Չորեքշաբթի, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հովանաւորութեամբ եւ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Բարեկամներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Լիբանանին տնտեսապէս, քաղաքականապէս օժանդակելու միջոցները: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն գնահատեց Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին Լիբանանի ցուցաբերած դիմադրողականութիւնը: Քի Մուն յայտնեց, թէ այսօրուան խորհրդաժողովը մեծապէս պիտի մեղմացնէ Լիբանանի կրած ծանր բեռը: Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացնէ Լիբանանի տնտեսական, ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու հոսքին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը: Սըլէյման պիտի պահանջէ, որ միջազգային ընտանիքը անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթէ սուրիացի գաղթականներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– Այսօր Լիբանան պիտի ժամանէ քիլտանի համայնքի Լուիս Ռոֆայէլ Սագօ պատրիարքը, մասնակցելու՝ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր խորհրդաժողովին: Պատրիարք Սագօ միաժամանակ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանեան իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Միւս կողմէ, յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ Անթաքիոյ եւ համայն Արեւելքի պատրիարքութիւնը լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը զգուշացնէ, թէ Մաալուլայի սուրբ եկեղեցին կը գտնուի յարձակումի եւ քանդումի վտանգի տակ:
– Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի նոր թղթադրամներ:
– Ելեւմտական հարցերու նախարար Մուհամմէտ Սաֆատի յայտարարեց, թէ Լիբանան չի կրնար միայնակ կրել սուրիացի գաղթականներուն հայթայթուելիք մարդասիրական օժանդակութիւններուն ամբողջական բեռը: Նախարարը միաժամանակ հաւաստեց, թէ թղթոսկիին վիճակը կայուն է:
– Ազէզի մէջ առեւանգուած լիբանանցի ուխտաւորներուն հարազատները փորձեցին մուտք գործել Պէյրութի թրքական մշակութային կեդրոնը, ապահովական ուժեր միջամտեցին:
– Նորանշանակ վարչապետ Թամամ Սալամ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Լեհաստանի եւ Հոլանտայի դեսպանները:
– Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպէլ դիտել տուաւ, թէ հարաւային արուարձաններու ապահովական ծրագիրը կառավարութեան նախաձեռնութեամբ մշակուած էր, առանց Հըզպալլայի հետ գործակցելու : Նախարարը հաւաստեց, թէ Հըզպալլա ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է ապահովական ծրագրին գործադրութեան: