ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Պոսթըն, 1979, յունիսի վերջ:
Ուսանողական տարիներուս Պոսթընի մէջ հանդիպած էի մեր ընկերուհիներէն մէկուն` Մարալի հօրը, որ մասնագիտութեամբ հոգեբան էր (Ph.D), եւ որուն բնակարանը ամիսէ մը աւելի մնալու պատեհութիւնը ունեցանք: Ան եղած էր որբանոցային դասընկերը Այնճարի Յառաջ վարժարանի իմ մարմնակրթութեան ուսուցիչիս` Անդրանիկ Քենտիրճեանին (Ընկըլըզմանին): Այս հանգամանքը պատճառ մը աւելի եղաւ, որ ընտանեօք մեզ (զիս եւ ընկերս` Մարտիկ Պոյաճեանը) ընդունին հարազատի նման… ջերմօրէն: Սակայն առաջին օրէն իսկ սկսանք զրուցել, աւելի ճիշդը` «վիճիլ» ազգային, մարդկային, ու յատկապէս կրօնական հարցերու շուրջ: Օրեր ետք իբրեւ եզրակացութիւն` ան ըսաւ.
– Կատարելապաշտութիւնը (perfectionism) հոգկան լուրջ հիւանդութիւն է, դուն «կատարելապաշտ» մըն ես եւ պէտք է որ բուժուիս…
Նման յայտարարութիւն մը հասցէիս ոչ միայն ցանկալի չէր, այլ նաեւ նոյնիսկ… վիրաւորական: Նման կարծիք մը իրմէ չէի սպասեր, մանաւանդ որ հաւատացեալ, հեզ ու վեհանձն անձնաւորութիւն մըն էր: Անշո՛ւշտ ես մերժեցի զիս «բուժելու» իր առաջարկ-թելադրանքը ու փորձեցի ապացուցել, որ ինք աւելի պէտք ունի «բուժուելու», քան` ես, որովհետեւ ամէն մարդ հոգեկան հիւանդ էր իրեն համար: Նոյնի՛սկ իր երեխաներուն (հինգ աղջիկ եւ երկու տղայ ունէր) մէջ կը փորձէր հոգեկան հիւանդութիւն գտնել ու… ի հարկին նաեւ` բուժել:
Իրականութեան մէջ ես իսկապէս «կատարելապաշտ» էի ու թէեւ մինչեւ հիմա տեսականօրէն նոյնն եմ, սակայն գործնապէս փոխուած եմ: Փոխուած եմ, որովհետեւ կեանքի կենսափորձը զիս «դաստիարակեց» ու սկսայ նախ ինքնութիւնս հաշտեցնել ու ներդաշնակել ԵՍ-իս հետ, եւ ապա` ըստ այնմ կեցուածք ճշդել ու ի հարկին… լռել: Նախ հասկցայ, որ «Մեծն Ճշմարտութիւնը», ի հեճուկս բոլոր տեսակի մարդասիրական գեղեցիկ գաղափարախօսութիւններուն ու աստուածահաճոյ վարդապետութիւններուն, իր «անտառային» դաժան ու անգիր օրէնքներով հանդերձ, յարաբերական բնոյթ ունի, ու զայն շրջանցելը այնքան ալ դիւրին չէ, չըսելու համար` գրեթէ անհնարին է, մանաւանդ` մեր ներկայ այլասերուած ժամանակներու ու այլանդակուած կեանքի յորձանուտին մէջ: Ու հասկցայ նաեւ, որ նման խնդրայարոյց հարցերը բարձրաձայնելը միշտ չէ, որ արդիւնաւէտ է, չըսելու համար, որ երբեմն նոյնի՛սկ վնասաբեր է ու… անիմաստ:
Սիրելի՛ Վահան,
Այո՛, կեանքը զիս դաստիարակեց, իսկ դուն մնացիր նոյն ծայրայեղ «կատարելապաշտ»-ը մինչեւ կեանքիդ վերջը… Եւ որքան որ շուտ խանդավառուեցար ազգային ու համամարդկային յաջողութիւններով ու նուաճումներով, նոյն ուժգնութեամբ ալ արագօրէն հիասթափուեցար, ու թէեւ ազգային ու մարդկային բազում «սրբութիւններէ» յուսախաբ եղար, բայց առանց յուսահատելու` մնացիր յաւիտենական ընդդիմադիր ու պայքարեցար (բանիւ եւ գործով) հայրենի բոլոր իշխանութիւններու գործած սխալներուն դէմ: Այս մէկը ոչ միայն կայծակնամաքուր Իրաւութիւն, այլ նաեւ գիտակցական Խիզախութիւն կ՛ենթադրէ…
Երեւան, 1980, փետրուար:
Հաւաքուած էինք Նարինէ Թուխիկեանի (Աննա Պետրոսեանի եւ Լեւոն Թուխիկեանի դստեր) ծնունդին առիթով, իրենց բնակարանը: Այս անգամ մեր հաւաքը ընկերային բնոյթ ունէր եւ ոչ թէ` «խորհրդակցական»:
Ի դէպ, ճիշդ հասկցուելու համար պէտք է տեղեկացնեմ, որ ինչպէս Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ կամ Ռաֆայէլ Իշխանեանի բնակարանները, այնպէս ալ Աննա Պետրոսեանի մօտ ազգային կրթական եւ առհասարակ քաղաքական ու մշակութային հարցերու շուրջ «խորհրդակցական» հանդիպումներ կ՛ունենայինք, ուր Նարինէի եւ իր քրոջ` Արմինէի կողքին, ներկայ կ՛ըլլային նաեւ Ռազմիկի տղան` Մհերն ու Իշխանեանի փոքր ուստրը` Վահանը, որոնք տարեկից ու «գաղափարակից» պատանի ընկերներ էին: Անոնք ոչ միայն առիթ ունէին շփուելու «մեզի» հետ, այլեւ երբեմն կը սիրէին առանձնանալ հետս ու հարցումներ կ՛ուղղէին ինծի, յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան բնոյթին, ինչպէս նաեւ անցեալի ու ներկայի մասին:
Այդ օր Նարինէն իր սենեակը հրաւիրեց զիս ու տեղեկացուց, որ իրենք որոշած են «ռուսական դպրոց մը հրդեհել, սակայն գործելակերպի մասին վէճ ունին»: Երբ հարց տուի, թէ «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս», ան պատասխանեց.
– Դուք յաճախ խօսում էք ու պայքարում ռուսական դպրոցներ փակելու եւ դրա փոխարէն հայկական դպրոցներ բանալու մասին… նոյնիսկ` Արցախում: Մենք որոշել ենք «Պուշկինի» անուան ռուսական դպրոցը հրկիզել, սակայն ես պայման եմ դնում, որ կա՛մ աշակերտները դուրս հանենք, եւ կա՛մ ալ գիշերով գործենք…
– Լա՛ւ, յետո՞յ:
– Մհերը դժուարութեամբ համաձայնուեց, սակայն Վահանը ասում է, որ «քոքթէյլ մոլոթով»-ը հարկաւոր է նետել աշակերտների ներկայութեան, բայց` նրանցից հեռու, առանց վնասելու ոեւէ մէկին: Միայն վախեցնելու համար նրանց, որպէսզի միւսների համար էլ դաս լինի…
– Ի՞նչ, «քոքթէյլ մոլոթո՞վ», էդ ո՞րտեղից գիտես:
– Պօղոսն է սովորացրել…
– Ինչպէ՞ս թէ Պօղոսն է սովորացրել: Դա ի՞նչ է նշանակում:
– Այո՛, մենք հարցրել ենք, ինքն էլ բացատրել է մեզ, թէ ո՛նց են պատրաստում «քոքթէյլ մոլոթով»-ը:
– Նարինէ ջան, «Աղուոր աղջիկ», մեր նպատակը ո՛չ ռուսական դպրոցները ոչնչացնել է եւ ո՛չ ալ հայ աշակերտին ստիպել հայկական դպրոց յաճախել: Ընդհակառա՛կը, մենք պայքարում ենք, որպէսզի հայկական դպրոցների ուսուցման ու ռուսերէնի դասաւանդման մակարդակները լինեն այնքան բարձր ու որակեալ, որ հայ աշակերտը ինք կամովին ուզենայ յաճախել հայկական դպրոց ու ռուսականի կարիքը չզգացուի: Այսպիսով, ինքնաբերաբար ռուսական դպրոցների մի մասը կը փակուի ու կը վերածուի հայկականի…
Նարինէն ճիշդ հասկցաւ զիս: Աւելի ուշ խօսեցայ նաեւ Մհերին ու յատկապէս Վահանին հետ ու անոնք եւս հրաժարեցան «քոքթէյլ մոլոթով»-ի ծրագրեն…
Վահա՛ն ջան,
Այսպէս ծայրայեղ էիր դուն եւ մինչեւ վերջն ալ մնացիր ծայրայեղ ու անհաշտ կատարելապաշտ մը, որ չկրցաւ մերուիլ ո՛չ ազգային եւ ո՛չ ալ համամարդկային կեանքին…
Կը յիշես, չէ՞: Այն ատեն դուք` երեքդ, կը հաւատայիք «Ազատութիւն կամ մահ» եւ կամ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսներուն: Սակայն հետագային Նարինէի մայրը` Աննա Պետրոսեանը ձեզի կը սովորեցնէր «Մեռնելու փոխարէն` հարկաւոր է ապրիլ յանուն ազգի», որ թէեւ շատ աւելի դժուար է, սակայն շատ աւելի արդիւնաւէտ է, քան` «ազգի համար մեռնիլը»: Իսկ ես կը բացատրէի, որ պէտք է ըլլայ «Միայն ՈՒԺով կայ հայոց փրկութիւն», որովհետեւ մշակոյթը իր հերթին ինքնին պայքարի զէնք է ու երբեմն շատ աւելի ազդու ու շինիչ, քան` աւերիչ իսկական զէնքերը… այնպէս` ինչպէս կը հաւատային ու կը «կռուէին» նաեւ արուեստագէտներ Փապլօ Փիքասոն ու Խորէն Տէր Յարութեանը:
Այո՛, իմ գաղափարակից ընկեր, անհաւատալի է, սակայն փաստօրէն դուն չկաս արդէն, չկայ նաեւ Մհերը, սակայն այս չի նշանակեր, որ հայը հայացնելու, մարդը մարդկայնացնելու, աւելի ճիշդը` հայը մարդկայնացնելու պայքարը աւարտած ու կասեցուած է արդէն: Ո՛չ, բնա՛ւ երբեք: Կայ Նարինէն ու բազում Նարինէներ, Մհերներ ու Վահաններ, որոնք կը շարունակեն Հայկ նահապետով սկսած ազգային առաքելութիւնը, աւելի խելամիտ ու հաւասարակշռուած կերպով, առանց… ծայրայեղ կատարելապաշտութեան…