Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի բոլոր ափերուն վրայ ոգեկոչուեցաւ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցը: Մարդկային քաղաքականութեան մէջ ցեղասպանութեան նախատիպը հանդիսացող յանցագործութիւնը առ այսօր կը մնայ անպատիժ:
Անցնող 96 տարիներուն ընթացքին, քսանի շուրջ պետութիւններու խորհրդարաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ զանազան առիթներով, տարբեր մակարդակներու վրայ ճանչցած են Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը£ Ոմանք դատապարտած են իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր, ուրիշներ, զայն շաղկապած են հրէից եւ այլ ժողովուրդներու կոտորածներու հետ£ Ոմանքª տառացիօրէն դատապարտած են, ոմանքª ոչ£ Դատապարտումի բանաձեւերուն եւ յօդուածներուն միջեւ մտքերու, եզրոյթներու շարահիւսութեան մէջ շեշտաւորման տարբերութիւնը ակնյայտ է£ Սակայն, պատիւ այդ ժողովուրդներուն ու կազմակերպութիւններուն, առ այսօր քսան եւ աւելի պետութիւններ տարբեր աստիճաններու£ Ոմանք տարբեր հայեցակարգեր ունենալով հանդերձ դատապարտած են հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը£
Չորս տարի ետք, հայ ժողովուրդը պիտի ոգեկոչէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը£ Անպատիժ ցեղասպանութեան հարիւրամեակը£ 96 տարուան հետեւողական եւ յարատեւ աշխատանք£ Նախորդ սերունդները կատարեցինք հնարաւոր կարելին£ Պաղ պատերազմին հետեւանքով գոյացած համաշխարհային բեւեռացումը նուազ ժխտական ներազդեցութիւն չունեցաւ պահանջատիրական մեր պայքարին վրայ£ Յաճախ խարխափեցանք միջոցին եւ նպատակին միջեւ£ Մեր սահմանափակ կարելիութիւններուն մէջ մոռցանք Արեւմտահայաստանը£ Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձաւ նպատակ£ Անոնց երբեք անտեսելով կամ թերագնահատելու ցարդ կատարուած աշխատանքը, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ մինչեւ օրս մեր յաջողութիւնները յայտնապէս համեստ են, ակնկալուածին հետ համեմատելով£
Չորս տարի ետք պիտի ոգեկոչենք անպատիժ ցեղասպանութեան հարիւրամեակը£ Ի±նչ կը կատարենք այս ուղղութեամբ£ Ինչպէ±ս կը նախապատրաստուինք մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան հարիւրամեակին£ Նախապատրաստութիւն եզրոյթը ամօթանք է պարզապէս£ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը բաւական մեծ փորձառութեան ճամբայ հատած են այս ուղղութեամբ, եթէ հարցը կը վերաբերի ՙկազմակերպչական՚ աշխատանքներուն£ Միայն ոգեկոչման հանդիսութիւններով պիտի սահմանափակուին հարիւրամեակի ոգեկոչումները£ Միայն ՙկազմակերպչական՚ աշխատանքներու մէջ պիտի սպառենք մեր ներուժը£ Հաւանաբար ոչ, բայց ինչպէ±ս£ Այս առիթով լաւ պիտի ըլլար իմանալ թէ ինչպէ±ս կազմուեցաւ Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման համահայկական մարմինը եւ ի±նչ պիտի ըլլայ անոր առաքելութիւնը£ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ոգեկոչման հանդիսութիւններու նախապատրաստութի±ւն£ Տակաւին չիմացանք, թէ ինչպէ±ս կազմուեցաւ համահայկական յանձնախումբը եւ արդեօք միայն թելադրութիւններ պիտի կատարէ ան£ Այսուամենայնիւ անոր ծաւալելիք գործունէութեան լոյսին տակ պիտի տրուի օգտաշատ եւ նպատակայարմար ըլլալու անոր գնահատականը£
Դժբախտաբար, առ այսօր մեր աշխատանքները կը սահմանափակուին համեմատաբար մարդասիրական հարթութիւններու վրայ կամª միջոցառումներով: Յանդգնութիւնը ունի±նք մենք մեզի անգամուան մը համար հարցներու գոհ ենք արդեօք այն աշխատանքէն, զոր կը տանինք ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողային պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ£ Բաւարար չե±ն արդեօք բեմերէն արտասանուած վերացական կարգախօսները:
Ե±րբ պիտի զբաղինք խորհրքային հարցերով£ Պիտի գա±յ այն օրը, ուր իրաւական հիմքերու վրա պիտի դնենք պահանջատիրական պայքարը, ինչո±ւ մինչեւ օրս իրաւական հիմքերու վրայ չենք դներ հողային պահանջատիրութեան հարցը£ Պիտի զգաստանա±նք ի վերջոյ, թէ± ինքնախաբէութեամբ փախուստ տանք մեր պարտաւորութիւններէն£ Մինչեւ ե±րբ վարդագոյն կարգախօսներու մէջ գինովցած մոռացութեան մատնած ենք հողային պահանջատիրութիւնը:
Տարօրինակօրէն, բացի իրաւական մարմիններէ Սփիւռքի մէջ կեանքի կոչած ենք Հայ Դատի հետապնդման զանազան մարմիններ£ Մեր բոլոր աշխատանքը կեդրոնացուցած ենք հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ եւ գիտակցաբար կամ ոչª մոռացութեան մատնած ենք ցեղասպանէն իրաւական գետնի վրայ հատուցում պահանջելու հրամայականը£
Գիտակցուած կամ պատահական այս անտարբերութիւնը աններելի պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանէն տարագրուած սփիւռքահայութեան, որ կը ներկայանայ իբրեւ Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութեան բուն իրաւատէրը£ Մեր պահանջատիրութիւնը չաւարտիր ցեղասպանութեան ճանաչմամբ£ Անհրաժեշտ է սթափիլ կրաւորական այս մահաքունէն եւ կազմակերպուիլ, ուժերու վերադասաւորում կատարել եւ իրաւական հիմքերու վրայ դնել պահանջատիրական պայքարը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com