Անուշ Նագգաշեան
Եւ խոստումիս համաձայն պիտի ներկայացնեմ Վահան Թէքէեանի այցելութիւնը մեծ հօրս տուն, որուն կ՚ընկերանար նաեւ հայրս՝ Վահան Թէքէեանի աշակերտը՝ Հրանդ Նագգաշեան։ Մինչեւ այցելութիւնը մեծ հօրս տունը, բնականաբար Թէքէեան այցելած էր նաեւ Եաֆայի Սուրբ Գլխադիր միակ հայկական վարժարանը եւ հետաքրքրուած հօրս աշակերտներով (հայրս Մելգոնեանի Վարժապետանոցը աւարտելէ ետք կ՚անցնի Լիբանան, եւ քանի մը տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք կը փոխադրուի Եաֆա, ուր ընտանիքը հաստատուած էր իրմէ առաջ, եւ այնտեղ դարձեալ ուսուցչութիւն կ՚ընէ, առաւել կը բանայ իր լուսանկարչական խանութը՝ Studio Venus)։ Հայրս իր ուսուցչին կը յանձնէ աշակերտներուն շարադրութիւնները, որոնց մէջէն Թէքէեան կ՚առանձնացնէ Արփինէ Սարգիսեանին շարադրութիւնը, ըսելով. «Այս մէկը խոստումնալից աշակերտուհի մըն է, յատուկ ուշադրութեան արժանի»։ Իրիկուան դեռ չհասած զիրենք հիւրընկալող տունը ՝ լուրը արդէն հասած էր, թէ Վահան Թէքէեան շատ հաւնած է Հրանդին աշակերտուհիներէն Արփինէ Սարգիսեանին շարադրութիւնը…
Մայրս իր յուշերու տետրակը ձեռին անհամբեր կը սպասէ բանաստեղծին ժամանումին, որ երեք անտիպ բանաստեղծութիւն կը գրէ իր՝ բանաստեղծին բառերով «հրեշտականման աղջնակին» տետրակին մէջ, որուն տխուր աչքերը չեն վրիպիր բանաստեղծին ուշադրութենէն։ Մայրս հազիւ տարի մըն էր, որ կորսցուցած էր 32ամեայ մօրը եւ այդ կորուստը խլած էր ժպիտը իր գեղեցիկ դէմքէն։
Նոյնպէս Յակոբ Օշական երբ կը հետաքրքրուի իր աշակերտին՝ Հրանդ Նագգաշեանի աշակերտներուն շարադրութիւններով, մօրս շարադրութեան տակ կը գրէ. «Այս աղջիկին հոգ տար»։
Հայրս հաւատարիմ մնաց իր երկու ուսուցիչներուն եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին ՛՛հոգ տարաւ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանի դարձուց՛՛ մօրս, ատկէ տասնամեակէ մը աւելի ետք ամուսնանալով իր հրեշտականման աշակերտուհիին հետ։
Աւելի մանրամասն պիտի պատմեմ այս բոլորին մասին շուտով «Ծանօթանանք Հայ Երուսաղէմին» հաղորդաշարիս մէջ։ Անդրադառնալով այն անտիպներուն նաեւ, որ Թէքէեան գրեց մօրս յուշատետրին մէջ։
Այս նկարին մէջ մայրս 13 տարեկան է… Այն տարին երբ հանդիպած էր Բանաստեղծութեան Իշխանին։ Նկարը նկարած է հօրեղբայրս՝ Սուքիաս Նագգաշեանը։