Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 կուսակցութիւններէ բաղկացած «Հայրենիքի Փրկութեան Խորհուրդը» յայտարարեց, թէ վարչապետի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացին, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան ըսաւ.«17 կուսակցութիւնները, որոնց շարքը այսօր աւելի ընդլայնեցաւ, ձեւաւորուելով «Հայրենիքի Փրկութեան Խորհուրդ», որոշում կայացուց վարչապետի պաշտօնին համար Վազգէն Մանուկեանի անունը առաջադրել: Վազգէն Մանուկեան ունի փորձառութիւն եւ անցած ճանապարհ»:
Նշենք, թէ Վազգէն Մանուկեան նախապէս զբաղեցուցած է վարչապետի, պաշտպանութեան նախարարի եւ հանրային խորհուրդի նախագահի պաշտօնները:
Ընդդիմութիւնը 5 դեկտեմբերին հանրահաւաք մը պիտի կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ: