որ կարելի չէ հայ սփիւռքը կաթողիկոսութեան մը նուիրապետական տարածքով սահամանափակելու:
«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ի այս Հայրապետական գիրը Արամ Ա. կաթողիկոսի 19-րդ նման պատգամն է, երբ ազգիս հովուապետը կը հրաւիրէ մեզ լուսարձակի տակ բերելու համահայկական տագնապ մը եւ միասնաբար լուծումներ որոնելու մեր ազգը փոթորկող հիմնահարցի մը: Սփիւռքը մի միայն սփիւռքին չի՛ պատկանիր. այլ` «Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ», արդարօրէն կ՛ընդգծէ վեհափառ հայրապետը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի կաթողիկոսութիւն չէ, այլ համահայկական կաթողիկոսութիւն է` ինքզինքին ի՛նչ անուանում ալ տայ, եւ կամ հայորդիներ իրեն ինչ անուանում ալ ուզեն տալ. ան կը պատկանի Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքին: «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ն չի՛ հակադրուիր Հայաստանին եւ Արցախին, այլ կ՛ամբողջացնէ մեր հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան ծիածանը, երբ մանաւանդ կը յաջորդէ անցեալ տարի հռչակուած «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»-ին:
* * *
Կը հաւատամ, որ այս հայրապետական գիրին յանձնարարած ինքնաքննութեան, ինքնարժեւորումի, վերակազմակերպումի եւ վերակենսաւորումի մասնայատկութիւնը կը կայանայ հետեւեալ բնագաւառներուն մէջ.
Գիտակցութիւն, թէ հայը ուր որ ալ գացած է, իրեն հետ կտոր մը Հայաստան տարած է: Ժամանակին, երբ «ոգեղէն հայրենիք» յղացքը կը գործածուէր, կարճատես մարդիկ զայն «նիւթեղէն հայրենիք»-ին կը հակադրէին: Տակաւին, ոմանք Հայաստանէն բուռ մը հող կը բերէին եւ իրենց համայնական ու անհատական տուներու հիմերուն կամ իրենց հարազատներու գերեզմաններուն կը խառնէին: Կարգ մը հայկական դպրոցներու մէջ Հայաստանի մէջ պատրաստուած հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրքեր կ՛օգտագործուէին, մինչ ուրիշ դպրոցներ անոնց գործածութիւնը խոտոր կը համարէին իրենց կրթական-գաղափարական ծրագիրին: Կարգ մը հայրենասիրական երգեր որոշ ակումբներու մէջ մեծ խանդավառութեամբ կ՛երգուէին, մինչ այլ ակումբներու կողմէ անոնք կտրականօրէն կը մերժուէին: Դեռ չխօսինք այլ պատմական խորհրդանշաններու մասին… Ասոնք բոլորը, իրենց դրական եւ ժխտական երեսներով, մեզ կրցան գէշ-աղէկ հա՛յ պահել սփիւռքի մէջ, երբ մեր ոտքին տակ մեր կամքէն անկախ պատճառներով հայրենի հողը չկար: Ասոնք բոլորը այլեւս անցեալին կը պատկանին: Այսօր ամէն տեղ, բարեբախտաբար, մեզ համախմբող արժէքները աւելի շատ են, քան մեզ բաժնողները, եւ հայը աշխարհի ամէնէն հեռաւոր կէտէն անգամ ուզած ատեն օդանաւ կը նստի եւ ազատ ու անկախ Հայաստան կը հասնի:
Սփիւռքը բազմածալ իրականութիւն է. սակայն հակառակ իր բազմերեսութեան, ան կը մնայ մէ՛կ` իր գոյատեւելու մարտահրաւէրով, ինչպէս մէ՛կ է Հայաստանը, մէ՛կ է Արցախը, մէ՛կ է Եկեղեցին, մէ՛կ է Մշակոյթը, մէ՛կ է Հայութիւնը, մէ՛կ է Պահանջատիրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը մեզմէ ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտէ, որ հայ իրականութեան մէջ դժբախտաբար «սփիւռքներ» գոյութիւն ունին, բայց միաժամանակ անոնք բոլորն ալ մէ՛կ սփիւռքի հոգեզաւակներն են, որոնք հայապահպանումի ամէնօրեայ պայքարին մէջ նետուած են ամէնուրեք, եւ այս ներկա՛յ սփիւռքի մտահոգութիւնները կ՛ընդգծէ Արամ Ա. կաթողիկոս` երէկուան սփիւռքի գոյաւորումի եւ հոլովոյթի փորձառութեան ենթահողին վրայ: Այս շրջագիծին մէջ կը խտանան արեւմտահայերէնի գործածութեան, մեր հաւաքական կեանքին մէջ նոր սերունդի գործուն առաջնորդութեան, համահայկական օրակարգի մշակումին, ներուժի պատրաստութեան, հանգրուանային հայրենադարձութեան, հզօր Հայաստան-հզօր Արցախ եւ հզօր սփիւռք ունենալու հրամայականի գոյառումին եւ ասոնց առնչուած ռազմավարութիւններուն գաղափարները: Հո՛ս կը նետուին սփիւռքի դիմացկունութեան եւ դիմադրողականութեան ամուր հիմքերը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ հայօրէն լինելու շարունակականութեան շէնքը:
Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի առաքելութիւն է, որուն առաւե՛լ արդիւնաւորութեամբ լծուելու հրաւէր կ՛ուղղէ վեհափառ հայրապետը իր թեմերուն` «Անմիջապէս ձեռնարկել ծրագրումին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ամբողջացնել յառաջիկայ Ազգային Ընդհանուր ժողովէն առաջ» : Արամ Ա. կաթողիկոս միշտ եղած է իրապաշտ եւ գործնապաշտ: Ո՛չ միայն ինք աշխատած է, այլ նաեւ` իր շուրջիններն ալ աշխատանքի մղած, եւ միշտ ամէնէն բարդ հարցերուն անգամ` քարին տակէն լուծումներ գտած: Ահագին վկայութիւններ կրնամ բերել, թէ երկար տարիներ միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումին մէջ այսպէ՛ս եղած է վեհափառ հայրապետը: Ահաւասիկ հո՛ս եւս ան կը ճշդէ մարզեր եւ գործընթաց` թեմական ու համայնքային կառոյցներուն համար ուր, որպէս հայրապետ, ամէնէն առաջ կը շեշտադրէ հոգեւորականին բանալի դերը: Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաւատայ հաւաքական պատասխանատուութեան ու համագործակցութեան առաւե՛լ արդիւնաւէտութեան: Ան քաջ կը գիտակցի, որ շատ դժուար է սփիւռքի վերակենդանացումը: Բայց հո՛ս իսկ է իրաւ առաջնորդի մը տարբերութիւնը պարզ հետեւորդէ մը: Դիւրին է ըսել. «Բան մը չենք կրնար ընել, պայմանները շատ գէշ են»: Իսկ վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ սփիւռքի մէջ, մեր բոլոր կարելին պիտի ընենք, որ զայն հայ քրիստոնեայ պահենք»:
Իր հայրապետական գիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս իրաւամբ կը յիշեցնէ, թէ նոր չէ, որ Անթիլիասը սփիւռքով կը մտահոգուի: Սփիւռքը, ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը, իրենց բոլոր բնագաւառներով` ամէնօրեայ ներկայութիւն են մեր հաւաքական օրակարգին վրայ, սակայն սփիւռքը յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, որովհետեւ այլեւս հասած է ժամանակը զայն նոր իմն վերակազմակերպելու: Թերեւս մտածողներ ըլլան, որ, հայկական առածը փոխ առնելով, «Ջաղացքը գացեր է, չախչախը փրկելու ճիգ մըն է» եղածը: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ճիգը ինքնին գնահատելի է, որովհետեւ վերջին տարիներու Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան կոտտացող վէրքը տակաւին բաց է…
* * *
Այն, ինչ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կատարեց երէկ Սուրիոյ մէջ եւ կը կատարէ այսօր Լիբանանի մէջ իր զաւակներուն կարիքներուն հասնելու ճիգին մէջ, կրնայ ոմանց կողմէ ովկիանոսին մէջ կաթիլ մը ջուր նկատուիլ. սակայն պատկերացուցէք, որ այս պայմաններուն մէջ, երբ պետական կառոյցները փուլ եկած են, եւ մեր ժողովուրդը զրկուած է ընկերային ամենատարրական պայմաններէն անգամ, հրաշքի համազօր է, երբ հաւատացեալ մարդիկ կ՛աղօթեն, բարերարներ կը նուիրաբերեն եւ Աստուած կ՛օրհնէ: Անթիլիաս դրամ չէ, որ կը բաժնէ, այլ կը զօրակցի իր զաւակներուն. հաւատք եւ գործ զիրար կ՛ամբողջացնեն` աստուածաշնչական սկզբունքին հաւատարիմ. Անթիլիաս յոյս կը ներշնչէ, երբ վեհափառ հայրապետը իր հօտի ամէնէն աղքատ զաւակներուն կ՛այցելէ` մանկացեալ Յիսուսի Ս. Ծնունդի եւ աստուածայայտնութեան աւետիսը փոխանցելու համար:
«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ի նախազանգը հնչած է:
Ո՛վ որ ականջ ունի լսելու, թող լսէ եւ գայ ու մասնակցի սփիւռքի վերակազմակերպումի սրբազան աշխատանքին…
Անթիլիաս-Լիբանան
* Յառաջիկայ Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի այս տարուան աւարտէն առաջ: