ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Վանայ լիճի ջուրի մակարդակին նուազման պատճառով հայկական պատմական բերդ մը ի յայտ եկած է։ Հին Արճէշը, որուն մէկ հատուածը այսօր կը կոչուի Չելեպիպաղը, 1841ին Վանայ լիճի ջուրի մակարդակին բարձրացման պատճառով աստիճանաբար ջուրի տակ մնացած էր: Երաշտի պատճառով ջուրի մակարդակը նուազած էր եւ «խորտակուած քաղաքը» մասամբ ջուրին երեսը ելած է, իսկ անոր շինութիւնները զգալիօրէն վնասուած էին 2011ի Վանի երկրաշարժէն:
Նոր երաշտին պատճառով, լիճին մակարդակը 2 մեթրով եւս նուազած է եւ նախապէս ի յայտ եկած էր հայկական պատմական եկեղեցին, իսկ այժմ տեսանելի դարձած են նաեւ Արճէշի բերդին աւերակները:
Թուրք հետազօտող Սելահատտին Քոշար յայտնեց, որ բերդին մէկ մասը պիտի վերականգնի եւ վերածուի զբօսաշրջութեան կեդրոնի:
Նշենք, որ Արճէշի հայկական բերդը կառուցուած է Վանի թագաւորութեան տարիներուն: