Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեան երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2022-ին Քուէյթի ազգային վարժարանին մէջ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակը յանձնեց 2021-2022 տարեշրջանի պաքալորէայի պետական քննութեանց 100 տոկոս գնահատականով առաջին դիրք գրաւած աշակերտ Ռանի Թաշճեանին:
Ներկայ էին` Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը, տէր եւ տիկին Կիրակոս Գույումճեանները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնն ու հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Սոյն մրցանակը, որ 2017-ին պաշտօնապէս կանոնագրուած է, նախաձեռնութիւնն է Կիրակոս Գույումճեանին (1000 քուէյթեան տինար), եւ անիկա կը յանձնուի Քուէյթի Ազգային վարժարանի պաքալորէայի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ աշակերտին: Նոյն մրցանակը նաեւ կը գործէ Հալէպի մէջ: Անոր նպատակն է քաջալերել հայ աշակերտը, որպէսզի ան ձգտի գերազանցութեան եւ նուաճէ ուսումնական լուսաշող հորիզոններ: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին` վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, Կիրակոս Գույումճեանը եւ հայր սուրբը, որոնք վեր առին գերազանցութեան կարեւոր երեւոյթը եւ Ռանիին մաղթեցին յարատեւ վերելք: Աւարտին օրուան մրցանակակիր Ռանին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւններն ու երախտիքը սիրելի վարժարանին ու յարգարժան բարերարին:
Նշենք, որ անցնող տարեշրջանին ՔԱՎ-ի «60-ամեակ» սերունդը պատուաբեր արդիւնքներով փայլուն էջ մը արձանագրեց վարժարանի պատմութեան մէջ:
Ստորեւ` նման գերազանցիկ աշակերտներու նուաճումները քաջալերող քուէյթահայ գործարար եւ հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանի խօսքը:
Հայ պատանի ուսանողին, հայ դպրոցին մէջ, արաբերէն կրթական ծրագիրին համաձայն պետական պաքալորէայի քննութիւններու մասնակցին հարիւր առ հարիւր նիշ հաւաքելը քիչ բան չէ: Այո՛, քիչ բան չէ, այլ, ընդհակառակը: մեծ բան է եւ շատ մեծ բան, որուն արժանացաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանը իր տիպար աշակերտներէն մէկուն` Ռանի Թաշճեանի միջոցով:
Ռանին իր այս նուաճումով ոչ միայն պատիւ բերաւ իր դպրոցին ու ընտանիքին եւ, անշուշտ, իր անձին, այլ նաեւ` ամբողջ համայնքին եւ ազգին, Քուէյթի մէջ եւ այլուր:
Ռանինի այս արդիւնքը նորութիւն չէ իրեն համար, ի միջի այլոց, ան առաջին քայլը առաւ բարձրագոյն ուսման աշխարհին մէջ գերազանց մակարդակով հարթ ու փայլուն ճամբուն վրայ:
Յատկանշական այս նուաճումը պէտք է բարի նախանձ ըլլայ գրեթէ բոլոր աշակերտներուն, որոնք նոյնքան ատակ են նման աստիճաններու հասնելու ժրաջան աշխատանքով, ինչպէս` Ռանին:
Սիրելի՛ Ռանի, զաւա՛կս, մեզ յուսախաբ չընես երբեք` ո՛չ քու կրթական երկար ճամբորդութեան ընթացքին, ո՛չ ալ, եւ ասիկա աւելի կարեւոր է, գործնական եւ ազգային կեանքիդ մէջ: Միշտ հպարտ ըլլանք քեզմով եւ քու ձեռքբերումներովդ:
Դո՛ւք, աւարտական դասարանի սիրելի աշակերտներ, օրինակ առէք Ռանիէն եւ ձգտեցէք բարձրագոյն նիշերով յաջողիլ քննութիւններուն` միշտ ի շահ ձեր ապագային:
Կը շնորհաւորեմ 100 առ հարիւր նիշ բերող Ռանին, կը շնորհաւորեմ անոր ծնողքը, կը շնորհաւորեմ 100 առ հարիւր նիշ ապահովելու համար աշխատանք տարած Քուէյթի Ազգային վարժարանը:
Կը շնորհաւորեմ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը կազմակերպողները:
Շնորհակալութիւն: