ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոգելոյս Շնորհք պատրիարք` իբրեւ պետը Թուրքիոյ հայութեան, իր հայրական օրհնութիւնը, ինչպէս մատնանշեց քոյրս` Մաքրուհին, միշտ անպակաս ըրած էր գաւառի հայութեան վրայէն: Շնորհք պատրիարք իր գահակալութեան շրջանին վեց անգամ գաւառի եկեղեցիներուն ու հայութեան այցելութիւններ տուած ու մխիթարած էր հայ ժողովուրդը: Ես մէկէ աւելի անգամ բախտաւորութիւնն ունեցած եմ մասնակից ըլլալու այս այցելութիւններուն, բայց պիտի ուզեմ նկարագրել վերջին այցելութիւնը որ կատարուած էր 1989 յունիս 7-ին, իր վախճանումէն ուղիղ 8 ամիս առաջ:
Գրութեան հեղինակ Գէորգ Յակոբեանի կողմէ նկարուած եւ իր արխիւին մաս կազմող բացառիկ լուսանկարներ:
Այսօր հոգեկան անբացատրելի հրճուանքով ու հպարտութեամբ կը յիշեմ, թէ ե՛ս էի, որ Շնորհք պատրիարքին թելադրեցի եւ պնդեցի, որ ան այցելէ իր ծննդավայրը` Եոզկատի Իյտէլի գիւղը:
Ինչպէս ինք եւս իր պատրաստած գիրքին մէջ կը գրէ, ես մղեցի զինքը, որ այցելէ իր գիւղը, որովհետեւ գիտէի, որ ան իր գիւղին կարօտն ունէր: Ամէն անգամ փափաք կը յայտնէր այցելելու, բայց վերջին պահուն սա կամ նա պատճառաբանութեամբ կը ջնջէր:
Պիտի ուրախանամ, եթէ ես ալ այս պատմական համաժողովի ընթացքին արտօնուիմ իմ անձնական վկայութիւնը բերել Շնորհք պատրիարքի մասին:
Այդ օր թէ՛ ժամանակը եւ թէ՛ պայմանները յարմար էին, ու Շնորհք պատրիարք յօժարեցաւ այցելութիւն մը տալ իր ծննդավայր գիւղը: Փափաքեցաւ, որ ես ալ ընկերանամ իրեն: Կարծես բախտն ալ օգնած էր մեզի, ու մենք գիշերած էինք Եոզկատի գաւառակ Սորկունի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ: Առաւօտ կանուխ, նախաճաշելէ ետք, բաւական երկար ժամանակ ունէինք Պօղազլեան երթալու համար, ուր հրաւիրուած էինք Եանըքեան ընտանիքին տունը:
Ճամբայ ելանք դէպի Իյտէլի գիւղ: Սրբազան հայրը աջ ու ձախ նայելով` կը պատմէր. «Ես բաժնուեցայ մեր գիւղէն երբ 8-9 տարեկան խելահաս պատանի էի: Գիւղին ամէն կողմը լաւ կը ճանչնայի եւ կը սիրէի ծննդավայր գիւղս: Երբեք չեմ մոռցած յուլիսի այն տաք օրը, երբ հունձքի հսկայ դէզի մը վրայ կամնասայլ կը վարէի: Մայրս եկաւ եւ խիստ ոճով ըսաւ ինծի. «Ելի՛ր, քեզ դպրոց պիտի ղրկեմ», ըմբոստացայ եւ ըսի. «Ես չեմ ուզեր երթալ»: Յետոյ ձեռքէս բռնելով` կամնասայլէն դուրս քաշեց զիս: Ես կը շարունակէի իմ ըմբոստացումս եւ չկամութիւնս` շարունակ կրկնելով. «Պէն կէթմէմ, պէն կէթմէմ»: Ամբողջ գիւղով թրքախօս էինք. մինչեւ այդ տարիքս հայերէն բառ մը իսկ չէի գիտեր, ոչ իսկ` «մայրիկ»-ը, որուն փոխարէն` մենք կը գործածէինք «ապա» թրքերէն բառը»:
Փոքրիկն Արշակ այսպէս բաժնուած էր իր գիւղէն ու տարուած` Թալասի Ամերիկեան քոլեճ-որբանոցը:
Շնորհք Պատրիարք իր ծննդավայրէն բաժնուելէ 67 տարի վերջ է, որ կ՛այցելէր իր գիւղը: Այդ բացառիկ օրը այսպէս կը նկարագրէր ան` հետագային հրատարակած իր գրքոյկին մէջ. «Ուրբաթ առաւօտ, երբ Սօրկունէն ճամբայ կ՛ելլէինք, դեռ անորոշ էր մեր միտքին մէջ, թէ մեր գիւղը պիտի կարենայի՞նք այցելել, թէ՞ ոչ: Բայց քանի կը մօտենայինք անոր, այնքան աւելի կ՛արծարծուէր փափաքս զայն տեսնելու: Գէորգը քարիւղ կը լեցնէր փափաքիս վրայ: Ճամբան թեթեւ վերելք մըն էր, երբ հասանք բարձունքը եւ սկսանք թեթեւ վայրէջքը: Գիտէի, թէ մտած ենք մեր գիւղի սեպհական արտերու շրջանը, բայց աւելի վստահ ըլլալու համար ճամբուն վրայ ի զուր կը փնտռէի գիւղին անունը. չկա՛ր: Երբ հոս ու հոն կը նայէի ծանօթ վայր մը նշմարելու մտօք, մեր դիմացը պարզուեցաւ գիւղին «Պէօյիւք Փունար»-ը, որուն ծանօթ քարէ երկու ագուգաները ամէն կասկած փարատեցին միտքէս, թէ մեր գիւղին մէջ կը գտնուէինք: Մինչ ես շուարած` հոս ու հոն կը դիտէի, յանկարծ Գէորգը ուշադրութիւնս հրաւիրեց աղբիւրին մօտակայ շէնքի մը վրայ. «Ասիկա ձեր դպրոցը չէ՞…»: նախապէս պատկերը տեսած էր: Անշուշտ թէ ան էր, գրեթէ միակ շէնքն էր` հինէն մնացած, մեր գիւղին Պարթեւեան վարժարանը, ուր կարդալու չհասաւ իմ սերունդս…
Շնորհք պատրիարք «Պիւյիւք Փունար»ի ջուրով դէմքը զովացնելէ եւ կուշտ ու կուռ խմելէ ետք, երբ ուզեց երթալ գիւղի կալատեղին, ճամբուն սկիզբը նշմարեց աւերակներ, որոնցմէ մէկը Գալուստեաններու ապարանքը, իսկ դէմինը ամարանոց տունն էր: Պահ մը կեցաւ աւերուած ապարանքէն մնացած մարմարեայ երկու սանդուխին առջեւ ու ըսաւ. «Ա՛յս էր մեր տունը ու դէմն ալ ամարանոց տունը»: Ճիշդ այդ պահուն ոչխարներու հօտ մը շրջապատեց Շնորհք պատրիարքը: Շատ հաճելի տեսարան էր: Ուզեցինք անմահացնել այս պահը: Յետոյ քիչ մը յառաջացանք ու հասանք կալատեղին: Շնորհք պատրիարք կէտի մը վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Հոս էր, որ չուզեցի մօրմէս ու քրոջմէս բաժնուիլ ու «կէթմէմ» «կէթմէմ» ըսի, բայց ամերիկացի պաշտօնեան զիս գրկեց ու կառքին մէջ դրաւ: Այսպէս է, որ բաժնուեցայ գիւղէս եւ մօրմէս»: Մայրս «եղբօրդ` Արմէնին քով պիտի երթաս», ըսաւ: «Եթէ գիւղը մնայի, մօրս եւ քրոջս քով, անպայման հովիւ մը կը դառնայի»:
Շնորհք պատրիարք յետոյ ուզեց գիւղին գերեզմանատունը երթալ, որ մօտն էր կալատեղիին: Այնտեղ թաղուած էին գիւղի բոլոր ննջեցեալներուն հետ նաեւ Գալուստեան գերդաստանի բոլոր մեծերը, մեծ մայրիկը, մեծ հօրեղբայրները: Իսկ մեծ հայրիկը եկեղեցին թաղուած էր: Այնտեղ թաղուած էր նաեւ վաղամեռիկ երէց քոյրը` Անուշիկը: Շնորհք պատրիարք ըսաւ. «Հայրս, հօրեղբայրներս եւ իրենց սերունդը չկրցան այստեղ թաղուիլ»…: Ոչ մէկ շիրմաքար մնացած էր գերեզմանատան մէջ: Մեզի ընկերակցող գիւղացիները ըսին, որ գաղթականները վերցուցին այդ շիրմաքարերը` զանոնք իրենց տուներու շինութեան գործածելու համար:
Յանկարծ գիւղացի մը մօտեցաւ պատրիարք հօր եւ հարց տուաւ. «Դուն Արշակը չե՞ս»: Պատրիարք հայրը անխօս` գլուխը շարժեց «այո»-ի իմաստով, ու ինք ալ իր կարգին հարց տուաւ դիմացինին. «Դուն Սայիտը չե՞ս»: Տարեկից երկու ընկերներ էին անոնք, որոնք 67 տարի վերջ հանդիպում կ՛ունենային ու զիրար կը ճանչնային: Զարմանալին այն էր, որ Շնորհք պատրիարք ինչպէ՞ս յիշած էր իր ընկերոջ անունը ու չէր մոռցած այսքան տարի վերջ: Յետոյ Սայիտը մատնանշում մը ըրաւ: Ան, պատրիարք հօր ցոյց տալով կին մը ու երեխայ մը, հարց տուաւ, թէ ճանչցա՞ծ էր իր դիմաց կանգնած այդ կինը, որ հազիւ 35-40 տարեկան էր: Շնորհք սրբազան անկարելի էր, որ կարենար ճանչնալ ներկայացուած այդ կինը: Ինք իրենց գիւղէն բաժնուած էր 67 տարի առաջ: Գիւղացին դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհիկին աղջիկն ու թոռն են»:
Շնորհք պատրիարք հոգեկան ահաւոր վրդովանքի մէջ, առանց բառ մը խօսելու, միայն նայեցաւ այդ կնոջ ու զաւկին: Յետոյ դարձաւ ինծի ու ըսաւ. «Երթանք»:
Պատրիարք հօր ներաշխարհը տակն ու վրայ եղած էր: Ան մեծ դժուարութեամ? այցելեց իր հօր եւ հօրեղբայրներուն կողմէ կառուցուած գիւղին երբեմնի Պարթեւեան վարժարանը, որ այսօր նոյն նպատակին կը ծառայէր գիւղի բնակիչ 60 աշակերտներուն: Սրբազան հայրը 77 տարի վերջ նստաւ գրասեղաններէն մէկուն առջեւ ու ըսաւ. «քանի որ չկարողացայ նստիլ 7 տարեկանիս»…
Շնորհք պատրիարք այս վարժարանը այցելելէ ետք չուզեց այլեւս հոն մնալ, ու մենք ճամբայ ելանք դէպի Պօղազլեան, ուր հայ ընտանիքներ պիտի պատուէին Շնորհք պատրիարքը: Հազիւ թէ գիւղի սահմանէն բաժնուած էինք, յանկարծ Շնորհք պատրիարք ուզեց, որ ինքնաշարժը կանգ առնէ: Ան ըսաւ. «Հոս էր որ գիւղի հայերը, մասնաւորաբար այրերը հաւաքաբար սպաննեցին, մենք վերջը հօրս եւ հօրեղբայրներուս հագուստները ուրիշներու վրայ տեսանք: Եթէ որեւէ տեղ ցեղասպանութիւն չէ կատարուած, ես կրնամ վկայել, որ մեր գիւղին մէջ ցեղասպանութիւն կատարուած է: Մայրս կը պատմէր, որ մեր գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայերէ կը բաղկանար: Ողբերգական օրեր էին: Օր մը զինեալ պաշտօնեաներ եկան գիւղ, բոլոր հայ այրերը հաւաքեցին եւ անոնց ձեռքերը իրարու կապելով` առին ու տարին: Լաց ու կոծ տարածուեցաւ ամբողջ գիւղին մէջ: Յետոյ պաշտօնեաներէն ոմանք գիւղ եկան ու ըսին. «Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր ամուսինները կամ հայրերը ազատ արձակուին, պէտք է յանձնէք ձեր հարստութիւնը, դրամները, ոսկիները»: Գիւղացիք խուճապի մատնուած էին: Ամէն կին ինչ որ ունէր` ոսկի, դրամ, զարդեղէն, բոլորը բերին գիւղին հրապարակը ու յանձնեցին պաշտօնեաներուն: Յետոյ սպասեցին իրենց հարազատներու վերադարձին, բայց ափսոս… Օրեր վերջ յայտնի դարձաւ իրականութիւնը. գիւղի բոլոր այրերը սպաննուած էին անխնայ, գիւղի սահմանին մօտ, այս ձորին մէջ»: Շնորհք պատրիարքի բերնէն այս արտայայտութիւնները առաջին անգամ կը լսէի ու արդէն մէկ կողմէ կ՛արձանագրէի արձանագրիչ գործիքիս վրայ: Պօղազլեանի մուտքին պատուանդանի մը վրայ տեսանք կիսանդրի մը, որ կը պատկանէր Պօղազլեանի հայերու ջարդարար մութասարրըֆ Քեմալի, որ Օսմանեան զինուորական դատարանին կողմէ մահուան դատապարտուած ու 10 ապրիլ 1919-ին վճիռը գործադրուած էր: Բայց ափսոս, որ այդ ջարդարարը ի պատուի էր, որպէս «ազգային նահատակ»:
Ահաւասիկ` կեանքի պատմութիւն մը, որ մեր ժողովուրդին սահմանուած ողբերգական ճակատագրի կնիքը կը կրէ:
Երկիւղածութեամբ կը խոնարհիմ մեր անմահանուն հոգեւոր պետին` Շնորհք պատրիարքի լուսաճաճանչ յիշատակին առջեւ: