ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Ռուսիոյ սպայակոյտի շտաբի պետ Վալերի Կերասիմով Հինգշաբթի օր քննարկեցին իրադրութիւնը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կացութիւնը հանգուցալուծելու ուղիները:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ կողմերը քննարկեցին նաեւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ իրականացուող առաքելութեան ընթացքը:
Յարութիւնեան եւ Կերասիմով անդրադարձան նաեւ հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան խորացման ուղղուած ծրագիրներուն եւ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու ընթացքին: