2013 թուականը յայտարարուած է աշխարհառչակ յօրինող Արամ Խաչատրեանի տարի: Մեծանուն յօրինողի ծննդեան 110-ամեակին առիթով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի կ’ունենան երաշտական իրադարձութիւններ: Երեւանի մէջ վաղը՝ 6 Յունիսին պիտի մեկնարկէ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային փառատօնն ու մրցոյթը: Փառատօնին պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ հեղինակաւոր հիւրեր: Մրցոյթին արդիւնքները պիտի յայտարարուին 14 Յունիսին: