Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեան երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2022-ին Քուէյթի ազգային վարժարանին մէջ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակը յանձնեց 2021-2022 տարեշրջանի պաքալորէայի պետական քննութեանց 100 տոկոս գնահատականով առաջին դիրք գրաւած աշակերտ Ռանի Թաշճեանին:
Ներկայ էին` Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը, տէր եւ տիկին Կիրակոս Գույումճեանները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնն ու հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Սոյն մրցանակը, որ 2017-ին պաշտօնապէս կանոնագրուած է, նախաձեռնութիւնն է Կիրակոս Գույումճեանին (1000 քուէյթեան տինար), եւ անիկա կը յանձնուի Քուէյթի Ազգային վարժարանի պաքալորէայի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ աշակերտին: Նոյն մրցանակը նաեւ կը գործէ Հալէպի մէջ: Անոր նպատակն է քաջալերել հայ աշակերտը, որպէսզի ան ձգտի գերազանցութեան եւ նուաճէ ուսումնական լուսաշող հորիզոններ: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին` վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, Կիրակոս Գույումճեանը եւ հայր սուրբը, որոնք վեր առին գերազանցութեան կարեւոր երեւոյթը եւ Ռանիին մաղթեցին յարատեւ վերելք: Աւարտին օրուան մրցանակակիր Ռանին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւններն ու երախտիքը սիրելի վարժարանին ու յարգարժան բարերարին:
Նշենք, որ անցնող տարեշրջանին ՔԱՎ-ի «60-ամեակ» սերունդը պատուաբեր արդիւնքներով փայլուն էջ մը արձանագրեց վարժարանի պատմութեան մէջ: