Երեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2021-ին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ֆետերասիոնին տարեկան անդամական ժողովը, ուր ընթացաւարտ ֆետերասիոնը ներկայացուց իր գործունէուեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր ֆետերասիոնի կազմին ընտրութիւնը: ՀԵԸ-ի ֆութպոլի վարչութեան ատենապետ՝ Վահէ Հաքիմեան վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն ՀԵԸ-ականներու անունով կը շնորհաւորենք Վահէ Հաքիմեանը, ընտրութեան առիթով: