ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան դէպքեր, որոնք ինքնաբերաբար քեզ կը տանին հեռուները: Պատկերներ կու գան աչքիդ առջեւ, եւ յուզումով կ՛ընդվզիս այսօրուան պարզած իրականութիւններուն դիմաց: Տարիներու աշխատանք, նուիրում, անանձնական թափ եւ կորով, որոնց դիմաց ցուցաբերուած ապերախտ, անշնորհակալ վերաբերումով վերջակէտ մը կը դրուի վաստակի մը, զոհողութեան մը…
Օրեր առաջ կորսնցուցինք վաստակաշատ տնօրէնուհի, նուիրեալ գործիչ, զոհաբերուող անձնաւորութիւն մը` Գեղանի Էթիեմէզեանը:
Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հրաւիրած էր զինք շքանշանով պատուելու` իր կրթական վաստակին իբրեւ երախտագիտութիւն, յաջորդ օրը վկայականաց բաշխման հանդէսն էր Ազգային Աբգարեան վարժարանին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին առաջնորդարան հրաւիրած են զինք` գործէ արձակման որոշումը փոխանցելու համար իրեն: Շքանշանի տուչութեան անմիջական յուզականութիւնը նկատի ունենալով` կարելի էր յետաձգել գործէ դադրեցման որոշման փոխանցումը, որ վստահաբար նախապէս տրուած էր:
Մշակութային տարբեր ծրագիրներ արժեւորման առիթներ պէտք էր հանդիսանային եւ անպայման յիշուէր Գեղանին, որ եղած է Համազգայինի հիմնադիր Շրջանային վարչութեան քարտուղար, Շրջանային վարչութեան ատենապետ, Կեդրոնական վարչութեան դիւանի անդամ: Տասնամեակներու վրայ երկարող մշակութանուէր գործունէութիւնը չի՛ կրնար անտեսուիլ:
Յետոյ չզարմանանք, թէ ինչո՛ւ ազգային կեանքը իր քաշողականութիւնը կը կորսնցնէ:
Մե՛նք ենք յանցաւորը:
Սիրելի՛ Գեղանի,
Մահուանդ բօթը իսկապէս ցնցեց բոլորը` Աբգարեանի վարժարանի ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը, աշակերտները, հոգաբարձուները, շրջանի կոմիտէները, Համազգայինի ընկերները, դպրեվանքի սաները եւ ուսուցչական կազմը, «Խաչեր Գալուստեան» հիմնարկի տնօրէնութիւնը, ՀՄԸՄ-ական եղբայրները, «Աղբալեան»-ի ընկերները, քու անմիջական շրջանակդ, ազգականներդ, մտաւորականները:
Արդարեւ, տասնեակ տարիներու նուիրումդ, սերունդներու դաստիարակութեան հանդէպ հաւատքդ, Համազգայինի նկատմամբ սէրդ, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի տեսիլքին հաւատացողներէն մին ըլլալդ, Հայաստանով ապրող եւ Հայաստանը շնչելով մեռնելու քու փափաքդ իրականացուցիր կեանքին ընթացքին:
Այսօր ոչ եւս ես, ընկերուհի:
Այսօր Աբգարեան ազգային վարժարանի դռները փակ են, բայց Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ անպայման որ քու շունչդ կա՛յ: «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը պիտի շարունակէ գործել քու տեսիլքովդ: Կեանքը պիտի շարունակուի, բայց միշտ ալ պիտի զգանք բացակայութիւնդ, պիտի յիշենք աղուոր, մեղմ, փայլուն աչքերով ժպիտդ:
Վա՛րձքդ կատար: